Արսինէ Խանճեանին մէկ գրառումին առիթով

Կարելի՞ է միատեղել քաղաքական գործիչը եւ արուեստագէտը  մէկ անձնաւորութեան մը մէջ

(Արսինէ Խանճեանի մէկ գրառումին առիթով)

– Մենք զինք ճանչցած ենք, որպէս առինքնող հայ դերասանուհի, որուն համար ազգային գերխնդիրները կուսակցական եւ քաղաքական կողմնորոշումներէ վեր արժէքներ են։ Մեզի համար կը մնայ անորոշ, թէ Ի՞նչ պատահեցաւ ու կորսնցուց իր նշանացողը։

Այս նշմարը գրելուս պատճառը, վաստակաւոր հանրայայտ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանի էջին վրայ իր ստորագրութիւնը կրող անգլերէն գրութիւնն է, անհարկի գրառում մը, ուր կը փորձէ հանրային միտքը պղտորել, գինիին մէջ ջուր խառնելով, սին փորձով մը արատաւորելու ազգային գաղափարախօսութեան 130 տարուան առաջադէմ կուսակցութեան մը դիմագիծը:

Ընդհանրապէս արուեստի հանրայայտ-համբաւաւոր աստղեր, հեռու կը մնան քաղաքական կեանքի մասին իրենց հակումները ու կողմնորոշումները յայտնելէ, հաշուի առնելով հանրային նրբութիւններ, ուր իրենց քաղաքական ճաշակը, կրնայ պառակտել հասարակութիւնը, մանաւանդ երբ այդ աստղերը, այդքա՜ն ալ չեն տիրապետած հանրային կեանքը հունաւորող քաղաքական խմորումներուն ու անոնց խոհանոցի մանրամասնութեան, նախընտրելով՝ որ իրենք ըլլա՛ն ազգը զօդող դերակատարներ, դառնալով բոլոր հասարակութեան կողմէ ընդունելի ու սիրելի աստղը՝ celebrity-ին, պահելով քաղաքական կեանքի սեփական ճաշակի ընկալման եղանակը իրենց սեփական խորանին մէջ, հեռու հանրային դրսեւորումներէ:

Հակառակ վերոյիշեալ մօտեցումին, սխալ չէ՛, երբ հանրայայտ աստղեր կը փորձեն իրենց ներկայութիւնը արձանագրել, կամ ուղղակի մասնակցիլ քաղաքական կեանքի խմորումներուն, նոյնիսկ ազդու առաջատարը ըլլալով շարժումի մը, ՊԱՅՄԱՆԱՒ, որ լաւապէս մարսած ըլլան տուեալ քաղաքական մթնոլորտի բոլոր մանրամասնութիւնները, եւ իրենց անձին օրինակով ազդեն հանրային կարծիքին վրայ, ի նպաստ նեցուկ կանգնած տուեալ շարժումին կամ քաղաքական հոսանքի առաջադրանքներուն:

Այս իմաստով ակներեւ ներկայութիւն վերապահուած էր Արսինէին, «թաւշեայ յեղափոխութեան» օրերուն, որ առաջատար վազողներէն մին ըլլար, հազարաւոր հայորդիներու կողքին, փորձելով իր ոսպնեակէն , ոստիկանական բռնարարքները լուսարձակի տակ առնելով ու զանոնք տեսաերիզներու ընդմէջէն ներկայացնելով, հանրային կարծիքին վրայ առաւելի ազդու տպաւորութիւն ձեւաւորելու յստակ ուղղորդուած դիտաւորութեամբ: Այսպիսով, իր արդար լուման ներդրելու՝ «թաւշեայ գորգը» հասանելի դարձնելու ժողովուրդի բոլոր շերտերուն, իմա՛ սփիւռքի հատուածին։ Շատ արդար մօտեցում էր, քանի հանրութիւնը կը տնքար իւրայիններու եւ օլիկարգներու փտախտի սարդոստայնին մէջ, ուր ամէն հայորդի յուսատու պլպլացող ելք մը կը տեսնէր զարգացող տարերային ժողովրդային ցասումին մէջ։

Նո՛յն այդ վարքագիծը այսօր ա՛լ, շեշտակիօրէն եւ նո՛յն անկեղծութեամբ, պէտք է՛ տեղ ունենային բանաւոր ու գրաւոր Արսինէի մօտեցումներուն մէջ, այդ մէկն ալ շատ աւելի՛ շռնդալից: Եթէ երկու կէս տարի առաջ գործ ունէր բողոքելու ոստիկանական բռնազբօսիկ միջամտութիւններուն դէմ, ուր մարդկային տարրական իրաւունքները ոտնակոխուած կը համարուէր, ներկայիս, վրան պէտք է գումարել ո՛չ միայն ուժային կառոյցներու կոպիտ խախտումները, ըլլա՛յ մարդկային իրաւանց սկզբունքներու, ըլլա՛յ սահմանադրական կարգի խախտումներու, մանաւանդ կարելի չէ աչքաթող ընել, հայրենի տարածքներ յանձնող խունդայի անձնատուութեան եւ պարտուուղականական օրինակը, եւ առ այդ արձագանգել:

Անկեղծ ըսած, Երանի Արսինէին, ուր բախտը իրեն վիճակուեցաւ  եւ արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն կերտող տիտաններէն՝ Սիմոն Վրացեանի օրհնաբեր շոյանքին: Բայց այդ գգուանքը սոսկ հպանցիկ ագթ մը չէ, սոսկ անձնական փայփայանք մը չէ: Անոր մէջ խտացուած պէտք է տեսնել  այնպիսի օրհնութիւն, ուր մեր աւագ ընկերը իր դողդոջուն մատներով կը փորձէր փոխանցել մատղաշ նորահաս սերունդի ներկայացուցիչին, կախարդիչ  բոլորանուէր աւանդ մը, ազգային գաղափարախօսութեան եւ հազարաւոր մարտիկներու սխրագործութեան կտակը, որ ակնդարդի մէջ պէտք է ամրակայուէր դերատի, հրեշտակային մատղաշ հոգիին մէջ:

Այդ մէկ երանելի ագթը ըստ ամէնայնի պէտք է արժեւորել բանիւ եւ գործով։ Հազարաւոր մարտիկներու փաղանգի կտակն է, Դաշնակցական գործիչներու աւանդն է, որ կը փոխանցուէր այդ պահուն եւ celebrity-ի սոսկ հպում մը չէր: Այդ մէկը ե՛ւ Դաշնակցական վարժարան յաճախելը, ընկալել որպէս Դաշնակցական ճանապարհի laissez-passer՝ պատռանքի համարժէք է ։ Ճանաչողութեան հպանցիկ կենակցութեամբ, չե՛ս կրնար հաղորդուիլ Դաշնակցական խորհուրդով։ Կը պարզուի, որ ընկեր Սիմոն Վրացեան, սերմացանը ժայռի վրայ նետած է, գաղափարական իմաստով ամուլ մտքի մը վրայ, որ չէ՛ կրցած իմաստաւորել իրեն փոխանցուած ոգեղէն ժառանգին՝ «ԿԵՑՑԷ՛Ք»ի խորհուրդը։

Արսինէն, եթէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան քաջածանօթ ըլլար, վստահ եմ, որ պիտի չարտայայտուէր իր գրառումին մէջ այդ անպաճոյճ  ձեւաւորումով: Պիտի գիտնար, որ Դաշնակցութիւնը ձեռք սեղմած է իթթիհատակներուն եւ նոյն այդ ձեռքով քաշած է դահիճներուն ուղղուած արդարահատոյցի բլթակը։ Այս տիպի օրինակները բազում են Դաշնակցութեան 130 տարուան երթին մէջ:

Ափսո՜ս, Արսինէն ազգային խանդը ճիշդ ձեւով չշահարկեց վերջին տարիներուն եւ սադրիչները զինք ուղղորդեցին ու ներքաշեցին քաղաքական աւազախրման ովասիս, յագուրդ տալով գրգռութիւններու ու անտեղի քաղաքական կողմնորոշումներու: Այսուամենայնիւ, չենք կրնար նսեմացնել հայ համբաւաւոր աստղերու բերած ներդրումը ընդհանրապէս հանրային կեանքի մէջ, որոնք իրենց մօտեցումներով եղած են անաչառ եւ ընդհանրապէս հեռու քաղաքականութեան ճահճահոտ սարահարթներէն:

Արսինէն, գէթ մէկ անգամ արդար պէտք է՛ ըլլայ, այսօր ե՛ւս պոռթկայ, ի տես ոստիկանութեան բռնազբօսիկ արարքներուն, ինչպէս որ երկուկէս տարի առաջ, երբ լուսանկարչական ոսպնեակով կը վաւերագրեր ապօրինի ուժի կիրառման փորձերը եւ արդարօրէն կը գոռար երեւանի փողոցներուն մէջ, արդարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման ի հաշիւ։ Այժմու «քաղաքակիրթ» մարդկութեան ստեղծած Նորաձեւութեան նորմերուն պէտք չէ հալած իւղի պէս զանոնք կուլ տայ, հեռու պէտք է՛ մնայ համաշխարհայնացման ապազգային ալիքներէն, եւ միա՛յն պէտք է՛ անսայ «ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ» հարազատ ու ազնիւ տարերային կանչին։ Վերջապէս, «ԻՍԿԱՊԷՍ ԱՄՕԹԻ» խարանը պէտք է վերանգրէ ճիշդ հասցէներու։

Մենք զինք ճանչցած ենք, որպէս առինքնող հայ դերասանուհի, որուն համար ազգային գերխնդիրները կուսակցական եւ քաղաքական կողմնորոշումներէ վեր արժէքներ են։ Մեզի համար կը մնայ անորոշ, թէ Ի՞նչ պատահեցաւ ու կորսնցուց իր նշանացողը։

Ընդդիմախօս ըլլալը, հայրենիքը դժոխքի վերածել չնշանակեր: Հայաստանը կը մնայ երկիր դրախտավայր: Այսօր, շատ մը ազգային-հանրային գործիչներ, հոգեւոր եւ հանրածանօթ հայորդիներ, իրենց նախաձախնդիր կեցուածքներով, կը պահանջեն ազգի «երեսի ջուրը» փրկել՝ վարչապետի հրաժարականով: Ինքն ա՛լ իր կարգին թոյլ պէտք է տայ, որ Արսինէի մաքուր խիղճը հանդիսանայ հարազատ իսկական թարգմանը հոգեմտաւոր իր պահուածքին, եւ առ այդ արտայայտուի ու կողմնորոշուի:

Հետեւաբար, ներկայացուածէն կը պարզուի, որ եթէ Արսինէն դժուարութիւն ունի միատեղելու երկու դիմագիծեր ներաշխհարին մէջ, հարկաւոր է այս պարագային կԵնդանի պահէ ինքնատիպ դերասան Արսինէն, ու հանգիստ՝ գերեզմանէ իր մէջ կենակցող քաղաքական դրածոյ կերպարը:

Ժան Հալլաճեան

11 Դեկտ. 2020

Թորոնթօ, Գանատա

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.