Ասկէ՞ ետք. Ոճիրը կը շարունակուի

Ի՛նք եւ բոլոր իր նմանները, որոնց միշտ շնորհապարտ պիտի մնանք, պիտի առնե՞ն յաջորդ քայլերը։

Չէ՞ որ Ոճրագործը չէ՛ պատժուած, Զոհը չէ՛ հատուցուած։

Եւ ո՛չ միայն։

Ոճիրը կը շարունակուի։ Առ այսօր կը շարունակուի։ Հայը եւ հայութիւնը անհետացնելու յանցագործութիւնը վերջ չէ՛ գտած։ Բացէ ի բաց հռչակուած նպատակ է։

Բառը գործածուեցա՛ւ։ Գործածուեցաւ Բա՛ռը։

Ցեղասպանութի՛ւն։ Գործածողին լեզուով՝ Genocide։

Իսկ Բառը գործածողը՝ շատ կարեւոր անձնաւորութիւն մը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը։ Նախագահ մը, որ 2021 ապրիլ 24-ին զայն գործածելով, անցաւ պատմութեան։

Արդարեւ, ան՝ Ճօ Պայտըն, իր լեզուի այբուբենով՝ Joe Biden, ամբողջական անունով՝ Joseph Robinette Biden Jr., երկրի 46-րդ նախագահը, ծնեալ 1942 նոյեմբեր 20-ին, կատարեց պարտք մը, որ իր նախորդներէն ոչ մէկը կատարած էր, համարձակած էր կատարելու, յարգեց խոստում մը, որ իր նախորդներէն ոչ մէկը յարգած էր, զայն կանխապէս տուած ըլլալով հանդերձ։ Այս իրողութեամբ միայն ան արդէն անցած եղաւ պատմութեան՝ իր երկրի պատմութեան, հայո՛ց պատմութեան ու աշխարհի՛ պատմութեան։

Շնորհակալութի՛ւն, պարոն նախագահ։

Շնորհակալութիւն ի՛մ կողմէ, իմ սերունդին կողմէ, ծնողքիս ու անոնց ծնողներուն, ինչպէս եւ զաւակներուս եւ անոնց զաւակներուն սերունդներուն ալ կողմէ։ Մեծ եղեռնին նահատակուածներուն եւ Անկէ ճողոպրածներուն ու վերապրածներուն կողմէ։

Շնորհակալութիւն՝ այդ մէկ հատիկ Բառը արտասանելուդ համար։

Իսկ ասկէ՞ ետք։

Տարեգրութեան մէջ պարզապէս պիտի արձանագրուի՞, թէ ԱՄՆ-ի նախագահը խոստում յարգող անձնաւորութիւն մըն էր, խոստացած էր արտասանել Բառը, արտասանեց ու վե՞րջ։ Ինչպէս շատ ուրիշ երկիրներու նախագահներ ու վարչապետեր արտասանած են ցարդ ու տակաւին ուրիշներ ալ կրնան հետեւիլ անոնց։

Սակայն Բառը արտասանած ըլլալուն համա՞ր միայն ան պիտի անցնի պատմութեան. կամ այդ բոլոր միւսները այդ խորհրդաւո՜ր Բառը արտասանելո՞վ միայն պիտի անցնին, կամ ոմանք արդէն անցած են պատմութեան, թէ՞ անկէ ետք Ցեղասպանութեան ոճիրին գիտակցութեամբ գործած ըլլալնուն համար՝ այդ ընելու քաջութիւնը, արժանապատւութիւնը եւ կամքը ցուցաբերելով։ Իբր Մա՛րդ, իբր Ղեկավա՛ր, իբր Առաջնո՛րդ։

Չէ՞ որ Բառը բառ մըն է պարզապէս, հազարաւոր, հարիւր հազարաւոր ուրիշ բառերու, ուրիշ բարդ բառերու նման, անգամ բարդ նշանակութեամբ բառերու նման, որոնք բառարաններուն մէջ կը քնանան, ինչպէս մարդասպանութիւնը, անձնասպանութիւնը, մինչեւ անգամ… մրջնասպանութիւնը։ Բառը իմաստ կ՚ունենայ եթէ…

Եթէ անոր գործածութիւնը յանձնառութի՛ւն մը արտայայտէ։

Եթէ համոզումի մը, գաղափարականի մը, հաւատքի մը վկայութիւնը հանդիսանայ, մարդկային անբռնաբարելի իրաւանց գիտակցութիւն մը, անոր համաձայն յաջորդ քայլերը առնելու պատրաստակամութիւն մը ցոյց տայ։

Աշխարհի թիւ մէկ գերպետութեան թիւ մէկ ներկայացուցիչը, անտեսելով 1915 – 1923 տարիներուն հայութիւնն ու Հայաստանը աշխարհի երեսէն կանխամտածուած, ծրագրուած ձեւով ջնջելու Ոճիրը Ցեղասպանութիւն բառով բնութագրելու բոլոր անպատեհութիւնները, որոնք սանձնա՛ծ էին իր նախորդները, կապկապա՛ծ էին անոնց լեզուները, մեծ քայլ մը առած եղաւ։ Իրեն պատիւ բերող քայլ մը։ Իր կենսագիծին մէջ ոսկի տառերո՛վ գրուելիք քայլ մը։

Բայց ասկէ՞ ետք։

Ի՛նք եւ բոլոր իր նմանները, որոնց միշտ շնորհապարտ պիտի մնանք, պիտի առնե՞ն յաջորդ քայլերը։

Չէ՞ որ Ոճիրը անժամանցելի է, ինչպէս յայտարարած է օրին Ժողովուրդներու մնայուն դատարանը։

Չէ՞ որ Ոճրագործը չէ՛ պատժուած, Զոհը չէ՛ հատուցուած։

Եւ ո՛չ միայն։

Ոճիրը կը շարունակուի։ Առ այսօր կը շարունակուի։ Հայը եւ հայութիւնը անհետացնելու յանցագործութիւնը վերջ չէ՛ գտած։ Բացէ ի բաց հռչակուած նպատակ է։ Անդուլ հետապնդուո՛ղ գործելակերպ։

Իսկ հատուցումը չի՛ կատարուիր։ Չի կատարուիր Ոճրագործի՛ն կողմէ, չի կատարուիր նաեւ աշխարհի՛ն կողմէ։

Բայց ո՛չ միայն։

Աշխարհը կը շարունակէ սիրաբանիլ նոյն այդ Ոճրագործին հետ, ինչպէս սիրաբանած է Խրիմեան Հայրիկի Երկաթէ շերեփի պատմութեան օրերէն։ Նոյն այդ աշխարհը, որուն մաս կը կազմեն մեզի համար այնքան կարեւորութիւն ներկայացնող այդ Բառը արտասանող նախագահներ ու վարչապետեր։

Ուրեմն ասկէ ե՞տք…

Շատ է երկար ճանապարհը մեր առջեւ։

Եւ ձե՛ր առջեւ, պարոնայք Պայտըն եւ մասամբ նորին։

Շարունակելի…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.