Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամ Յակոբ Բագրատունի

17 մարտ 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամ Յակոբ Բագրատունիի, որ Հայաստանէն վերադարձին մայրավանք այցելած էր ստանալու համար վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

Բագրատունի վեհափառ հայրապետին յայտնեց, թէ Բիւրոյի նորընտիր կազմին մէջ իրեն յանձնուած է Միջին Արեւելքի պատասխանատուութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ի տես Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ երկար տարիներու անոր ծառայութեան, յատկապէս կրթական, համայնքային, քաղաքական ու կուսակցական բնագաւառներուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնեց, որ վերանորոգ նուիրումով ան պիտի շարունակէ իր ազգային ծառայութիւնը` աւելի լայն ծիրի մէջ, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն, երբ շրջանին մէջ մեր համայնքները կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէրներ: