Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Հանդիպած Է Արցախի Հանրապետութեան Հանրային Խորհուրդի Անդամներուն Հետ

24 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան Հանրային խորհուրդի անդամները` խորհուրդի նախագահ Արմէն Գէորգեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունց:

Ողջունելով հիւրերը` խորհրդարանի ղեկավարը Հանրային խորհուրդի անդամներուն ներկայացուցած է պաշտօնավարման սկիզբէն ի վեր իր գործունէութիւնը:

Դաւիթ Իշխանեան նշած է, որ աշխատանքներ կը կատարուին խորհրդարանական բարեկամական խումբերու ու շրջանակներու հետ աշխուժացման եւ օրէնսդիր մարմինի վարկանիշի բարձրացման ուղղութեամբ:

Անդրադառնալով Հանրային խորհուրդի գործունէութեան` խորհուրդի նախագահը իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է խորհրդարան- հասարակութիւն կապի ամրապնդումը: Արմէն Գէորգեան ընդգծած է, որ խորհուրդը ապաքաղաքական եւ կառուցողական գործունէութիւն կը ծաւալէ, սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի եւ արտասահմանի գործընկերներուն հետ: Խորհուրդի անդամները խօսած են նաեւ կատարուած եւ կատարուող հանրային աշխատանքներու մասին:

Երկուստեք կարեւոր նկատուած է ու արժեւորուած օրէնսդիր մարմինի եւ Հանրային խորհուրդի փոխադարձ գործակցութիւնը: Այդ ուղղութեամբ կ՛ակնկալուի միացեալ քննարկումներու արդիւնաւէտ դաշտի ձեւաւորումը:

Comments are closed.