Արթուր Խաչատրեան․ Պետութիւնը պէտք է բարձր պատրաստականութեան մէջ ըլլայ եւ ունենայ պահեստային ծրագիրներ

Մարտ 2-ին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան խիստ քննադատութեամբ հանդէս եկաւ Հայաստանի իշխանութիւններու հասցէին՝ շեշտելով, որ տարածաշրջանային լարուած իրավիճակի պայմաններուն մէջ պետութիւնը չունի յստակ արձագանգ եւ ծրագրաւորում։

Խաչատրեանի խօսքով՝ «այն տպաւորութիւնն է, թէ Հայաստանի հարաւէն հարիւր մեթր անդին ոչինչ կը պատահի․ ո՛չ արձագանգ կայ, ո՛չ դիրքորոշում»։ Ան հարց բարձրացուց, թէ արդեօք իշխանութիւնները ծրագիր մշակա՞ծ են այն դէպքին համար, եթէ Իրանի հետ սահմանը երկար ժամանակ փակ մնայ, եւ ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այդ երկրի տնտեսութեան վրայ։ Նոյնպէս, ան մտահոգութիւն յայտնեց հնարաւոր փախստականներու հոսքին վերաբերեալ՝ շեշտելով, որ պետութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ նման կացութեան։

Պատգամաւորը նաեւ ընդգծեց, որ Իրանի մէջ գոյութիւն ունի մեծ հայկական համայնք, եւ յայտնեց անորոշութիւն՝ ի՞նչ քայլեր առնուած են այդ համայնքի անվտանգութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ։

Արձագանգելով ՔՊ-ական պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանի այն յայտարարութեան, թէ ընդդիմութիւնը պատերազմ կ՛ուզէ, Խաչատրեան հակադարձեց, որ ընդդիմութեան նպատակը արժանապատիւ խաղաղութիւնն է, ոչ թէ նոր բախումներու հրահրումը։ «Մեր տեսլականը այլ է․ պէտք է ըլլայ մարտնչող կողմերու նուազագոյն իրաւական շահերու պաշտպանութիւն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն, ոչ թէ անձնատուութիւն»,– ըսաւ ան։

Խաչատրեան նաեւ մատնանշեց հնարաւոր տնտեսական հետեւանքները՝ նշելով, որ Իրանը Հայաստանի հիմնական առեւտրական ուղիներէն մէկն է, եւ ճանապարհներու փակումը կրնայ լուրջ կորուստներու յանգեցնել, ներառեալ օդային փոխադրումներու խաթարումը հարաւային եւ արեւելեան ուղղութեամբ։ Ան հարց բարձրացուց, թէ արդեօք կառավարութիւնը այլ երկիրներու հետ բանակցութիւններ վարա՞ծ է՝ հայ գործարարներու շահերը պաշտպանելու եւ այլընտրանքային ճանապարհներ ապահովելու համար։

Անդրադառնալով անվտանգային բաղադրիչին՝ դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ զինուած ուժերը պէտք է բարձր մակարդակի պատրաստականութեան բերուին։ «Եթէ վաղը տասնեակ հազարաւոր մարդիկ Իրանէն գան Հայաստան, ունի՞նք ծրագիր զանոնք պաշտպանելու»– հարցուց ան՝ նշելով, որ նման իրավիճակներու պարագային պետութիւնը պարտաւոր է գործել նախապատրաստուած եւ համակարգուած կերպով։

Խաչատրեանի գնահատմամբ՝ տարածաշրջանային զարգացումները կանխատեսելի էին, եւ Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր էին նախապէս հաշուի առնել հնարաւոր սրացումները։ Ան եզրափակեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է ոչ թէ անգործութիւն, այլ յստակ դիրքորոշում, պատրաստականութիւն եւ պետական մտածողութիւն։