ԱՐՑԱԽԻ ՀՅԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ Կ՝ԱՅՑԵԼԵՆ ՍՈՒՐԻԱ

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 22 Նոյեմբեր 2021_ին, Սուրիա ժամանեցին Արցախի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամներ՝ Վահագն Խաչատրեան (Մարտունի) եւ Բենօ Բաբայեան (Ստեփանակերտ)։

Ընկերները Սուրիոյ մէջ պիտի ծանօթանան տեղւոյն երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն, մասնակցին վարժողական համապատասխան ծրագիրներու եւ նպաստեն փորձառութիւններու փոխանակման կարեւոր գործին։

Այս ծրագիրը կ՝իրականանայ հիմնակէտ ունենալով ՀՅԴ Բ.-ի Երիտասարդական Գրասենեակի առաջնային նպատակը՝ Արցախ-Սփիւռք յարաբերութիւններու սերտացման ու հզօրացման վերաբերեալ, ե՛ւ համահայկական, ե՛ւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու մակարդակով։

Արցախի ընկերները ցարդ այցելեցին Հալէպի հայկական եկեղեցիները, նաեւ «Գանձասար»ի խմբագրատուն, ծանօթացան խմբագրակազմին եւ անոր աշխատանքներուն, զրուցեցին խմբագիրին հետ եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արցախի ներկայ իրավիճակին շուրջ:

Յառաջիկայ օրերուն ընկերները պիտի այցելեն Սուրիոյ ազգային վարժարաններ, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկ, Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներ, ազգային ու մշակութային կառոյցներ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.