«Այս երիտասարդները իրե՛նք էին, որ տարիներով հացադուլներ, քայլարշաւներ եւ ցոյցեր կը կազմակերպէին թրքական եւ ազերիական դեսպանատուներուն դիմաց»

Անցնող Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ կայացաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին կազմակերպած հանգանակային ճաշկերոյթը, որուն իբրեւ գլխաւոր բանախօս նկատի առնուած էր Գանատայի մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը, սակայն խումբ մը թորոնթոհայ երիտասարդներ փակեցին Հայ Կեդրոնի մուտքը եւ արգիլեցին դեսպանին մուտքը, բարձրացնելով պաստառներ Արցախի մէջ տեղի ունեցած տեղահանութեան, շրջափակմամբ սովամահութեան ենթարկուած ժողովուրդին, հայաթափումի եւ Հայաստան մուտքի իրաւունքէն զրկուած երիտասարդներու նկարներով:
Վերոնշեալ նախաձեռնութեան մասնակցող թորոնթոհայ երիտասարդներէն Սագօ Գըլըպօզեանի «Հորիզոն»ի հետ զրոյցի ընթացքին, ան ըսաւ. «Մենք՝ թորոնթոհայ խումբ երիտասարդներ, ինքնաբուխ կերպով խմբուեցանք եւ ուզեցինք մեր բողոքի եւ ըմբոստութեան ձայնը բարձրացնել: Եւ որովհետեւ տիկին դեսպանը Գանատայի մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի ապիկար կառավարութիւնը, ուզեցինք արգիլել իր մուտքը Հայ Կեդրոն: Մենք ուզեցինք իր միջոցաւ Հայաստանի ազգադաւ իշխանութիւններուն հասցնել մեր ձայնը, որ մենք կը դատապարտենք այս իշխանութիւնը»:
Երիտասարդական այս ձեռնարկութեան ընթացքին երիտասարդներուն անունով խօսած Հրակ Տէտէեան աւելցուց ըսելով. «Թորոնթոհայ երիտասարդներս ամիսներէ ի վեր ականատեսներն ենք, ինչպէս ամբողջ մեր ժողովուրդը, Արցախի մէջ տեղի ունեցող շրջափակման, Արցախի մեր ժողովուրդի տեղահանման, Արցախի հայաթափման ու թշնամիին յանձնման, ինչպէս նաեւ ՀՀ-ի իշխանութիւններուն պարտուողական ու զիջողական կեցուածքին, այս բոլորէն ետք մենք որոշեցինք այս անգամ մեր բողոքի ու ցասումի ձայնը ա՛յս ձեւով բարձրացնել, ուզեցինք խօսքէն անդին գործով մը, արարքով մը արտայայտել մեր պոռթկումը»: Ան նաեւ շեշտեց, որ Հիմնադրամի վարչութիւնն ու Հայ Կեդրոնի պատասխանատուներէն ոչ մէկը տեղեակ էր իրենց այս մտադրութենէն, եւ թէ Արցախի մէջ պատահածն ու 120 հազար արցախցի ժողովուրդին անտուն ու անտէր մնալը, հայրենի հողէն բռնի կերպով տեղահանուիլը չէր կրնար այսպէս հարեւանցի անցնիլ, ապա աւելցուց. «Այսօր ներազգային հարցերու մասին չենք խօսիր, ներքին տարակարծութիւններու հարցեր չենք արծարծեր, այլ այսօր մեր թշնամին կը սպառնայ հայրենի Սիւնիքին, մեր հայրենիքը գոյութենական սպառնալիքի դէմ յանդիման կը գտնուի, եւ այս իրավիճակին լրիւ պատասխանատուութիւնը կը կրէ այսօրուան անճարակ ղեկավարութիւնը: Հետեւաբար մեր մօտեցումը այն էր, թէ այս իշխանութիւնն ու զայն ներկայացնող ոեւէ պաշտօնեայ պատասխանատուութիւնը կը կրէ այս իրավիճակին եւ ըստ այնմ ընդունելի տարր չէ կեդրոնի մը մէջ, որուն հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր զանազան ձեւերով մեր ժողովուրդն ու յատկապէս երիտասարդութիւնը օր ու գիշեր աշխատելով սատար կանգնած է հայրենիքին ու Արցախին»:
Գըլըպօզեան դեսպանին հակադարձութեան ակնարկելով ըսաւ. «Մենք քանիցս յայտնեցինք տիկին Յարութիւնեանիին, թէ իր անձին հանդէպ ոչ մէկ կեցուածք կամ խնդիր ունինք, բայց որովհետեւ ինք Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան իշխանութեան կամակատարն է Գանատայի մէջ եւ կ’առաջնորդուի այդ նոյն իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութեամբ, հետեւաբար անբաղձալի տարր կը հանդիսանայ մեր ակումբէն ներս, ինչպէս որ հայ երիտասարդներ անբաղձալի տարրեր նկատուեցան հայրենիքի մէջ նոյն իր ներկայացուցած իշխանութիւններուն կողմէ: Անոնցմէ մէկը նաեւ մեր ընկերներէն մէկն էր», ապա պատասխանելով դեսպանին այն արտայայտութեան թէ ինք պետութիւն կը ներկայացնէ եւ ոչ թէ այսօրուան իշխանութիւնները, ան յայտնեց, թէ բառախաղերով կարելի չէ արդարանալ. պետութիւնը այսօր կը ղեկավարուի այսօրուան դաւաճան իշխանութեան կողմէ: Տէտէեան երկրորդելով Գըլըպօզեանի յայտնածը աւելցուց, թէ այս անհանգստութիւնը պիտի վերաբերէր ոեւէ անձի հանդէպ, որ կը զբաղեցնէր դեսպանի պաշտօնը: «Մենք տիկին Յարութիւնեանի անձին դէմ ոչ մէկ խնդիր ունինք, բայց ան կը ներկայացնէ այսօրուան իշխանութիւնը, որ Արցախը յանձնեց, 5000-էն աւելի երիտասարդի նահատակութեան պատճառ դարձաւ, 120.000 արցախահայու տեղահանութեան մեղսակից է, եւ սփիւռքահայ երիտասարդ մեր ընկերներու Հայաստան մուտքը կ՚արգիլէ։ Ուրեմն, դաւաճան իշխանութիւններու եւ իրենց պաշտօնեաներու մուտքը այս կեդրոն թոյլատրելի չէ: Այս կեդրոնը նահատակ տուած է այն հողին, զոր իրենք յանձնեցին թուրքին», ըսաւ Տէտէեան:
Անդրադառնալով դեսպանին այն խօսքին, թէ ինք կոչ կ’ընէ հոն գտնուող երիտասարդներուն, որ դառնան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ եւ համալրեն մեր բանակն ու կանգնին սահմանին, Գըլըպօզեան յայտնեց իր անվարան վրդովումը ըսելով. «Այսինքն մենք որպէս սփիւռքահայեր եւ սփիւռքահայ երիտասարդութիւն, որ Հայաստանի քաղաքացիներ չենք, իրաւունք չունինք մեր կարծիքն ու խօսքը ունենալու մեր հայրենիքին նկատմամբ: Այս մէկը անընդունելի է մեզի համար, որովհետեւ մենք՝ սփիւռքահայ երիտասարդներս, եւ որպէս թորոնթոհայ երիտասարդութիւն, որ մեծցած ենք այս կեդրոնի հովանիին տակ, հայրենասիրութեամբ եւ հայեցի դաստիարակութեամբ, մեր բոլոր կարողութիւնները ի գործ դրած ենք հայրենիքին ու Արցախին ծառայելու»: Իսկ Տէտէեան դեսպանին այս արտայայտութիւնը նուաստացուցիչ գտնելով ըսաւ. «Դեսպանը իր այս արտայայտութեամբ ուղղակի նուաստացուց մեր երիտասարդներուն տարիներու հայրենանուէր աշխատանքը, այն գաղափարը ստեղծելով որ սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը որեւէ դրական ներդրում չէ ունեցած ի շահ հայրենիքին, որ ինծի համար խստօրէն դատապարտելի է: Ան կոչ ուղղեց եւ հրաւիրեց մեզ երթալու Հայաստան եւ ծառայել բանակին, մոռնալով որ հայրենի իշխանութիւնները քանիցս արգիլած են սփիւռքահայ երիտասարդներու մուտքը Հայաստան»:
Այն հարցին թէ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի վարչութեան հակադարձութիւնը ինչ էր, Գըլըպօզեան եւ Տէտէեան շեշտեցին, որ իրենք ոչ մէկ ձեւով խոչընդոտեցին ձեռնարկը, այլ անոնք ճամբայ բացին բոլոր եկուորներուն: Անոնք յայտնեցին թէ Հիմնադրամի վարչութեան ներկայացուցիչներէն ոմանք այպանեցին զիրենք, որ իրենց այս կեցուածքով արգելք կրնան հանդիսանալ դրամահաւաքի յաջողութեան, որ այսօր աւելի քան երբեք կենսական է Արցախէն տեղահանուած մեր ժողովուրդին հասնելու համար: «Սակայն յայտնեմ, որ ձեռնարկը բնականոն կերպով ընթացաւ, եւ ներկաներուն մեծամասնութիւնը իր լաւագոյն ներդրումը ունեցաւ, նախորդ տարիներուն նման» յայտնեց Տէտէեան։
Թորոնթոհայ երիտասարդութեան այս արդար ըմբոստութեան յաջորդող արձագանգներուն մասին անդրադառնալով Գըլըպօզեան յայտնեց. «Հակառակ որ մենք մեր կարելին ըրինք, որպէսզի մեր ձայնը լսելի դարձնենք եւ մեր բողոքն ու ընդվզումը արտայայտենք ներկայ իշխանութեան դէմ, սակայն կը ցաւիմ, որ ոմանք շահագործելով այս առիթը անտեղի մեկնաբանութիւններով հանդէս եկան յատկապէս ընկերային ցանցերու միջոցաւ: Անոնք նոյնիսկ չուզեցին լսել մեզի, այլ իրենց սխալ մեկնաբանութիւններով ցեխարձակում կատարեցին մեր արարքին ու վարքին: Բայց մենք կրկին կը շեշտենք, որ մեր նպատակը յստակ էր, մենք ուզեցինք հասկցնել բոլորին, թէ մենք չենք ընդունած այս պարտութիւնը, որուն առաջնորդեցին այսօրուան իշխանութիւնները, իրենց բոլոր կամակատարներով»: Տէտէեան նոյնպէս մատնանշելով ոմանց ժխտական հակադարձը ըսաւ. «Մարդիկ թող չփորձեն շեղել մեր հայեացքները, իսկական յանցաւորը թողելով մեր ըմբոստ երիտասարդութեան մէջ յանցաւորներ թող չփնտռեն»:
Անոնք երկուքը շեշտեցին ըսելով. «Այս պահանջատէր երիտասարդները մեղադրելու ոչ մէկը իրաւունք ունի. այս երիտասարդները իրե՛նք էին, որ տարիներով հացադուլներ, քայլարշաւներ եւ ցոյցեր կը կազմակերպէին թրքական եւ ազերիական դեսպանատուներուն դիմաց, իրենք են որ այս կեդրոնին մէջ անդուլ աշխատանք կը տանին, իրենց կարելիէն ալ աւելին կը փորձեն ընել՝ սատար կանգնելու մեր հայրենիքին ու մեր հայրենակիցներուն»:
Տէտէեան նաեւ հետեւեալ հարցադրումը ըրաւ ըսելով. «Այն մարդիկը, որոնք այսօր դժգոհութեամբ կ’արտայայտուին այս երիտասարդներուն արարքին դէմ, ո՞ւր էին, երբ այս երիտասարդութիւնը պահանջատիրութիւն կը բարձրաձայնէր թշնամիին դեսպանատուներուն դիմաց, ի՞նչ իրաւունքով զանոնք դաւաճաններ կ’անուանեն, մոռնալով իսկական դաւաճանը»:
«Ես կ’ուզեմ ըսել, որ մեր երիտասարդները արտայայտեցին պոռթկում մը: Անոնք այսօր կորսնցուցած կը զգան իրենց ինքնութեան ամէնէն էական մէկ մասնիկը՝ Արցախը: Մենք երբ կը խօսէինք Արցախի մասին՝ կ’ընդունէինք զայն որպէս Հայաստանի դարպաս, որպէս մեր ազգի հպարտութիւն ու յաղթանակ: Մենք այս յարկին տակ Արցախը ազատագրող մեր ազատամարտիկներու շունչով ու օրինակով կը դաստիարակուէինք, ինչպէ՞ս պիտի չըմբոստանայինք, երբ այդ բոլորը ամենայն հեշտութեամբ յանձնուեցաւ թշնամիին» ըսելով իր խօսքը փակեց Տէտէեան:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Comments are closed.