Արցախի Մէջ Կաւագործութեան Երրորդ Միջազգային Կոչունքը Պիտի Իրականացուի

Յունիս 20-Յուլիս 6 երկարող ժամանակահատուածին՝ Արցախի մէջ երրորդ անգամ պիտի իրականացուի «Բրուտարդ» կաւագործութեան միջազգային կոչունքը (symposium), որ կը կազմակերպուի «Նարեկացի» արուեստի միութեան Շուշիի մասնաճիւղի եւ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ:

Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ «Նարեկացի» արուեստի միութեան համակարգող Անի Կապլանեան յայտնած է, թէ կոչունքին մասնակցելու համար յայտերը արդէն իսկ կ՝ընդունուին:

Մասնագիտացած յանձնաժողովը մասնակցութեան յայտ ներկայացնողներէն պիտի ընտրէ ընդամէնը 10 արուեստագէտ։

«Աշխատանքները, որոնք պիտի ստեղծուին կաւագործութեան միջազգային կոչունքի ծիրէն ներս, մասնակիցներուն պիտի տան արտայայտուելու աւելի լայն հնարաւորութիւններ՝ յատկապէս քանդակագործութեան ոլորտէն ներս։ Աշխատանքները կեանքի կոչելու համար պիտի տրամադրուին համապատասխան նիւթեր՝ կաւէ զանգուածներ՝ տարբեր արհեստագիտական ոլորտներու եւ բարձր ջերմաստիճանի համար, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային եւ փայտէ ջեռոցներ` կաւը թրծելու համար։ Ընտրուած աշխատանքները երկարաժամկէտ պիտի ցուցադրուին Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին եւ Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ»,- մանրամասնած է Ա. Կապլանեան:

Ան նաեւ նշած է, որ Երեւանէն մինչեւ Շուշի փոխադրամիջոցի, կեցութեան եւ սնունդի ծախսերը պիտի հոգան կազմակերպիչները։ Մասնակցութեան յայտին մէջ  պէտք է ներկայացնել կաւէ աշխատանքներու 10-15 բարձր որակի լուսանկար, ինքնակենսագրական (CV), փառատօններու, մրցոյթներու կամ ուսուցողական դասընթացներու մասնակցութեան մասին հաւաստագրեր։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.