Ապրիլեան Պատերազմէն Ետք Թալիշի Մէջ Առաջին Հարսանիքը
- (0)

Ապրիլ 28ին, Թալիշի մէջ տեղի ունեցաւ հարսանիք` առաջին անգամ ապրիլեան պատերազմէն ետք:
Թալիշցիներ Տիգրան Պետրոսեանի եւ Լիլիթ Բիրուզեանի հարսանեկան արարողութիւնը կայացաւ Արցախի հանրապետութեան նախագահի անմիջական հովանաւորութեամբ: 2016-ի Ապրիլէն ետք Տիգրանի եւ Լիլիթի ընտանիքները ստիպուած էին ապաստանիլ Արցախի տարբեր բնակավայրերու`Ասկերանի եւ Մարտակերտի շրջաններու մէջ:
«Վերջին մէկ տարին ես կը բնակիմ Թալիշի մէջ`արդէն մեր հիմնական տան մէջ, որ պատերազմէն ետք վերակառուցած ենք: Այժմ բացի այն, որ կը ծառայեմ Բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ, նաեւ ներգրաւուած եմ Թալիշի վերականգնման ուղղուած շինարարական աշխատանքներուն»,- նշած է Տիգրանը Առաւօտ թերթի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
(Լուսանկարը՝ Լուսինէ Թեւոսեանի)