Այս վերամուտին ամբողջացան Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի երկրորդականի կարգերը
«Հորիզոն», 19 Սեպտեմբեր 1988
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք 1988-ին Գանատայի տարածքին հայկական վարժարաններուն դպրոցական վերամուտի թղթակցութիւնը, որուն մէջ կ’աւետեն Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի երկրորդական կարգերու հաստատման ամբողջացումը.
– Խօսքը կը վերաբերի անշուշտ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին, որ իր ծաղկոցի բաժնի հիմնադրութենէն (1973) 15 տարի ետք – թէեւ չորս տարուան ակամայ յապաղումով – կ’ամբողջացնէ իր երկրորդականի բաժինը՝ 11-րդ կարգի հաստատումով: Ուրեմն, յառաջիկայ Յունիսին, երկրորդական վարժարանը կու տայ իր անդրանիկ հունձքը:
Սուրբ Յակոբի վերամուտը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 30 Օգոստոսին: ՀՕՄ-ի Ծաղկոցը իր նոր տարեշրջանը սկսաւ Հինգշաբթի, 1 Սեպտեմբերին:
Անցեալ տարեփակի 608 աշակերտներուն փոխարէն վարժարանը այս տարեսկիզբին կը հաշուէ 650 աշակերտները, Ծաղկոցը կը մնայ 160-170-ի սահմաններուն մէջ՝ ըստ իր սահմանափակ տեղերուն:
Վարժարանի դասարաններու թիւը, Ծաղիկէն մինչեւ 11-րդ՝ կը հասնի 29-ի, անցեալ տարուան վրայ 3-ի յաւելումով՝ մէկ Ծաղիկ եւս (հինգերորդ զուգընթաց), մէկ Ե. կարգ (երրորդ զուգընթաց) եւ ԺԱ. կարգը: Համապատասխանաբար կ’աւելնայ ուսուցիչներու թիւը:
Ծաղկոցի կարգերը կը դառնան աւելի հաւասարակշռուած՝ 1 Ծիլ, 4 Բողբոջ (փոխան անցեալ տարուան 3-ի) եւ 4 կոկոն (փոխան 5-ի): Անձնակազմի թիւը կը մնայ նոյնը:
Տնօրէնութեան պաշտօնները կը շարունակեն վարել Աղաւնի Էլոյեան (վարժարան) եւ Նազիկ Արթինեան (Ծաղկոց):
Վարժարանի անձնակազմը կը կրէ փոփոխութիւններ, կը ստեղծուին նոր պաշտօններ փոխ-տնօրէնի (Յակոբ Պուլկարեան), ֆրանսերէն նիւթերու ուսումնական խորհրդատուի (Հելէն Ֆապի), եւ հայերէնի նիւթերու պատասխանատուի (Եդուարդ Էլոյեան):
– Թորոնթոյի մէջ ՀՕՄ-ի Գոլոլեան միջնակարգ-Պապայեան մանկապարտէզը իր 10-րդ տարեշրջանը սկսաւ երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբերին, 337 աշակերտներով. կ’ակնկալուի 350: Անցեալ տարեփակին այդ թիւը 332 էր:
Այս տարի կը հաստատուի 4-րդ կարգի երկրորդ զուգընթաց դասարանը: Շատ նորեկներ կան, յատկապէս Լիբանանէն եւ Պարսկաստանէն եկած:
ՀՕՄ-ի վարժարանը ունի տեղի նեղութիւն եւ պատկան մարմիններու անմիջական մտահոգութեան առարկան է ատիկա: Նաեւ, տեղի տագնապին հետ իր անյապաղ լուծման կը սպասէ վարժարանի երկրորդականի բաժնի հաստատումը: Առայժմ գոյութիւն ունին մանկապարտէզէն մինչեւ Ը. կարգերը:
Տնօրէնութիւնը կը վարէ միշտ Մարգար Շարապխանեան:
– Վերաբացուած են նաեւ, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ, հայկական միւս ամէնօրեայ վարժարանները, որոնց մասին սակայն որեւէ տեղեկատուութիւն չէ հասած թերթիս:
Յառաջիկայ շաբաթներուն իրենց դռները կը բանան նաեւ մեր շաբաթօրեայ վարժարանները՝ Գանատայի մէկ ծայրէն միւսը:
Բոլորին՝ յաջող դպրոցական տարի մը:
Comments are closed.