Արցախի Ժողովուրդի Հաւաքական Հայրենադարձութեան Եւ Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Նպատակով Յանձնախումբ Ստեղծուած Է
Արցախի հիմնական քաղաքական ուժերուն հետ համագործակցութեամբ Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին կոչուած յանձնախումբը արդէն ձեւաւորուած է, երէկ տեղեկացուցած է նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան:
Օսկանեան նշած է, որ համաձայնած է յանձնախումբի անդամներու առաջարկին` համակարգելու անոր աշխատանքները:
«Յառաջիկային, երբ ամբողջանայ յանձնախումբի կազմը, պիտի հրապարակուին միւս անդամներուն անունները, ինչպէս նաեւ մանրամասնութիւններ ընելիքներու մասին: Այս պահուն կրնամ ըսել, որ յանձնախումբի գլխաւոր խնդիրը պիտի ըլլայ միջազգային երաշխիքներով Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ իր հայրենիքին մէջ ապահով, անվտանգ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութիւնը եւ հետապնդումը», Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է նախկին արտաքին գործոց նախարարը:
Վարդան Օսկանեանի համոզումով` Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ իր հայրենիքին մէջ ապահով, անվտանգ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի իրականացումը կրնայ տեւական ու կայուն խաղաղութիւն բերել:
Comments are closed.