«Հալէպի մէջ հետզհետէ կը մեղմանան զինեալ երեւոյթները. Այսօր Սուրիոյ մէջ իշխող վիճակը անորոշութիւնն է». Հարցազրոյց Բերիոյ Հայոց Թեմի բանբեր Մարիա Գաբրիէլեանի հետ

Հ.- Սուրիոյ մէջ կատարուած իշխանափոխութենէն ետք, ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ այսօր Սուրիան, յատկապէս սուրիահայութեան ապրած շրջանները:
Մ.Գ.- Այսօր Սուրիոյ մէջ իշխող վիճակը անորոշութիւնն է: Ինչ որ տեղի ունեցաւ կայծակնային արագութեամբ կատարուեցաւ…
Դէպքերը սրընթաց կը յաջորդեն զիրար: Իշխանութեան հասած ընդդիմութիւնը կը ջանայ կեանքը բնականոնացնել, ժամի դրութեամբ գլխաւոր հրամանատարութեան կողմէ որոշումներ կ’արձակուին: Հրապարակուած հրամանները մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իմաստով ոգեւորիչ են, կը մնայ գետնի վրայ անոնց գործադրումը տեսնել: Ժողովուրդը տակաւին ցնցումէն չսթափեցաւ, առաջին ժամերուն մոլորուածի նման էինք, իրադարձութիւնները այնքան արագ էին, որ մեր ընկալումը կը վտանգէր: Սուրիոյ բոլոր շրջանները, որոնց կարգին սուրիահայութեան ապրած քաղաքները, կը ջանան վերադառնալ իրենց առօրեային: Հալէպի մէջ հետզհետէ կը մեղմանան զինեալ երեւոյթները եւ ոչ սովորական իրողութիւնները, այսուհանդերձ տակաւին աղօտ է պատկերը:

Դրական համարուեցաւ եւ որոշ տեղ մը մտահանգստութիւն փոխանցեց ընդդիմադիր նոր իշխանութեան այն քայլը, որ տապալած իշխանութեան կառավարութեան լիազօրութիւնը պահեց մինչեւ նոր վարչամեքենայի կողմէ կարգ ու կանոնով ստանձնումը, նոյն ձեւ վարուեցաւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող Սուրիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ: Սակայն նոր վարչամեքենան շատ արագ յառաջացաւ եւ նշանակուած նախարարներուն մասին բաւարար տեղեկանք չունենալը կրկին մտահոգեց: Այստեղ նշեմ, որ տապալած եւ իշխող կառավարութիւններու միջեւ տեղի ունեցած յանձնումն ու ստանձնումը ոչ միայն անցնցում այլեւ բաւական քաղաքակիրթ գործելաոճով ընթացաւ: Կարելի է ամրագրել, որ վարչակարգը տապալեցաւ, սակայն պետականութիւնը, որ հաստատութենական համակարգն ունի, կանգուն է, փաստօրէն պետական կառոյցները մէկը միւսին ետեւէն կը վերաբացուին:

Անցումային շրջանի այս կառավարութիւնը պիտի գործէ մինչեւ 1 Մարտ 2025: Իսկ երկրի սահմանադրական կամ օրինական համակարգի մասին տակաւին յայտարարութիւններ չկան:

Հ.- Կենցաղային պայմաններուն առնչութեամբ, որեւէ բարելաւում արձանագրուա՞ծ է, թէ տակաւին տնտեսական տագնապալի իրավիճակ կը տիրէ:
Մ.Գ.- Կենցաղային պայմաններու մէջ տակաւին շօշափելի բարելաւումներ չկան, տնտեսական տագնապը գերիշխող է, մանաւանդ արձանագրուած ահաւոր սղաճի պատճառով: Ապրանքատեսակները եռապատիկ այլեւ քառապատիկ սղեցին: Առաջին քանի մը օրերը սուրիական դրամը կրկին անկում կրեց, սակայն շուտով վերադարձաւ շուրջ տարիէ մը ի վեր ապահոված կայունութեան մակարդակին: Ելեկտրականութեան խնդիրը կը մնայ նոյնը, օրական երկու ժամ մատակարարման դրութեամբ, իսկ ջուրի խնդիրը բաւական արագ լուծուեցաւ: Այսօր կարելի է ըսել համարեա՛ ջուրի տագնապ չկայ:
Սնունդի կամ այլ իրերու ապահովման խնդիր եւս չկայ (բացի դեղորայքէն), պարզապէս գիներու թանկացումն է խնդիրը:

Հ.- Հայկական մեր համայնքներուն պարագային, ի՞նչ կը սպասուի յառաջիկայ օրերուն՝ հայկական կալուածներուն, դպրոցներուն, միութիւններուն եւ եկեղեցիներուն առնչութեամբ:
Մ.Գ.- Ուսումնակրթական բնագաւառի առնչութեամբ նշեմ, որ դպրոցներու աշակերտութիւնը պիտի յաճախէ տարեթիւիս 15 Դեկտեմբերէն սկսեալ, մինչ կրթօճախներու անձնակազմերը (դպրոցներու եւ համալսարաններու տնօրէններ, վարչակազմեր, ուսուցչակազմեր, դասախօսներ) պիտի վերստանձնեն իրենց աշխատանքները 12 Դեկտեմբերին:

Հայկական եկեղեցիները կը գործեն, նոյնիսկ այս շաբաթ, որ Ս. Յակոբի տօնն է, Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի ներկայութեամբ, սկիզբ առաւ հսկումի շաբաթը:

Ինչ կը վերաբերի հայկական կալուածներուն, ապա այսօրուան դրութեամբ վտանգ չի սպառնար անոնց, այս մասին յստակ փոխանցում կատարուեցաւ ընդդիմութեան ղեկավարութեան կողմէ` քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ անոր ունեցած հանդիպման ընթացքին:

Բերիոյ Հայոց Թեմը՝ Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի առաջնորդութեամբ եւ Արամ Մանուկեան կեդրոնը ամենայն յանձնառութեամբ ի սպաս դրած են իրենց բոլոր կարողութիւնները համայնքին տէր դառնալու համար: Ինչպէս պատերազմի ահաւոր տարիներուն, այնպէս եւ այս օրերուն, հալէպահայ համայնքը ոչ թէ զգաց, այլեւ շօշափեց իր ետին կանգնած ուժեղ թիկունքը: Թեմակալ առաջնորդին կողմէ համայնքին ուղղուած ձայնային թէ տեսագիր ելոյթները, խօսքերը, լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցները, ազգի զաւակներուն, ազգային ու միութենական մարմիններուն հետ հանդիպումները բալասանի նման կ’ամոքեն հոգու վէրքերը, մանաւանդ անոր ժպտերես արտայայտութիւնները անդորրութիւն կը պարգեւեն:

Սովորական պայմաններուն մէջ հաւանաբար աննշելի բան թուի այս մէկը, սակայն հալէպահայութեան ապրած այս աննկարագրելի օրերուն ապա անոնց ազդեցութիւնը անգնահատելի է:

Հ.- Քաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունն ու հիւպատոսութիւնը կը շարունակե՞ն իրենց գործունէութիւնը։ Դեսպանութիւն-համայնք կապը կը շարունակուի՞։
Մ.Գ.- Ինչպէս երկրի բոլոր հիւպատոսարաններն ու դեսպանատուները` Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը եւս Սուրիայէն հեռացած է: Անձնակազմը իր աշխատանքները ժամանակաւորապէս կը շարունակէ Պէյրութի մէջ՝ արտակարգ համակարգով: Լուսաբանական հարցումներու համար հաստատուած է նաեւ թէժ գիծ: Դեսպանութիւնը իր կապը կը շարունակէ համայնքին հետ: Այստեղ նշեմ, որ անցնող դժուար օրերուն, Հալէպ հիւպատոսարանի անձնակազմը ջանք չխնայեց օգտակար դառնալու հալէպահայութեան` երբ ի կատար ածեց ընթացիկ այն աշխատանքները, որոնք իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ էին:

Այսօր Սուրիոյ մէջ դէպքերը, որոշումներն ու հրամանները այնքան արագ կը կատարուին կամ կը կայանան, որ մէկ ժամ նախորդողը արդէն հին կը համարուի:

Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

Comments are closed.