Արցախի յուշարձաններու վաւերագրում եւ թուայնացում՝ համազգային նշանակութեան ծրագիր
- (0)

Արցախի մշակութային ժառանգութեան վտանգուած կոթողները վաւերագրելու եւ պահպանելու նպատակով նոր ակադեմական ու մշակութային նախաձեռնութիւն մը կ՛իրականացուի՝ թուայնացման, համակարգուած փաստագրութեան եւ հանրային մատչելիութեան միջոցաւ։
«Հոգեւոր Արցախ» հասարակական կազմակերպութեան յառաջացուցած ծրագիրը, որ կը ներկայացուի Artsakh Cultural Heritage Project կայքէջին վրայ, կը կեդրոնանայ «Արցախի Հանրապետութեան նիւթական մշակութային յուշարձանները» խորագիրով երկհատոր աշխատութեան վրայ։ Հատորները կը ներառեն 5,658 յուշարձաններ՝ Արցախի բոլոր շրջաններու 308 բնակավայրերէն, եւ կը ներկայացնեն մինչ այժմ կատարուած ամենալայնածաւալ փորձերէն մէկը՝ տարածաշրջանի մշակութային ժառանգութիւնը համակարգուած կերպով փաստագրելու ուղղութեամբ։
Աշխատութիւնը հեղինակած են Վահրամ Պալայեանը, Մելանիա Պալայեանը, Լեռնիկ Յովհաննիսեանը եւ Սլավա Սարգսեանը, որոնք տարիներու հետազօտութեան, արխիւային ուսումնասիրութեան եւ փաստագրական աշխատանքի արդիւնքը ի մի բերած են։
Նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը հազարամեայ մշակութային ներկայութեան պահպանումն է՝ մանրամասն լուսանկարներու, պատմական ամփոփ նկարագրութիւններու եւ կառուցուածքային տուեալներու միջոցով։ Այսպիսով կը ձեւաւորուի մշտական եւ մատչելի արխիւ մը, որ անոնք շարունակեն մնալ գիտական եւ պատմական յիշողութեան մէջ։
Ծրագիրը ամբողջութեամբ հովանաւորուած է Վահէ Ֆաթթալ հիմնադրամին կողմէ։ Հիմնադրամը կը մեծարէ յիշատակը արուեստագէտ եւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշի հեղինակ՝ Վահէ Ֆաթթալի։ Ֆաթթալի ժառանգութիւնը, որ արժանացած է Արցախի նախագահի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանին, կը շարունակուի հիմնադրամին առաքելութեամբ՝ որուն նապատակն է հասարակական կեանքը հարստացնել տեսողական եւ բեմական արուեստներու, ինչպէս նաեւ մշակութային նախաձեռնութիւններու միջոցով։
Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղուած աւելի լայն ջանքերու։ 2020-ի պատերազմէն եւ 2023-ի ատրպէյճանական յարձակումէն ետք, հարիւրաւոր հայկական յուշարձաններ գտնուած են ոչնչացման, ձեւափոխման կամ իւրացման վտանգի տակ։ Մասնագէտներ կը զգուշացնեն, որ խնդիրը միայն ֆիզիքական վնասը չէ, այլ նաեւ համակարգուած ջանքերը՝ պատմական ժառանգութիւնը վերաձեւակերպելու եւ խեղաթիւրելու։
Զուգահեռաբար, այլ ակադեմական նախաձեռնութիւններ, ներառեալ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի կողմէ առաջնորդուած ծրագիրներ, կը կազմեն յուշարձաններու, թանգարաններու եւ արխիւային նիւթերու լայնածաւալ տուեալներու շտեմարաններ՝ միջազգային հետազօտութեան եւ պահպանութեան աշխատանքներուն աջակցելու համար։
Աւելի լայն իմաստով, Արցախի մշակութային ժառանգութեան այս ծրագիրը կը շեշտէ մշակոյթի եւ ինքնութեան անքակտելի կապը։ Յուշարձաններու համակարգուած փաստագրութիւնը եւ թուայնացումը կը ծառայեն որպէս հակակշիռ պատմական խեղաթիւրման փորձերուն՝ ապահովելով, որ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պահպանուի եւ փոխանցուի ապագայ սերունդներուն։
Ծրագիրը հասանելի է առցանց։