Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորի Պատգամը. Համախմբուինք Ազգի Ու Հայրենիքի Գերագոյն Շահերուն Շուրջ

Նոր տարուան սեմին, քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Նոր տարին մարդը, անհատապէս թէ հաւաքաբար, ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան հրաւիրող պահ է: Եկէք պահ մը մեր հայեացքները սեւեռենք հայ կեանքին վրայ:

Ինչպէս համայն մարդկութիւնը, նոյնպէս մեր ժողովուրդը կը շարունակէ ապրիլ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն մէջ: Սփիւռքի բոլոր գաղութները, առաւել կամ նուազ չափով, կը դիմագրաւեն այլազան մտահոգութիւններ: Այս ծիրին մէջ, յատկապէս Լիբանանի հայութիւնը կ՛ապրի ծանր օրեր` տնտեսական աննախընթաց տագնապին հետեւանքով: Հակառակ ներկայ դառն պայմաններուն, մենք պիտի շարունակենք վերանորոգ հաւատքով ու վճռականութեամբ, վերականգնումի մեր հաւաքական երթը` միշտ ըլլալով մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ու անոնց կողքին:

Արդարեւ, 2022 տարին հռչակած ենք «Սփիւռքի տարի»: Կը հրաւիրեմ մեր բոլոր կառոյցները, մամուլը, մտաւորականները եւ գաղութները` իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ հայեացքով եւ այս առիթով հրապարակած մեր հայրապետական գիրը ունենալով իբրեւ ուղեցոյց, նախ, ինքնարժեւորումի ենթարկելու եւ ապա վերակազմակերպումի առաջնորդելու սփիւռքը: Սա հրամայական ու անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է:

Դառնանք Հայաստանին: Մեր հայրենիքը կը շարունակէ անորոշութեան ու յուսահատութեան ալիքներու մէջ օրօրուիլ: Մէկ կողմէն` ներհայաստանեան քաղաքական լարուած մթնոլորտը կը ջլատէ մեր հաւաքական ուժը: Միւս կողմէն` թշնամին յաղթապանծ դիրքերէ պայմաններ կը դնէ Հայաստանին` անտեսելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ` միջազգային օրէնքը:

Այո՛, մենք փոքր երկիր ենք. հարկ է իրատես մօտեցում ունենալ տարածաշրջանի ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին նկատմամբ: Սակայն, այդ չի նշանակեր, որ Հայաստանը ըսելիք պիտի չունենայ իր ազգային շահերուն առնչուած եւ իր ներկան ու ապագան ճշդող խնդիրներուն գծով:

Այո՛, տարածաշրջանին մէջ համապարփակ ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման համաձայն ենք. բայց ո՛չ պարտուողական ու զիջողական դիրքերէ:

Այո՛, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական զարգացումներու նպաստող ծրագիրներու համաձայն ենք. բայց ո՛չ ի հեճուկս Հայաստանի ու Արցախի գերիշխանութեան, անկախութեան, անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան:

Այսօր, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ համադրուած փանթուրանական ռազմավարութիւն մը կը փորձուի ի գործ դրուիլ Հայաստանի եւ ամբողջ շրջանին նկատմամբ: Ըլլանք զգօն ու հեռատես: Արդարեւ, որեւէ համաձայնագիրի ստորագրութիւն Ազրպէյճանի հետ, ուր Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ներառուած է Արցախը, նոյնպէս, որեւէ համաձայնութիւն Թուրքիոյ հետ, որ կ՛ընդունի Թուրքիոյ բացայայտ նախապայմանները, փաստօրէն Հայաստանի կողմէ խախտում պիտի ըլլայ անկախութեան հռչակագիրին եւ Սահմանադրութեան սկզբունքներուն: Նման վտանգալից քայլերու նկատմամբ սփիւռքը չի կրնար անտարբեր մնալ: Համահայկական խնդիրներու քննարկման մէջ սփիւռքը իր գործօն մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ` ինչպէս յաճախ շեշտած ենք: Մեր թշնամիները եւ բարեկամները պէտք է իմանան, որ Հայաստանը անտէր չէ, որբ չէ, ամբողջ սփիւռքը իր կողքին է, հայութիւնը մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն է:

Ինչ-ինչ պատճառներով ճակատամարտ մը կորսնցուցինք, բայց ոչ` պատերազմը: Ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ամրապնդման եւ մեր ազգային իրաւունքներու վերահաստատման համահայկական պայքարը կը շարունակուի…

Համահայկական պայքարը պէ՛տք է շարունակուի`

– հայոց բանակը վերակազմակերպելով ու զայն արդիական զէնքերով օժտելով:

– մեր սահմանները պաշտպանելով` ի պահանջել հարկին ժողովրդային դիմադրութեան դիմելով:

– մարտունակ ոգիով բանակցութիւններ վարելով:

– համախմբուելով հայրենիքի գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն շուրջ:

Նոր տարուան սեմին, եկէ՛ք վերանորոգենք մեր ազգային ուխտը, եւ առաւել հաւատքով ու կամքով գօտեպնդուած ողջունենք զիրար ըսելով` շնորհաւոր Նոր տարի: Թող Աստուած օրհնէ մեր ազգին բոլոր զաւակները եւ ամէն տեսակի չարէ ու չարիքէ հեռու պահէ մեր ազգն ու հայրենիքը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.