Արցախը մեր դարպասն ու այն պաշտպանութեան գիծն է, որ կը պաշտպանէ Հայաստանի սահմանները. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 

Լիբանանի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի 131-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի արտասանած խօսքը

ՀՅԴ-ի օրը հաշուետուութեան պահն է, ուր մեր կազմակերպութիւնը կը ներկայանայ ժողովուրդին` կատարելով հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին վերլուծումը, ներկայացնելով իր մօտեցումներն եւ հաշուետուութիւնը:

Ուրախ եմ, որ խօսքի այս առիթը կ՛ունենամ Լիբանանի մէջ, սփիւռքի հայատրոփ հնոցը հանդիսացած համայնքի պուրճհամուտեան միջնաբերդին մէջ. Լիբանանը մեր սրտին ու մտքին մէջ յատուկ տեղ ունի, անոր ցաւերը մեր ցաւերն են, անոր իրագործումները` մեր բոլորին յաջողութիւնը: Այս պատճառով է, որ այս շաբաթ ՀՅԴ Բիւրոն ամբողջ կազմով հոս է` լիագումարի, հոս են նաեւ մեր շրջաններու ներկայացուցիչները, որոնք այս տարի մեր մարմիններու ընդհանուր ներկայացուցչական ժողովը կը գումարեն այստեղ` Պուրճ Համուտի մէջ: Ուրախ եմ նաեւ նշելու, որ երեք տարբեր տագնապներէ անցած Լիբանանը` քաղաքական եւ տնտեսական տագնապ, համաճարակ եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում, երբեք չէ տկարացուցած մեր այս հոյակապ համայնքի վճռակամութիւնը, հաստատ կամքը, ամբողջական նուիրումը եւ մեր պայքարին անոր փարիլը: Վստահ եմ, որ համաձայն էք, թէ մենք երբեք առանձին չենք ձգեր մեր Լիբանանի սիրելի ժողովուրդը, մենք երբեք չենք կրնար անտեսել ձեր կարիքները եւ ատոր համար մենք եկանք հաւաքաբար այստեղ, մեր համաշխարհային ներկայացուցչութեամբ, ըլլալու ձեր կողքին եւ յայտնելու  մեր ամբողջական նեցուկը:

Սփիւռքի հայրենազուրկ սերունդի փաղանգը ապրեցաւ իր հրճուանքի մեծագոյն պահերը 1980-ականներուն վերջաւորութեան եւ 1990-ականներու սկիզբը: Վերջին երեսուն տարիներուն Հայաստանի անկախ պետականութիւնը վերահաստատած, Արցախը ազատագրած, ջաւախահայութիւնը վերաշխուժացուցած եւ սփիւռքը հայրենակեդրոն ու պահանջատէր դարձուցած մեր ժողովուրդը արդարօրէն ցնծութեան պահեր կ՛ապրէր: Եւ ՀՅԴ-ն իր առիւծի բաժինը բերած էր այդ ձեռքբերումներու իրականացման մէջ` ի գին մեծ զոհողութեանց. հազարաւոր նահատակներու արիւնով նուիրականացած յաղթանակները, քաղաքական մեծ աշխատանքը, քարոզչական համադրուած արշաւները եւ հայրենիքին ուղղուած հսկայածաւալ օժանդակութիւնները տուած էին ակնկալուած արդիւնքը, եւ Արցախը ազատագրուած էր, իսկ Հայաստան վերադարձած էր աշխարհի քարտէսին` որպէս անկախ պետութիւն:

Հայրենիքով ու հայութեամբ տոգորուած ոչ մէկ հայ անտարբեր կը մնար ի տես այս մեծ իրագործումներուն, որոնք ամրապնդած էին մեր ազգային արժանապատուութիւնը, գօտեպնդած` ազգային իղձերու հանդէպ մեր հաւատքը եւ ստեղծած աննախընթաց համահայկական միասնականութիւն` ի սպաս մեր հայրենիքին ու իտէալներուն: Մերթ ընդ մերթ ի յայտ եկող ներազգային տարաձայնութիւններն ու Հայաստանի իշխանութիւններու բազմապիսի խարխափումները մանր անախորժութիւններ եւ սրբագրելի վրիպումներ կը թուէին ըլլալ մեծ պատկերին մէջ: Ազգային վճռակամութիւնը վերազարթնած էր, ու յաղթանակները ամրապնդուած էին: Մէկ խօսքով, համազգային առումով, տարուած էինք անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան զգացումներով, որովհետեւ աղէտներու ու կորուստներու հարիւրամեակէ ետք պայծառ դարաշրջան մը բացուած էր հայութեան առջեւ:

Այդ պատճառով ալ ապրեցանք ահաւոր ցնցում, երբ 2020-ի աշնան արցախեան երկրորդ պատերազմին մեր կրած պարտութիւնը խորտակեց այդ անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան հանգանակը:

Պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած` նուիրուած էինք հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին չորս ուղղութիւններով.

Ա) Մարդուժի տրամադրում` պահեստազօրի ճամբով

Առաջին ուղղութիւնը պատերազմին մարդուժի տրամադրումն էր: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վերակենդանացուցած էր իր առասպելական, ֆետայական կերպարով թրծուած ամէն տարիքի երիտասարդութեան համախմբումը իր կամաւոր պահեստազօրին մէջ: Գրեթէ հազարի հասնող այդ կամաւորներու փաղանգը տրամադրուած էր պատերազմին, արիաբար մասնակցած` մարտերուն, կերտած` յաղթանակներ եւ տուած` մեծաթիւ զոհեր:

Բ) Քաղաքական համաշխարհային զօրաշարժ

Երկրորդ ուղղութիւնը մեր քաղաքական ու համաշխարհային զօրաշարժն էր:

Հայ դատի յանձնախումբերով, մեր մարմիններու ներկայացուցիչներով, հայ երիտասարդութեան աշխուժ մասնակցութեամբ կարողացանք շարժել աշխարհը, որպէսզի ճշգրիտ գնահատում տայ պատերազմին, հարկ եղած միջամտութիւնները կատարէ` մերթ անյաջող, բայց շատ մը պարագաներու նաեւ մեր թշնամիներուն` թուրք-ազրպէյճանական զօրքերուն աշխատանքներուն հակազդող:

Գ) Քարոզչական պատերազմ

Երրորդ ուղղութիւնը քարոզչական պատերազմն էր:

Վստահ եմ, որ բոլորդ ալ ականատես էիք այն հսկայական արշաւին, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան շղթայազերծեցին ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ամբողջ հայութեան դէմ: Հարկ էր անմիջապէս անցնիլ աշխատանքի, ողողել աշխարհի մայրաքաղաքները` ցոյցերով, հաւաքներով եւ բողոքի արտայայտութիւններով. նաեւ` զօրաւոր հակազդել ընկերային ցանցերով, որոնց մէջ կը տարուէր հակահայ պայքար` մեծապէս ֆինանսաւորուած այդ երկու պետութիւններուն կողմէ: Փա՛ռք ու պատիւ մեր երիտասարդութեան որոնց միջոցով մենք կարողացանք առաջքը առնել այդ գրոհին եւ ընկերային ցանցերու մէջ անհրաժեշտ հակահարուածը տալ:

Դ) Նիւթական օժանդակութիւն

Եւ վերջապէս, աննախընթաց միասնակամութեամբ մենք կարողացանք պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք իսկ ապահովել այնպիսի նկատառելի նիւթական օժանդակութիւն, որ աննախընթաց ձեւով եւ մեծ գումարներով սատարեց նաեւ պատերազմին ու անկէ ետք սկսած վերականգնումի աշխատանքներուն: Աւելի քան 170 միլիոն տոլար գոյացնելով` մենք ալ կարողացանք մեր բաժինը բերել այդ գործին:

Կասկած չկար, որ համահայկական այս միասնութիւնը, այս ընդհանուր գօտեպնդումը, բռնցքուիլը կարեւոր էին, որպէսզի մենք հասնէինք պատերազմի կարիքներուն, որպէսզի, ամէն ինչ մէկ կողմ դրած, մենք կարողանայինք առաջ տանիլ միասնական մեր պայքարը, որովհետեւ վտանգուած էր մեր ազգային գոյութիւնը, կարելի չէր տարբերութիւն դնել մեր ազգային շերտաւորումներուն միջեւ, այլ, ընդհակառակը, հարկ էր որպէս մէկ բռունցք լծուիլ գործի:

Հիասթափութիւնը ճնշող էր, մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններուն շղարշը պատրեցաւ եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ անցեալ տարուան 9 նոյեմբերին:

Ազգային նսեմացումի առաջնորդած Հայաստանի ղեկավարը մերժեց արժանավայել կերպով ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի առաջնորդած ըլլալու հանգամանքը, վճռեց ամէն գնով կառչած մնալ իր իշխանութեան աթոռին եւ սատարեց հայրենիքը նուաստացնող պարտուողական պայմաններու գոյացումին:

Եւ տիրեց համատարած յուսահատութիւն ու ընկճուածութիւն` ի տես այդ մեծագոյն աղէտին: Յառաջացաւ նոյնիսկ խզում հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: Ընդդիմութիւնը ստեղծեց «Հայրենիքի փրկութեան շարժում», փորձեց վերականգնել ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերու վրայ գործող պետութիւնը, բայց իշխանութիւնը ամէն ճիգ թափեց ապակողմնորոշելու եւ շարունակաբար պառակտելու հայրենի ժողովուրդը եւ յաջողեցաւ ինքզինք  վերարտադրել:

«Բաժնէ, որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը որդեգրած Հայաստանի իշխանութիւնը այսօր սփիւռքն ալ պառակտելու սեւ գործին է լծուած: Մինչդեռ թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է համահայկական կուր միասնականութիւնը:

Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած ու հայկականութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են եւ ամէն տեսակի զիջումներու` պատրաստ:

Այս կացութեան մէջ մեր առջեւ կը ցցուին հիմնական երեք հարցեր.

Առաջինը Ազրպէյճանի ճնշումով եւ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ առաջ քշուող սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերն են եւ անոնց առնչութիւնը` Արցախի խնդրին հետ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ՀՀ իշխանութիւն զգուշացուցած էր, որ այս պատրուակի տակ ո՛չ մէկ սահմանազատում, ո՛չ մէկ սահմանագծում պէտք է անդրադառնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան, որով կրնայ թաղուիլ Արցախի հարցը: Արցախը պէտք է մնայ համաշխարհային ուշադրութեան առարկան, Արցախի կարգավիճակը ճշդուած չէ, եւ այդ սահմանազտման ու սահմանագծման գործընթացքին մէջ պէտք չէ զոհել անոր ապագան:

Մենք աշխատելու ենք, որ վերականգնի Մինսքի համանախագահող եռեակի բանակցային գործընթացը, որպէսզի շեշտաւորուի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, որպէսզի բացառուի Թուրքիոյ առաւել ներթափանցումը Հարաւային Կովկասէն ներս` 3+2 ձեւաչափով կամ այլ միջոցներով:

Երկրորդը վերաթարմացուող հայ-թրքական յարաբերութիւններու կծիկն է: Մենք ունեցած ենք ահաւոր փորձառութիւնը 2008-2009 տարիներու ընթացքին, երբ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պիտակին տակ փորձուեցաւ համակարգել այդ յարաբերութիւնները:

Այն օրերուն մենք յայտարարեցինք, այսօր ալ նոյն կեցուածքը ունինք, որ մենք դէմ չենք յարաբերութիւններու հաստատման, մինչեւ այն ատեն որ անոնք չեն ըլլար նախապայմաններով, մինչեւ այն ատեն, որ մենք մեր ձեռքէն դուրս չենք ձգեր մեր անժամանցելի իրաւունքները, մինչեւ այն ատեն որ թրքական տնտեսութիւնը եւ թրքական ուժերը ամբողջովին չեն ողողեր Հայաստանը, եւ որ մեր հայրենիքը այդ յարաբերութիւնները չմշակէ զիջումներով ու պարտադրանքի տակ: Այսօր ՀՀ իշխանութիւնները դրական նախանշաններ կը տեսնեն Թուրքիոյ կեցուածքին մէջ, բայց իրենցմէ զատ` լուրջ որեւէ ուժ դրական տեղաշարժ կամ բարեացակամ միտում չի տեսներ մեր դարաւոր թշնամիի կեցուածքներուն մէջ. Ընդհակառա՛կը, մենք ականատեսն ենք, որ Թուրքիան ոչ միայն առաջ կը քաշէ նախկին նախապայմանները, այլ միջանցքի բացումն ալ հիմա աւելցած է այդ ցանկին: Մեզի համար յստակ է, որ պարտուած մթնոլորտի մէջ եւ թրքական ամէն տեսակի նախապայմաններու պարտադրանքին տակ կարելի չէ երեւակայել յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում:

Իսկ երրորդը այն է, որ Հայաստանի գերիշխանութիւնը վտանգուած ըլլալու իրողութիւնը պէտք եղած ձեւով չի մտահոգեր մեր իշխանութիւնները:

Մենք յայտարարած էինք, որ Արցախը մեր դարպասն է. մենք ըսած էինք, որ Արցախը այն պաշտպանութեան գիծն է, որ ո՛չ միայն կը պաշտպանէ Արցախը, այլեւ կը պաշտպանէ նոյնինքն Հայաստանի սահմանները: Որքա՜ն ճիշդ դուրս եկաւ այդ հանգամանքը. այսօր շատ աւելի մեծցած են այդ սահմաններուն պաշտպանութեան ու անվտանգութեան խնդիրները: Իսկ մեր թշնամիները, որոնց ախորժակները այսօր բորբոքած են Արցախի հանդէպ ունեցած իրենց «յաջողութիւններու» բերումով, այսօր թիրախաւորած են նաեւ Հայաստանը, մանաւանդ Սիւնեաց աշխարհը:

Այսօր կարելի չէ լուռ մնալ մեր համահայկական եւ հայրենի մարտահրաւէրներու այս հոյլին հանդէպ: Մենք սոթտած ենք մեր թեւերը եւ անցած` շարունակական աշխատանքի, ինչպէս պատերազմէն առաջ, ինչպէս պատերազմին ընթացքին, այնպէս ալ` պատերազմէն անմիջապէս ետք:

Այսօր Հայաստանի մէջ կը զարգանայ ժողովրդային դիմադրութեան շարժումը. մեր հայրենակիցները վերսկսած են տարբեր ձեւերով արտայայտել իրենց բողոքն ու դիմադրութիւնը, եւ հայրենի ժողովուրդի դժգոհութեան ալիքին արդէն միացած են Արցախն ու սփիւռքահայութիւնը:

Այսօր արցախահայութիւնը թէեւ վիրաւոր է, սակայն իր վէրքերը ամոքելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, իր հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ ամէն գնով Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ վերադարձը բացառելու գործին է լծուած: Ամէն գնով պարտինք համախմբել Արցախի բոլոր հոսանքները եւ խորհրդարանական ուժերը, որպէսզի ԱՀ-ի վճռակամութիւնը պահպանուի, հայկական հողին խառնուած արիւնը տայ իր արգասիքը եւ Արցախը շուտով վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնն ու սահմանները:

Այսօր սփիւռքը եւս, մէկ մարդու նման, պիտի փարի հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, անխնայ պայքարի թրքա-ազրպէյճանական հայատեաց եւ փանթուրանական ճակատին դէմ: Դժուար պայքար է, բայց` ոչ անկարելի: Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ ո՛չ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ո՛չ հայ ժողովուրդը վհատած են, նոյնիսկ երբ իրենցմէ աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ պայքար մղած են եւ կերտած` մեծ յաղթանակներ:

Ինչպէս մեր հայրենիքի պարագային, նաեւ Լիբանանի մեր համայնքը ունի հաստատ վճռակամութիւնը` յաղթական դուրս գալու ներկայ տագնապներէն:

Այո՛, այսօր վիրաւոր է Լիբանանը, քաղաքական եւ տնտեսական տագնապի մէջ, բայց լիբանանահայութիւնը տոկուն է,  լիբանանահայութիւնը վճռական է, եւ մանաւանդ լիբանանահայութիւնը մինակ չէ. մենք մղած ենք հայ աշխարհը, որ ամուր կանգնի իր կողքին եւ հասնի անոր բազում կարիքներուն:

Տարբեր առիթներով ըսած ենք եւ այսօր ալ իմ խօսքս կ՛աւարտեմ անգամ մը եւս շեշտելով`

Որ անկախ պետականութիւնը ՀՅԴ-ի համար բարձրագոյն ու բացարձակ արժէք է: Ամէն զոհողութիւն արդարացուած է պաշտպանելու համար այդ անկախութիւնը եւ իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդին ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը:

Որ մենք փակած ենք սուգի ու ընկճուածութեան էջը եւ համոզուած ենք, որ շուտով ականատեսը կ՛ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան ու արիութեան վերադրսեւորումներուն:

Որովհետեւ մեր պայքարը արդար է, ու վախճանը կրնայ ըլլալ միայն յաղթանակ:

10 դեկտեմբեր 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.