Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեան իր օրհնութիւնը փոխանցեց ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան

Շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2019-ին, Գէմպրիճի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Պատգամաւորական ժողովը։

Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, այցելեց երիտասարդները՝ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնէն ներս եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք ժամանած էին Գանատայի տարբեր շրջաններէն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «երիտասարդութիւնը անքակտելի մասնիկն է մեր հաւաքական կեանքի մէջ, դուք մեր ներկան էք եւ ձեզմով կը կերտենք մեր ապագան»։ Խրախուսեց երիտասարդ ժողովականները, որ հաւատքով շարունակեն իրենց գործնական մասնակցութիւնը՝ կազմակերպչական մեր կեանքէն ներս։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.