Արցախի իշխանութիւնները քաղաքական խորհրդակցութիւններ սկսած են Հայաստանի քաղաքական ուժերուն հետ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի իշխանութիւնները քաղաքական խորհրդակցութիւններ սկսած են Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերուն հետ՝ Արցախի իշխանութիւններու հետագայ գործունէութեան, պետական հաստատութիւններու պահպանման եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն շուրջ։
Այս մասին յայտնած է Արցախի պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեան՝ նշելով, որ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած նոր քաղաքական իրողութիւնը պէտք է իր արտացոլումը գտնէ նաեւ Արցախի հարցին նկատմամբ քաղաքական մօտեցումներուն մէջ։
Իսկանդարեանի համաձայն՝ խորհրդակցութիւններուն նպատակն է յստակացնել, թէ Հայաստանի քաղաքական ուժերը ինչպէ՛ս կը պատկերացնեն Արցախի իշխանութիւններուն հետ հետագայ համագործակցութիւնը, ի՛նչ դիրքորոշում ունին Արցախի պետական հաստատութիւններու պահպանման եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն նկատմամբ, եւ ի՛նչ գործնական քայլերու պատրաստ են այս ուղղութեամբ։
Ան ընդգծած է, որ Արցախի իշխանութիւններու գործունէութեան շարունակութեան կամ դադրեցման հարցը այլեւս չի կրնար մնալ ենթադրութիւններու, առանձին յայտարարութիւններու կամ քաղաքական լռութեան մակարդակին վրայ։
«Եթէ որեւէ քաղաքական ուժ կը կարծէ, որ Արցախի իշխանութիւններու գործունէութիւնը պէտք է դադրեցուի, այդ դիրքորոշումը եւս պէտք է յստակ եւ հրապարակային ձեւակերպուի՝ քաղաքական պատասխանատուութեամբ», գրած է Իսկանդարեան։
Իսկ եթէ քաղաքական ուժերը կարեւոր կը նկատեն Արցախի պետական եւ քաղաքական հաստատութիւններու շարունակականութիւնը, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ Արցախի հարցին պահպանումը Հայաստանի քաղաքական օրակարգին վրայ, ըստ անոր, անհրաժեշտ է յստակացնել նաեւ համագործակցութեան հնարաւոր ձեւերն ու նախատեսուող գործնական քայլերը։
Արցախի պետական նախարարը շեշտած է, որ իշխանութիւնները պատրաստ են բաց քաղաքական երկխօսութեան եւ չեն ձգտիր կանխորոշելու որեւէ քաղաքական ուժի դիրքորոշումը։
«Կ՛ուզենք լսել բոլոր կողմերը եւ ստեղծուած նոր պայմաններուն մէջ ձեւաւորել յստակ, հասկանալի եւ պատասխանատու համագործակցութեան շրջանակ», եզրափակած է Իսկանդարեան։