Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Գլխաւոր Երաշխիքն Է

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի հետ «Վանայ Ձայն»-ի «Բաց քննարկում» յայտագիրին ընթացքին կատարուած զրոյցին արտայայտուած տեսակէտներուն ամփոփումը:

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի կայացման վայրը ո՛չ միայն խորհրդանշական էր, այլ նաեւ գաղափարաքաղաքական առումով կը շեշտէր Դաշնակցութեան կողմէ արցախեան հիմնահարցին տրուած առաջնահերթութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով այս օրերուն տագնապի լուծման ուղղութեամբ տարբեր տեսակէտներու շրջանառութեան մէջ դրուիլը:

Արցախը` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքը եւ իբրեւ մեր հայրենիքի անբաժան մասը, ՀՅԴ քաղաքական առաջադրանքներուն մէջ այսօր կը պահէ ամէնէն հրատապ եւ ամէնէն ռազմավարական էութիւնը ունենալու հանգամանքը:

Հանրայինքննարկումներուն ընթացքին բացայայտ է, որ տագնապին համար կ՛առաջադրուին երկու հիմնական լուծումներ. առաջինը` որոշ տարածքներ զիջելով ապահովելն է Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացումը եւ երկրորդը իրողական կարելիութիւններու առաւելագոյնս օգտագործումով առանց զիջելու զարգանալը, որ հիմնականին մէջ Դաշնակցութեան կողմէ պաշտպանուող տեսակէտն է: Եւ այս առումով մեր մօտ իրաւացի մտահոգութիւն յառաջացած է, որ հանդիպումներէն բխած հաղորդագրութիւններուն մէջ որեւէ ձեւով ակնարկութիւն չկայ Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք հիմնականին մէջ միջազգային ընտանիքի երաշխաւորութեամբ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը զսպելու կը միտին:

Մտահոգութեամբ կը հետեւինք նաեւ հանրային քննարկումներու ընթացքին արծարծուող «խաղաղութիւն տարածքներու դիմաց» բանաձեւին: Արցախի այսօրուան փաստացի սահմանները ամրագրուած են Արցախի գործող Սահմանադրութեան մէջ, որ արժանացած է նաեւ արցախահայութեան բացարձակ մեծամասնութեան կամքը արտայայտող հանրաքուէի ամրագրումին:

Սկզբունքային մեր այս մօտեցումներէն որեւէ շեղում նկատելու պարագային մեր քննադատութիւնները պիտի չվարանինք ուղղելու կառավարութեան:

Իբրեւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւն Դաշնակցութիւնը ընդդիմադիր դիրքերէ պիտի մշակէ եւ կիրարկէ իր քաղաքական գործունէութիւնը, բնականաբար յատկապէս համահայկական խնդիրներու շուրջ շարունակելով համագործակցութիւնը պետութեան համապատասխան բաժանմունքներուն հետ: Այս վարքագիծը մնայուն եւ կայուն հետեւողականութիւն ունեցած է մեր կուսակցութեան համար, եւ իշխանութեան տարբեր ներկայացուցիչներու հետ մենք այս առումով շարունակած ենք համագործակցիլ: Այդ հիմնահարցերը կը վերաբերին Արցախի միջազգային ճանաչումին եւ անշուշտ հայոց պետականութեան դիրքերու ամրապնդումին:

Ինչ կը վերաբերի Ընդհանուր ժողովին, նախ յստակացնենք, որ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովները նախ կը քննեն համակուսակցական գործունէութիւնը, իւրաքանչիւր կազմակերպական շրջանի հիմնահարցերը, կ՛ունենան բազմաթիւ ուղղութիւններ քննարկող յագեցած օրակարգ` միջազգային, շրջանային, հայաստանեան, համասփիւռքեան, եկեղեցական: Բայց մանաւանդ կը նախանշեն Դաշնակցութեան հետագայ գործունէութիւնը:

Անցած ուղին գնահատելով կ՛արժէ անդրադառնալ կարեւոր ձեռքբերումներու, որոնք քաղաքական նոր մշակոյթ ներմուծելու առումով պետութեան եւ երկրին համար նկատառելի առաւելներ ապահովեցին:

Առաջինը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրն էր, որուն խմբագրման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ Դաշնակցութիւնը:

Երկրորդը Սահմանադրութեան բարեփոխումով խորհրդարանական համակարգի անցումն էր: Գործող համակարգը կը նպաստէ երկրի յաւելեալ ժողովրդավարացման, բազմակուսակցական դրութեան եւ պետութեան տարբեր կառոյցներուն միջեւ հակակշիռներ ստեղծելու մօտեցումին:

Ռազմավարական նշանակութիւն ունի նաեւ Երեւան-Եւրոպական Միութիւն յատուկ ձեւաչափով կնքուած համաձայնագիրը: Այս իրողութեան մէջ անշրջանցելի բաժին ունի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը, որ արտաքին գործոց նախարարութեան համար յաջողեցաւ նախապատրաստել դրական ենթահող:

Նկատի ունենալով մեր երկրի շրջափակուած ըլլալը, սահմանային դէպքերը եւ հակառակորդ պետութեան կողմէ սանձազերծուող ռազմական գործողութիւնները, Դաշնակցութիւնը հետամուտ եղաւ թէ՛ կառավարական շրջանակներու եւ թէ՛ հասարակութեան մօտ զարգացնելու ազգ-բանակ կերտելու գաղափարախօսութիւնը: Այս հասկացողութիւնը վերածուեցաւ կառավարութեան ծրագիրի առանցքին:

Ինչ կը վերաբերի չիրագործուած բաժնին, ապա անիկա հիմնականին մէջ կը վերաբերէր ընկերային-տնտեսական իրավիճակի բարելաւման առաջադրանքին: Սակայն այս մէկը ունէր իր բացատրութիւնը: Դաշնակցութիւնը գործադիր իշխանութեան եւ կառոյցներուն մէջ իր ստացած բաժնեչափով ի վիճակի պիտի չըլլար երկրին համար շատ կենսական նշանակութիւն ունեցող այս ոլորտին մէջ բեկումնային իրավիճակներ ստեղծել: Այս իրողութիւնը նաեւ մեր մօտ յանգիլ տուած է այն եզրակացութեան, որ եթէ վճռորոշ դեր չի վստահուիր Դաշնակցութեան, ապա այդ պարագային իմաստ չ՛ունենար մեր մասնակցութիւնը որեւէ կառավարութեան: Շարունակելով տրամաբանութիւնը` ուրեմն մեր ծրագիրներու, եւ այս պարագային նաեւ երկրի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը արմատապէս փոխելու համար Դաշնակցութիւնը պիտի ձգտի ամբողջական իշխանութեան: Այսօր Դաշնակցութիւնը իր առջեւ դրած է խնդիր` հինգ տարի ետք, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ունենալու մեծամասնութիւն օրէնսդիր ժողովին մէջ: Իսկ ասիկա բնական առաջադրանք է որեւէ քաղաքական ուժի համար` իր ծրագիրները լիովին իրականացնել կարենալու համար:

Ժողովրդային շարժումը արդար ընդվզում էր հիմնականին մէջ երկրին մէջ տիրող ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակին դէմ: Դաշնակցութիւնը ողջունելով համաժողովրդային շարժումը եւ այս իրավիճակը հիմնովին բարեփոխելու ձգտումը, միաժամանակ զգուշացուց, որ յայտարարուած նպատակներէն չշեղի անիկա: Հետագայ փուլն էր հիմնականին մէջ մեր մտահոգութեան առարկան` ժողովուրդի պահանջները բաւարարելու եւ յայտարարուած խոստումները կատարելու առումով: Մեր մտահոգութիւնը նաեւ հիմնուած էր շրջանին մէջ այլ երկիրներու մէջ սկսած եւ ապա շեղած կամ արտաքին ազդեցութիւններու տակ ինկած իրականութիւններուն վրայ: Մեր ընդդիմադիր կեցուածքները պիտի երեւան ամէն անգամ, որ նման շեղումներու ականատես դառնանք:

Սփիւռքի նախարարութեան վերաբերեալ, Դաշնակցութիւնը նախարարութեան գոյառման ջատագովը եղած է եւ իր բոլոր կառոյցներով նպաստած նախարարութեան կայացման: Հեռակայ ծրագիրը այն է, որ սփիւռքը ներկայացուած ըլլայ Ազգային ժողովին մէջ: Մտահոգութիւնը այս պարագային այն է, որ սփիւռքի հոգեւոր, ազգային կուսակցական եւ միութենական կառոյցները պէտք չէ շրջանցուին եւ սփիւռքը միայն անհատներով պէտք չէ ներկայացուի:

Ինչ կը վերաբերի պետական խորհրդանիշներուն կամ յատկապէս քայլերգի փոփոխութեան քննարկումներուն, կ՛արձանագրենք, որ հարցը որեւէ ձեւով հիմնաւորուած օրակարգ չէ: Եւ երբ հիմնաւորուած օրակարգ չէ, բնականաբար հարցը պէտք չէ քննարկել նոյնիսկ: Մանաւանդ երբ գիտակցինք, որ նման քննարկումներ կրնան ալեկոծել հայկական աշխարհը եւ ներհասարակական խրամատներ ստեղծել:

Պէտք է նշել, որ Բիւրոյի նախորդ ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հիմնական դեր ունեցած է արցախեան ազատամարտի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ: Ան անժխտելի դերակատարութիւն ունեցած է ոչ միայն Դաշնակցութեան գործունէութեան վերջին կարեւորագոյն փուլերուն, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին կայունութեան պահպանման եւ քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ: Հրանդ Մարգարեան որոշած էր իր թեկնածութիւնը չդնել Բիւրոյի ընտրութեան: Ան յայտարարեց, թէ ներկայ իրավիճակի հանգամանքներէն մեկնած կուսակցութիւնը եւս գործելաձեւային որոշակի փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան առջեւ է, եւ այդ փոփոխութիւնները կը սկսին իրմով: Այդ որոշումը մարտավարական ճկունութեամբ կը բացատրուի, որովհետեւ Հրանդ Մարգարեան Ընդհանուր ժողովի բացարձակ մեծամասնութեամբ կրնար վերընտրուիլ: Իր այդ քայլով Հրանդ Մարգարեան վերափաստեց, որ այս կուսակցութիւնը անհատներու վրայ կառուցուած կուսակցութիւն չէ, եւ անհատ ղեկավարը արժէք է միայն Դաշնակցութեան հաւաքական աւանդական գործելաոճին մէջ:

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը բուռն քննարկումներէ ետք յանգեցաւ յառաջիկայ շրջանին ամբողջ հայութեան եւ կուսակցութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու դիմագրաւման որոշումներու: Դաշնակցութեան նկատմամբ գոյացած կարծրատիպերը փոխելու եւ ժողովուրդին մեր ծրագիրներն ու առաջադրանքները հասցնելու եւ մեր պատգամները անցընելու աշխատանք ունինք: Մեզի համար մեր երկրի անվտանգութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը առաջնահերթ նպատակներն են:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.