Աջակցինք Սուրիահայութեան. ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կոչը

Սիրելի Հայրենակիցներ,

Փետրուար 6, 2023-ին, Սուրիոյ մէջ պատահած 7.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժին պատճառով, Սուրիոյ հայութիւնը կը գտնուի տագնապալի կացութեան մէջ: Հալէպն ու շրջակայ բնակավայրերը ցնցած երկրաշարժը մահ ու աւեր սփռած է։

Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբին եւ մեր ուղեկից կազմակերպութիւններուն հետ համատեղուած ճիգերով, իր  աջակցութիւնը պիտի բերէ երկրաշարժէն տուժած սուրիահայ գաղութի զաւակներուն։

Սուրիահայութիւնը Սփիւռքի եւ Միջին Արեւելքի կարեւոր մէկ համայնքը ըլլալով, համայն հայութեան հոգատարութեան արժանի է: Գործնապէս մասնակցինք մարդասիրական այս օժանդակութեան, որովհետեւ Սուրիոյ մեր քոյրերն ու եղբայրները այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունին մեր զօրակցութեան։

Այսու կոչ կ’ուղղենք համայն գանատահայութեան, միասնական ջանքերով մասնակցելու այս նուիրահաւաքին, օգնելու սուրիահայութեան, որպէսզի յաղթահարէ դժուարութիւնները, եւ ամո՛ւր պահէ մեր կառոյցները։

Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.-

 

1) Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Relief Society of Canada

3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5

2) Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/

սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Syria fund-ը՝

https://ars-canada.ca/event/ars-canada-earthquake-fund-raiser/

3) Ե-փոխանցումով (E-transfer), ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ե-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca

Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել թէ՝ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Սուրիոյ Օժանդակութեան,- AID TO SYRIA

Վստահ ենք որ անգամ մը եւս Գանատայի մեր հայրենակիցները անվերապահօրէն պիտի աջակցին Սուրիահայութեան դրամահաւաքի օժանդակութեան աշխատանքներուն:

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

14 Փետրուար, 2023

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.