Անիթա Անանտ եւ Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյցով քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի կացութիւնը
- (0)

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած կացութիւնը՝ ընդգծելով շրջանին մէջ շարունակուող լարուածութեան հետեւանքով յառաջացած անվտանգային մարտահրաւէրները։ Կողմերը կարեւոր նկատած են ճգնաժամային պայմաններու մէջ սերտ գործակցութեան եւ շարունակական հաղորդակցութեան պահպանումը։
Միրզոյեան զրոյցի ընթացքին վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ անհրաժեշտութեան պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով աջակցելու Գանատայի քաղաքացիներու Իրանէն տարհանման գործին։
Երկուստեք ընդգծուած է նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ տեղեկատուութեան փոխանակման եւ փոխադարձ համակարգման անհրաժեշտութիւնը։