Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մասնակցեցաւ Ֆրանսիս Պապին հետ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին

30 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Վատիկան, մասնակցելու Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին ներկայութեան: ժողովը կայացաւ 1 Յուլիսին, եւ կը բաղկանար երկու մասերէ՝ Լիբանանի ներկայ կացութեան քննարկում եւ Լիբանանի զօրակցութեան նուիրուած հրապարակային արարողութիւն:

Յիշեալ ժողովի նախաձեռնութեան մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր դեր ունեցաւ՝ շուրջ երկու ամիսներ առաջ Պապին ուղղած իր նամակին ճամբով: Թէ՛ լիբանանեան եւ թէ եւրոպական ու վատիկանեան լրատու աղբիւրները յատուկ կերպով անդրադարձան Վեհափառ Հայրապետին ունեցած դերակատարութեան՝ միաժամանակ հարցազրոյցներ ունենալով իր հետ:Å

1 Յուլիս 2021-ին, Վատիկանի Պապական ժողովասրահին մէջ ընթացք առաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովը, ներկայութեամբ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին։

Ժողովի առաջին նիստին դասախօսութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը՝ «Ընկերային-քաղաքական Ներկայ Տագնապը Լիբանանէն Ներս Եւ Զայն Դիմագրաւելու Ազդու Միջոցները» նիւթին շուրջ։ Նորին Սրբութեան դասախօսութենէն ետք շուրջ երկու ժամ տեղի ունեցաւ լայն քննարկում։ Ներկաները դրական կերպով արձագանգեցին Վեհափառ Հայրապետին կատարած իրապաշտ վերլուծումներուն՝ հարցերը յստակացնալու եւ երկիրը ներկայ քաղաքական ու տնտեսական տագնապէն դուրս հանելու պարզած իր տեսակէտներուն գծով։

Երկրորդ նիստին դասախօսութիւն տուաւ մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաաի Պատրիարքը՝ «Եկեղեցւոյ Մարդասիրական Ու Կրթական Դերը Լիբանանի ներկայ Կացութեան Լոյսին Տակ» նիւթին շուրջ։ Ներկաները բաժնեցին Պատրիարքին պարզած մտահոգութիւնները, սակայն որոշ վերապահութիւն յայտնեցին անոր առաջարկած չէզոքութեան եւ Լիբանանի համար միջազգային համագումարի մը կազմակերպման գաղափարին շուրջ։

Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ երկու նիստերու ընթացքին յաճախակի կերպով խօսք առնելով կատարեց կարգ մը յստակացումներ՝ միշտ շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան կարեւորութիւնը եւ այս ծիրէն ներս հարցերը քննարկելու եւ լուծումներ որոնելու հրամայականը։

Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով իր պատկերացումը ներկայացուց հինգ կէտերու մէջ.-

1) Վերահաստատել մեր յանձնառութիւնը, վերանորոգ շեշտով շարունակել քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը հասարակաց արժէքներու վրայ հիմնուած՝ յարգելով համայնքներու փոխադարձ իւրայատկութիւնները ու իրաւունքները։

2) Շեշտել նոր կառավարութիւն ունենալու հրամայականը, որպէսզի ան ընկերային-տնտեսական հարցերու առաջնահերթութիւն կարենայ տալ՝ հոգալու ժողովուրդին աճող կարիքները։

3) Վերահաստատել «թաէֆ»ի համաձայնագիրին ամբողջական գործադրութիւնը, նկատի ունենալով յիշեալ համաձայնագիրին հիմքը կազմող քրիստոնեայ-իսլամ հաւասար համակեցութեան սկզբունքը։

4) Եկեղեցիներ նոր թափ տալու կոչուած են իրենց ծառայութեան կրթական, ընկերային, մարդասիրական եւ առողջապահական մարզերէն ներս։

5) Վատիկանի ժողովին քննարկած նիւթերը եւ հաւաքական մօտեցումները անհրաժեշտ է, որ վերածուին գործընծացքի՝ ուղղուած Լիբանանի վերականգնումին։ Այս գործընթացքին մաս պէտք է կազմեն նաեւ իսլամ համայնքները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները։ Վատիկանը, իր կարգին, կոչուած է կարեւոր դեր ունենալ յիշեալ գործընթացքին ուղղութեամբ՝ միջազգային համայնքէն ներս իր ունեցած բարոյական հեղինակութեամբ։

Վերոյիշեալ կէտերուն մէջ ամփոփուած Վեհափառ Հայրապետին պատկերացումը գնահատանքով ընդունուեցաւ ժողովին կողմէ։

Հանդիպման աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց ժողովին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն եւ խոստացաւ Լիբանան այցելել նոր կառավարութիւն կազմուելէն անմիջապէս ետք։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.