Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները

Մայիս 3ին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեանը ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը եւ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը:

Զրուցակիցները քննարկած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի լիակատար շրջափակման պատճառով ստեղծուած բարդ իրավիճակը, զայն յաղթահարելու համար անհրաժեշտ քայլերը, հետագայ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները:

Comments are closed.