Արցախի մէջ հիմնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 111-րդ մասնաճիւղը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկրորդ հարիւրամեակի ծրագիրներուն առաջնահերթութիւնը Արցախի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ հիմնելու անհրաժեշտութիւնն էր։

Արցախի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ ունենալու գաղափարը տարիներու փափաք էր, սակայն զանազան պատճառներով աշխատանքի սկիզբը յետաձգուած էր։ Միութեան 100ամեակի ձեռնարկներու ամբողջացումէն ետք, Կեդրոնական Վարչութեան աշխատանքները կեդրոնացան Արցախի մէջ մասնաճիւղի հիմնադրութեան վրայ։ Խորհրդակցութիւններէ ետք, տեսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի հիմնադրութեան նպատակն ու հեռանկարները։ Նախագահ Բակօ Սահակեան իր դրական համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը փոխանցեց այս ուղղութեամբ։

Առ այդ, յաջորդող ամիսներու նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, 2 Յուլիս 2019ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանին Արցախ մեկնեցան, ուր գումարուեցաւ Անդրանիկ Անդամական Ժողով ու ընտրուեցաւ վարչութիւն բաղկացած հետեւեալ եղբայրներէն՝ Սեւակ Պօղոսեան, Դաւիթ Գրիգորեան, Արտակ Իշխանեան, Վրէժ Էսմէրեան եւ Վահրամ Յովսէփեան։

Զուգահեռաբար, Կեդրոնական Վարչութիւնը երկամսեայ ժամանակաշրջանով Արցախ գործուղեց խմբապետ մը, որ անհրաժեշտ գիտելիքները պիտի փոխանցէ նորակազմ խմբապետական կազմին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի Շրջանի հիմնադրութիւնը պաշտօնապէս պիտի կատարուի Օգոստոս 2019ին, պետական ու ժողովրդային ներկայութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.