«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի խորհրդական Վլադիմիր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Արցախը լուծարելու մասին հրամանագիր այլեւս գոյութիւն չունի՝ ընդգծելով, որ անոր համար հիմք կը հանդիսանայ նախագահին 19 Հոկտեմբերի հրամանագիրը, ըստ որուն, Արցախի նախագահը, պետական նախարարը, կառավարութեան անդամները, խորհրդարանը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, իրաւապահ մարմինները, Ստեփանափակերտի քաղաքապետը եւ վարչական շրջաններու ղեկավարները կը շարունակեն պաշտօնավարել` հասարակական հիմքերով, այսինքն` առանց վարձատրութեան:
Շահրամանեանի այդ հրամանագիրին մէջ նաեւ կը նշուի, որ 1 Հոկտեմբեր 2023էն ետք, Արցախի Հանրապետութեան անունով տրուող փաստաթուղթերը վաւերական են:
«Արդէն իսկ այդ հրամանագրով մենք կարող ենք համարել, որ պարոն Շահրամանեանը չեղարկել է իր Սեպտեմբերի 28ին ստորագրած հրամանագիրը: Այսինքն` Արցախի Հանրապետութիւնը, կառավարութիւնը եւ մնացած բոլոր մարմինները 2024ից յետոյ շարունակելու են իրենց գործունէութիւնը», ըսաւ Գրիգորեան։
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, որ արդեօք այս կը նշանակէ, թէ Արցախը լուծարելու վերաբերող 28 Սեպտեմբերի նախագահական հրամանագիրը չեղարկելու վերաբերեալ նոր հրամանագիր պիտի չստորագրէ՞ Սամուէլ Շահրամանեանը՝ Գրիգորեան ըսաւ. «Ո՛չ, սպասելու կարիք չկայ: Քանի որ Արցախը լուծարելու որոշումը եղել է ոչ իրաւաչափ եւ դրանից յետոյ ընդունուել է Հոկտեմբերի 19ի հրամանագիրը, եւ նաեւ ընդունուել են մի շարք իրաւական նորմատիւ (չափանշային) ակտեր (որոշումներ), դա ենթադրում է, որ Արցախի Հանրապետութիւնը 2024ից յետոյ լինելու է»:
«Ազատութեան» լրագրողը հարցուց, որ այս բոլորին ետին իրաւական հարցեր պիտի չըլլա՞ն, եւ արդեօք այս հարցը քննարկա՞ծ են իրաւաբաններու հետ: Գրիգորեան հաստատեց, որ այդ բոլորը քննարկուած են, եւ կարելի է համարել, որ այլեւս 28 Սեպտեմբերի հրամանագիրը գոյութիւն չունի:
Գրիգորեան հաստատեց, որ Արցախը լուծարելու հրամանագիրէն ետք ան ստորագրեց այլ հրամանագիր մը, որմով այդ պահուն Ստեփանակերտ բնակող, նախապէս պաշտօններ վարած Սարգիս Գալստեանը նշանակեց իր աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ: Յստակ չէ, թէ վերջինը ի՛նչ գործառոյթ պիտի իրականացնէ այս պայմաններուն մէջ։
«Ի հարկէ, դա հրամանագիր եղել է ստորագրուած, որով նա նշանակուել է, բայց թէ ինչ ֆունկցիաներով (պաշտօններով), ինչ նպատակներով, նման տեղեկութեան չեմ տիրապետում», դիտել տուաւ Գրիգորեան:
Գրիգորեան նաեւ ըսաւ, որ ոեւէ անձ ի՛նք կ՛որոշէ մնալ եւ համակրուիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, կամ՝ դուրս գալ Արցախէն: «Արցախի ժողովուրդը չի ընդունել Բաքուի ինտեգրուելու (համարկու) պայմանը, քանի որ 32 տարի առաջ իր ընտրութիւնը կատարել է` ապրել ազատ եւ անկախ Արցախում», շեշտեց ան՝ աւելցնելով, որ ներկայ դրութեամբ Արցախի մէջ մնացած են 20-30 անձեր, որոնց կարգին՝ Սարգիս Գալստեան:
22 Դեկտեմբերին, նախագահ Շահրամանեան հանդիպում ունեցաւ այն պետական մարմիններու ղեկավարներուն հետ, որոնք կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական հիմքերով։ Այս մասին յայտնեցին Արցախի տեղեկատուական շտապէն: Քննարկուեցան բռնի տեղահանումէն ետք արցախցիներու հիմնահարցերը եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ առաջարկներ ներկայացուեցան։
Ներկայացնելով կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները` նախագահ Շահրամանեան ընդգծեց 2024ին զանոնք շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, Ստեփանակերտի քաղաքապետին եւ շրջաններու վարչակազմերու ղեկավարներուն յանձնարարել շարունակել գոյքագրել բռնի տեղահանուած քաղաքացիներուն հարցերը եւ պարբերաբար ներկայացնել կառավարութեան:
Անդրադառնալով վերջին շրջանին լայն քննարկում ստացած նախագահին` 26 Սեպտեմբերի հրամանագիրին` Շահրամանեան հաստատեց, որ Արցախի Հանրապետութեան իրաւական դաշտին մէջ գոյութիւն չունի փաստաթուղթ, որմով կը նախատեսուի լուծարել պետական հիմնարկները:
Comments are closed.