Արայիկ Յարութիւնեան Պաքուի դատարանին մէջ մերժած է իր դէմ ներկայացուած մեղադրանքները

Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ յուլիս 28-ին շարունակուած է Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ միւս հայ գերիներու վերաքննիչ բողոքներու քննութիւնը։

Ատրպէյճանի պետական մեղադրողները դատարանէն պահանջած են մերժել վերաքննիչ բողոքները եւ անփոփոխ ձգել Պաքուի զինուորական դատարանին հրապարակած ծանր ու անհիմն դատավճիռները։ Պաշտպանները, իրենց կարգին, պահանջած են բեկանել առաջին ատեանի որոշումները եւ արդարացնել իրենց պաշտպանեալները։

Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած է, որ չ’ընդունիր իր դէմ ներկայացուած մեղադրանքները։ Բակօ Սահակեան նշած է, որ իր պատասխանը պիտի ներկայացնէ յաջորդ նիստին, որ նշանակուած է յուլիս 31-ին։

Ատրպէյճանի քաղաքականացուած դատավարութիւններուն հետեւանքով Արցախի նախկին ղեկավարներէն եւ զինուորականներէն հինգը դատապարտուած են ցկեանս, իսկ միւսները՝ 15-էն 20 տարուան ազատազրկման։ Ռուբէն Վարդանեան առանձին դատավարութեամբ դատապարտուած է 20 տարուան բանտարկութեան։ Հայ գերիներու ազատ արձակման եւ հայրենադարձութեան պահանջը կը շարունակէ մնալ հայկական կողմի եւ միջազգային իրաւապաշտպան շրջանակներու օրակարգին վրայ։