Արամ Մանուկեանի յուշակոթողը եւ այլ ազգային պարտամուրհակներ
Նախորդ Վարչապետի շտապ հրաժարականէն ետք հարց տուինք, թէ ի՞նչ էր աշխատանքային կարգավիճակը Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին և մեզի ըսուեցաւ, որ Ժողովրդային Շարժման ցոյցերու ալիքին մէջ աշխատանքները կասած էին և արձանի տեղադրումը յետաձգուած՝ Յունիսի երկրորդ կէսին։
Իմ անկեղծ յոյսն է, որ յետաձգման այս պատեհութիւնը, առանց այլևայլի, առաջնորդէ նոր կառավարութիւնը այս ծրագրի աւելի հիմնական վերանայման ցոլացնելով այն անկեղծ, անկաշկանդ և ապագայասևեռ մտածողութիւնը, որ մեր ժողովուրդը պիտի պահանջէ Վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութենէն։ Յուշակոթողի այն նախագիծը, որ նախորդ իշխանութեան կողմէ որդեգրուեցաւ, որպէս յղացք՝ բացարձակապէս անյարիր է Արամ Մանուկեանի էութեան։ Բազմաթիւ փորձերէ ետք, այս քանդակագործը ապացուցեց, որ ինք այս յանձնարարութեան մակարդակին վրայ չի գտնուիր։ Ան չ՚ըզգար Արամը, ինչպէս մեր ժողովուրդը զգացած է զայն վերջին հարիւր տարուան ընթացքին։ Իմ անկեղծ ցանկութիւնն է, որ այս նախաձեռնութիւնը իր ներկայ ձևին մէջ ամբողջութեամբ առկախուի։
Փոխարէնը պէտք է ստեղծուի նոր յանձնաժողով Պր. Վարչապետի ուղիղ պատասխանատւութեան տակ և ոչ՝ Երևանի Քաղաքապետութեա՛ն։ Յանձանժողովին մէջ ընդգրկուին ազգին լաւագոյն հեղինակութիւնները ոչ միայն արուեստի, այլ անպայման պատմութեան, ազգագրութեան, մշակութաբանութեան մարզերէն։ Ոչ միայն Երկրէն, այլև Արտերկրէն։ Յայտարարուի նոր մրցոյթ, որուն հրաւիրուին մասնակցելու քանդակագործներ թէ՛ Երկրէն և թէ՛ Արտերկրէն։ Ներկայացուած նախագծերը իրենց վերջնական ձևին մէջ դրուին քննարկման և ի վերջոյ քուէարկութեան միաժամանակ թէ՛ Յանձնաժողովին կողմէ և թէ՛ համաժողովրդական մակարդակով։ Յանձնաժողովի քուէարկութեան արդիւնքը վերջին գնահատականին մէջ ունենայ 75% կշիռ, իսկ համաժողովրդական քուէն՝ 25%։ Անշուշտ, այս վերջին ֆորմիւլը միշտ կարելի է քննել։ Արձանի տեղադրման համար թուական ընդունիլ Արամ Մանուկեանի մահուան 100- ամեակը Յունուար 2019-ին։
Եւ վերջապէս կարևոր է, որ յուշակոթողը զետեղուի Հանրապետութեան Հրապարակին կեդրոնը։
Միաժամանակ կարևոր է, որ նոր կառավարութիւնը իր օրակարգին վրայ դնէ հետևեալը.
(ա) Արամի տունը ազատել իր ներկայի գերութենէն, զայն վերականգնել իր ամբողջութեանը մէջ և զայն վերածել Արամ Մանուկեանի Տուն Թանգարանի։
(բ) Առաջին Հանրապետութեան Կառավարութեան Տունը ազատել իր ներկայի անփառունակ վիճակէն և զայն վերածել Առաջին Հանրապետութեան Թանգարան-Հետազօտական Հիմնարկի։
(գ) Նալբանդեան Պողոտայէն մինչև Գարեգին Նժդեհի արձանը երկարող զբօսայգին վերանուանել Առաջին Հանրապետութեան Զբօսայգի և այդ տարածքին վրայ կանգնել արձանները Հանրապետութեան վարչապետներուն, Խորհրդարանի Նախագահներուն, Սպարապետներուն և այլ բազմերախտ գործիչներու։
(դ) Ազատել Պուշկինի վրայ գտնուող Զօր. Սիլիկեանի և Յովհաննէս Քաջազնունիի տուները և զանոնք վերածել Տուն Թանգարաններու։
Այս բոլորէն ետք, կարևոր է, որ պատրաստուի զբօսաշրջութեան մէկ ամբողջական շրջապտոյտի ուղեծիր-յղացք Առաջին Հանրապետութեան բոլոր կարևոր վայրերու և շէնքերու ընդգրկումով։
Վերջապէս ՀՀ մայրաքաղաքի այսօրինակ «անհատականացում»ը կենսական նշանակութիւն ունի հայութեան վաղուան սերունդներու դաստիարակութեան համար։ Հայոց երկրի քաղաքացին հպարտութեան նոր մակարդակ մը կը նուաճէ այս խիզախ քայլերով։ Մտնել մայրաքաղաքի դռներէն ներս այլ բան չէ, եթէ ոչ շնչել պատմութիւնը մեր երկրին։ Եւ մեր պատմութիւնը պէտք է խօսի այդ պատերէն ճիշտ ինչպէս կը պատգամէ Պարոյր Սևակ՝ «Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»…
Կարօ Արմենեան
Յունիս 10, 2018
Ուաշինկթըն