Անխափան եթեր դէպի նորանոր 30-ամեակներ. Նոր Հայ Հորիզոն-ի 30-ամեակ

1993 թուականին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն առաւ հեռատեսիլի հայկական ծրագիր մը հիմնելու խիզախ քայլը, որուն միտքը, կամքն ու խիղճը հանդիսացաւ հանգուցեալ ընկեր Սուրէն Չէքիճեանը:

Այդ օրերուն, ցնորական կը թուէր այս աշխատանքին յարատեւումը: Բայց կար յամառօրէն յարատեւելու կամքը:

Եւ ահա այսօր, 30 տարիէ ի վեր Նոր Հայ Հորիզոն-ը կայ ու պատնէշի վրայ է: Հեզասա՞հ էր ընթացքը:

Բնականաբար ոչ:

Դիւրին աշխատանք չէ:

Canadian Radio-television and Telecommunications Commission-ի օրէնքներ, հեռատեսիլի կայանի պայմաններ, ծանուցումներու փնտռտուք, նպաստներու դիմում, նիւթականի աղբիւրի որոնում:

Այս նշածներս միայն վարչական բաժիններն են:

Ասոնց վրան կ’աւելնայ «Նոր հայ հորիզոն»-ի բովանդակութիւն պատրաստելու աշխատանքը: Օրը 24 ժամ, շաբաթը 7 օր, անընդհատ խմբակը կ’աշխատի մեզի ներկայացնելու համար շաբաթական յայտագիրներ: Պէտք է ստեղծել, որոնել, պատշաճեցնել, հիւրեր գտնել, թեմաներու շուրջ զրուցել: Մէկ ժամուան յայտագիրը շաբաթներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է: Մեր գնահատանքը այս առումով բառերով չենք կրնար արտայայտել:

Անդրադառնանք նաեւ թելեթոններուն: «Նոր հայ հորիզոն»-ը արտադրած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանին ի նպաստ տարեկան թելեթոնները, ինչպէս նաեւ հանգանակային տարբեր թելեթոններ, պարբերաբար, երբ կարիքը եղած է հասնելու հայրենի թէ սփիւռքեան տարբեր գաղթօճախներու մեր հայրենակիցներու կարիքներուն: Թելեթոններու աշխատանքն ալ կ’աւելնայ քիչ առաջ նշած բոլոր աշխատանքներուն:

Ինչպէ՞ս չանդրադառնամ, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կ’արտադրուին յայտագիրները: Սկզբնական շրջանին, սթիւտիօ (արուեստանոց) չկար, յայտագիրները կը պատրաստուէին Սուրէն Չէքիճեանի տան ներքնայարկին մէջ: Ապա ժամանակաւոր սթիւտիօ մը տրամադրուեցաւ Հայ երիտասարդական կեդրոնի երկրորդ յարկին վրայ:

Իսկ COVID-19-ի համավարակի օրերուն, ամէն բան դարձաւ առցանց: Պաշտօնէութիւնը առանց տատամսելու, առանց գանգատելու եւ անմիջապէս կրցաւ յայտագիրներ մշակել առցանց, առանց նոյնիսկ մեզի զգացնելու, թէ ինչ դժուարութիւններէ անցաւ, որպէսզի Եթերը պահէին անխափան:

Եւ ոչ միայն այդ. համավարակի շրջանին, գիտարուեստի յարափոփոխ զարգացումին հետ համահունչ ընթանալու համար խմբակը զարգացուց «Նոր հայ հորիզոն»-ի թուային բնագաւառը եւ յատկապէս ընկերային ցանցերու իր կարողականութիւնը եւ այդպէս հասանելի դարձուցին աշխարհի չորս կողմը գտնուող հայ հեռուստադիտողին: «Նոր հայ հորիզոն»-ը այսօր կը հիւրընկալէ ոչ միայն տեղական հիւրեր, այլ՝ հիւրեր հայրենի թէ սփիւռքի բոլոր համայնքներէն:

Այսօր, հպարտ ենք ըսելու, որ «Նոր հայ հորիզոն»-ը ունի արդիական սթիւտիօ, արդիական սարքաւորումներով, Armenian Community Centre of Toronto – Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ եւ մեծ դերակատարութիւն կ’ունենայ լրատուական-քարոզչական մարզին մէջ:

Անվարան կրնաք հաստատել, որ անցնող 30 տարիներու ընթացքին «Նոր հայ հորիզոն»-ը հանդիսացաւ թորոնթոհայութեան գործունէութիւնն ու առօրեան արտացոլացնող լրատուամիջոցը: Եւ վստահ ենք, որ հաւատարիմ ակնդիրներու, բարեկամներու եւ աջակիցներու շնորհիւ «Նոր հայ հորիզոն»-ը պիտի գոյատեւէ:

ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի անունով, այսու կը յայտնեմ, որ մենք նեցուկ ենք «Նոր հայ հորիզոն»-ին եւ անոր տնօրէնութեան ու անձնակազմին մնայուն կերպով նոր ծրագիրներ մշակելու, նոր աշխատանքներու ձեռնարկելու եւ իր յարկին տակ աշխատակիցներու ու երիտասարդներու ներկայութիւնը ապահովելու իր ձգտումներուն:

Շնորհաւոր՝ «Նոր հայ հորիզոն». անխափան եթեր դէպի նորանոր 30-ամեակներ:

Յոբելեանի տեսանիւթ

Վահան Աճէմեան
ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ

Comments are closed.