Արսէն Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ի Որոշումները Կը Բխին Միայն Ու Միայն Հայութեան Եւ Հայաստանի Շահերէն»

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնած «Հարցեր` դաշնակցականներին» հաղորդաշարը 14 նոյեմբերին հիւրընկալած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը:

Զրոյցին ընթացքին Համբարձումեան անդրադարձած է Դաշնակցութեան դէմ հակաքարոզչութեան` նշելով, որ ՀՅԴ-ին դէմ այդ երեւոյթը պարբերաբար կը սանձազերծուի եւ խորքին մէջ չունի որեւէ հիմք:

«Պարզապէս բան մը շատ ըսելու պարագային կ՛արմատաւորուի մարդոց գիտակցութեան մէջ, եւ յետոյ անոնց բացատրութիւններ տալու համար երկար ժամանակ կը պահանջէ: Ես ձեզի կը վստահեցնեմ` ՀՅԴ-ի հասցէին որեւէ սուր քննադատութիւն հիմնաւոր չէ, եւ այդ բոլոր հարցերը ունին իրենց յստակ պատասխանները», նշած է ան:

Գրեթէ տարբեր առիթներով եւ տարբեր ժամանակներու կը հնչէ «Դաշնակցութիւնը մեղաւոր է» արտայայտութիւնը, իսկ Դաշնակցութիւնը իսկապէ՞ս մեղաւոր է հարցումին պատասխանելով` Համբարձումեան յայտնած է. «Ըսեմ, թէ ո՛ր հարցերուն մէջ մենք մեղաւոր ենք: Երեւի մեղաւոր ենք, որ Դաշնակցութեան ստեղծումէն ետք հայութիւնը, կրօնական ու դաւանական համայնք ըլլալէ բացի, ստեղծած է պետութիւն: Երեւի Դաշնակցութեան մեղքն է, որ 70 տարի տարագիր հայութիւնը մնացած է հայ: Երեւի Դաշնակցութեան մեղքն է, որ արցախեան ազատամարտին ընթացքին` Գետաշէնի մէջ, մարդիկ քարերով կը զարնէին դաշնակցականներուն` զէնքով պայքարի սկսելնուն համար. մենք Արցախի մէջ յաղթեցինք: Երեւի Դաշնակցութեան մեղքն է, որ մեր ընկերներուն 20 տոկոսը նահատակուեցաւ Արցախի մէջ: Երեւի Դաշնակցութեան մեղքն է, որ մենք անցնող տարիներուն թալանով չենք զբաղած: Երեւի Դաշնակցութեան մեղքն է, որ, իշխանութեան մէջ ըլլալով, անախորժելի դէմքեր չենք ունեցած: Այս «մեղքերուն» շարքը կրնամ թուել: Այլ խօսքով` այս ձեռքբերումներուն կողքին կրնան ըլլալ նաեւ բացթողումներ, կարելի չէ չունենալ զանոնք: Մենք այդ քաջութիւնն ալ ունինք` խոստովանելու, թէ կարգ մը հարցերու մէջ չենք յաջողած: Ոչ մէկ խնդիր ունինք այդ առումով, բայց մենք որեւէ «մահացու մեղք», ճակատագրական սխալ չենք գործած»:

Համբարձումեանի համաձայն, իսկութեան մէջ խնդիրը այն է, որ Դաշնակցութենէն միշտ ալ եղած են գերագնահատուած ակնկալութիւններ: «Ժողովուրդը միշտ ալ Դաշնակցութենէն աւելի կը սպասէ, քան մենք կրցած ենք տալ, երեւի մեր մեղքը հոս է: Նոյնիսկ առաւելագոյն ջանքեր ի գործ դնելու պարագային մենք չենք կրցած բաւարարել այն ակնկալութիւնները, զորս ունեցած են Դաշնակցութենէն: Երբ կը խօսիմ մեղքերու մասին, լաւ պիտի ըլլայ ամէն ինչ համեմատութեան մէջ տեսնել` ո՛վ ինչ ուղիով անցած է, ո՛վ ինչ խոստացած, ո՛վ ինչ ըրած է, ո՛վ ինչ ըսած է եւ որքանո՛վ հետամուտ եղած է անոր: Ես կը վստահեցնեմ` դուք վերջին 28 տարուան ընթացքին քաղաքական որեւէ կեցուածք չէք կրնար նշել, խօսքը ՀՅԴ-ի որդեգրած սկզբունքային, կարեւոր հարցերուն առնչուած մօտեցումներուն մասին է, որ մենք յետոյ արմատապէս վերանայած կամ փոխած ըլլանք: Մեր մօտեցումները ժամանակի հրամայականով միշտ կրնան թարմացուիլ, արդիականացուիլ, խմբագրուիլ, բայց փոխուիլ` երբե՛ք: Ասոր համար ալ Դաշնակցութիւնը Դաշնակցութիւն է: Եւ եթէ հիմա մէկը չ՛ախորժիր այդ առումով Դաշնակցութեան կեցուածքէն, կամ մէկու մը համար հասկնալի չէ, ատիկա մեր խնդիրը չէ: Մենք պիտի շարունակենք մեր ուղիով ընթանալ: Կը կարծեմ` ժամանակի ընթացքին շատեր պիտի համոզուին մեր ճշմարտացիութեան», ըսած է Համբարձումեան` շեշտելով, որ ՀՅԴ-ի որոշումները կը բխին միայն ու միայն հայութեան եւ Հայաստանի շահերէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.