«Արշալոյսի Լուսաբացը» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը «Էննեսի» Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնին

«Զօրեան» հիմնարկի` Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան հաւաքածոյի հարցազրոյցներէն մէկուն` Օրորա Մարտիկանեանի վերաբերող հարցազրոյցին հիման վրայ պատրաստուած է «Արշալոյսի լուսաբացը» շարժանկարը (animation) ժապաւէնը, որ մասնակցեցաւ «Էննեսի» շարժապատկերի միջազգային փառատօնին: Այս մասին հաղորդեցին «Հայաստանի Զօրեան հիմնարկ» հետազօտութիւններու եւ զարգացման միջազգային հիմնարկէն:

Հիմնարկը նաեւ տեղեկացուց, որ «Արշալոյսի լուսաբացը» վաւերագրական շարժանկար է Արշալոյս-Օրորա Մարտիկանեանի կեանքին մասին: 1915-ին, ընդամէնը 14 տարեկանին ան ապրած է Հայոց ցեղասպանութեան սարսափները: Մէկ տարուան ընթացքին ականատես ըլլալով իր ընտանիքի բոլոր անդամներու մահուան` Արշալոյսը կորսնցուցած էր ամէն ինչը եւ վաճառուած` թրքական կանանոցին: Սակայն իր բացառիկ խիզախութեամբ եւ յաջողութեամբ ան կրցած է փախուստ տալ եւ հասնիլ Ամերիկա, ուր իր պատմութիւնը դարձած է ցնցիչ:

Այս ժապաւէնով «Զօրեան» հիմնարկին նպատակն է` ներկայացնել հիմնարկի` Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան հաւաքածոյի վկայութիւնները մեծ պաստառի վրայ` վաւերագրական շարժանկարի միջոցով, փոխանցել Ցեղասպանութենէն վերապրածներու պատմութիւնները երիտասարդ սերունդներուն, յատկապէս` աղջիկներուն, հզօրացնել զանոնք եւ ներկայացնել անոնց նախնիներուն ապրած մեծ դժբախտութիւնները եւ բռնութիւնները:

2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, «Զօրեան» հիմնարկը համագործակցութեան պայմանագիր կնքեց Հայաստանի մէջ գործող «Բարս Մեդիա» մշակութային հիմնարկին հետ` Ա. Մարտիկանեանի վկայութեան հիման վրայ շարժանկար պատրաստելու նպատակով:

Այս ժապաւէնը կեանքի կոչուած է Հայաստանի «Զօրեան» հիմնարկի պատասխանատուներու գիտական աջակցութեամբ եւ հիմնուած է հիմնարկին` Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան արխիւին մէջ պահուող հարցազրոյցին վրայ, որ կատարուած է 29 յունուար 1984-ին:

Ժապաւէնին բեմադրիչն է Իննա Սահակեան: Ժապաւէնը պատրաստուած է Վարդան Յովհաննիսեանի կողմէ ղեկավարուող «Բարս Մեդիա»-ի, Gebrueder Beetz Filmproduktion & Artbox Laisvalaikio Klubas-ի կողմէ, Eurimages-ի, Հայաստանի «Զօրեան» հիմնարկի եւ Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի նիւթական համագործակցութեամբ, եւ Lithuanian Film Center, ZDF/ARTE, Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան եւ LRT-ի աջակցութեամբ:

«Զօրեան» հիմնարկը խանդավառ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան նախագիծի մեկնարկէն 40 տարի ետք, որուն ծիրին մէջ հաւաքուած են վերապրածներու վկայութիւններ 4 մայր ցամաքներու մէջ, այսօր Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ծոռները կրնան ծանօթանալ իրենց նախնիներու կեանքին` Ցեղասպանութենէն առաջ, ընթացքին եւ Ցեղասպանութենէն ետք, ժապաւէնի մը միջոցով, որ ներդաշնակօրէն կը միահիւսէ «Զօրեան» հիմնարկին` Արշալոյսին հետ կատարուած բացառիկ հարցազրոյցի տեսարանները եւ «Բարս Մեդիա»-ի եւ վերջինիս գերմանացի ու լիթուանիացի համաարտադրողներու ստեղծած փայլուն շարժանկարը, ինչպէս նաեւ տեսարաններ` 1919-ի «Հոգիների աճուրդը» համր ժապաւէնէն (ժապաւէն` Արշալոյս Մարտիկանեանի մասնակցութեամբ, զոր պատրաստած էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Ամերիկեան նպաստամատոյց կազմակերպութիւնը (Near East Relief):

«Արշալոյսի լուսաբացը» ժապաւէնի համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ` «Էննեսի» միջազգային հեղինակաւոր շարժանկարային ժապաւէններու փառատօնին:

Հիմնարկէն յայտնեցին, որ բացի Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան նախագիծի սկզբնական արժէքէն, «Արշալոյսի լուսաբացը» ժապաւէնը ունէր առաւել քան մէկ միլիոն տոլար պիւտճէ, եւ այս` Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու, այս անգնահատելի պատմութիւնները լուսարձակի տակ բերելու սկիզբն է միայն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.