Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին նուիրուած գիտաժողով եւ Ոսկան Երեւանցիի ֆիլմի ներկայացում

 Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին եւ ձեռնարկի հովանաւորութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններու, Շաբաթ, 10 Մարտ 2018ին, տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան350-ամեակին նուիրուած գիտաժողովը եւ Ոսկան Երեւանցիի ֆիլմի ներկայացումը։

 Բացման խօսքը կատարեց ձեռնարկի նիստավար՝ պրն. Հրաչ Գասպար, որ ներկայացուց ձեռնարկի կարեւորութիւնը համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ ծանօթացուց ներկաները Ոսկան Երեւանցին եւ իր դարը։ Պրն. Գասպար շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր քաղաքական ներկայացուցիչներուն, եկեղեցական պետերուն, որոնք ներկայ էին ձեռնարկին, ինչպէս նաեւ գիտաժողովի եւ ֆիլմի ներկայ հանրութեան։

 Գիտաժողովի առաջին դասախօսն էր Փրոֆ. Ատրիանա Պարրա, որ խօսեցաւ Աստուածաշունչի եւ Աւանդութեան մասին։ Վերապատուելի Տոթք. Մանուէրլ Ճինպազեան խոսեգաւ Հինգերորդ դարու Ատուածաշունբի առաջին հայրերէն թարգմանաութենէն մինչեւ Երեւանցիի տպագիր օրինակը։ Խաժակ Արք. Յակոբեան ներկայացուց Հայերէն Աստուածաշունչի կանոնանակն կառոյցը եւ Ոսկան Երեւանցիի տպագրած տարբերակը։ Բաբգէն Արք. Չարեան, գիտաժողովի վերջին դասախօսը, կատարեց Հաւատքի ու ազգակերտման պատմական զուգահերներ եւ անդրադարձաւ տպագիր առաջին հայերէն Աստուածաշունչի ներազդեցութեան մասին։ Գիտաժողովի համադրիչն էր՝ պրն. Հրաչ Գասպար։

 Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ ՈՍԿԱՆ ֆիլմը, որուն բեմադրիչն է՝ Յակոբ Փափազեան եւ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։

 Գիտաժողովի աւարտին, հարց եւ պատախանի բաժնէն ետք, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր դասախօսներուն, նիսվարարին, ձեռնարկի հովանաւորներուն եւ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն ու «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց գիտաժողովը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.