Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Ազրպէյճանին Արցախի Հայերու Վերադարձի Իրաւունքը Ապահովել Պարտաւորեցնող Որոշում Մը Հրապարակեց
Լա Հէյի դատարանը հրապարակեց որոշում մը` Ազրպէյճանի դէմ միջանկեալ միջոց կիրարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումի վերաբերեալ. որոշումը կարդաց ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանի նախագահ Ճոան Տոըհիուն:
«Դատարանը կը կիրարկէ հետեւեալ ժամանակաւոր միջոցները.
1.- Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման հռչակագիրի իր պարտաւորութիւններուն համաձայն ապահովել, որ այն անձերը, որոնք 19 սեպտեմբեր 2023-էն ետք Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացած են եւ կ՛ուզեն Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալ, կարենան ատիկա ընել ապահով, առանց խոչընդոտներու եւ արագօրէն:
2.- Ապահովել, որ այն անձերը որոնք 19 սեպտեմբեր 2023-էն ետք Լեռնային Ղարաբաղ կը մնան եւ կ՛ուզեն հեռանալ, կարենան ատիկա ընել անվտանգ, առանց խոչընդոտներու եւ արագօրէն:
3-Ապահովել, որ այն անձերը, որոնք 19 սեպտեմբեր 2023-էն ետք Լեռնային Ղարաբաղ կը մնան կամ Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձած են եւ կ՛ուզեն այնտեղ մնալ, զերծ մնան ուժի գործադրումէն եւ ահաբեկումէն, որ կրնայ անոնց հեռանալուն պատճառ դառնալ:
13/2 քուէներու յարաբերակցութեամբ` Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է հռչակագիրին համաձայն իր ունեցած պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ պաշտպանել եւ պահպանել արձանագրման ինքնութեան եւ անձնական գոյքի փաստաթուղթերն ու արձանագրման մատեանները, որոնք կը վերաբերին առաջին կէտին մէջ նշուած անձերուն, եւ յաւուր պատշաճի ու յարգանքով վերաբերիլ անոնց, եւ հիմք ընդունիլ այդ փաստաթուղթերը իր օրէնսդրական ու վարչական գործին մէջ:
13/2 քուէներու յարաբերակցութեամբ` Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է հաշուետուութիւն ներկայացնել դատարանին այն քայլերուն վերաբերեալ, որոնցմով պիտի ապահովուի ժամանակաւոր միջոցներու կատարումն ու Ազրպէյճանի կառավարութեան անունով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը, որոնք հնչեցին 12 հոկտեմբերի դատական քննութեան ժամանակ: Ատիկա պէտք է ընել այս որոշումին հրապարակումէն ետք ութ շաբթուան ընթացքին»:
Comments are closed.