«Այսօր որբեր չունինք, այլ ունինք որբացած գաղութներ, եւ զանոնք համախմբելը, կազմակերպելն ու զօրացնելը ՀՄԸՄ-ի պարտականութիւնն է»

Հարցազրոյց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանի հետ

«1918-ին Պոլսոյ մէջ ստեղծուած ՀՄԸՄ-ը այդ օրերուն առաւելաբար զբաղեցաւ որբահաւաքի եւ որբախնամ աշխատանքներով, սակայն այսօր որբեր չունինք, այլ ունինք որբացած գաղութներ, եւ զանոնք համախմբելը, կազմակերպելն ու զօրացնելը ՀՄԸՄ-ի պարտականութիւնն է»

Հ.- ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի յոբելեանական պատմական հանդիսութիւններու շարքը պիտի սկսէր Պոլիսէն, որ ՀՄԸՄ-ի ծննդոց բնօրրանն է. պատմեցէք, խնդրեմ, թէ Պոլսոյ մէջ կարելի եղա՞ւ միջոցառում մը իրականացնել:

Գ.Մ.- Պոլսոյ մէջ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած մտադիր էինք իւրայատուկ միջոցառումներ իրագործել, սակայն գիտէք, Թուրքիոյ քաղաքական պայմանները առիթ չեն ընծայեր նման միջոցառումներու: 2 տարի առաջ որոշուած էր Թուրքիոյ Թաքսիմ հրապարակէն տողանցք մը իրագործել՝ 100 սկաուտներով, որմէ ետք անոնք պիտի բարձրանային Արարատ լեռ: Այս մէկը չկրցանք իրագործել: Փորձեցինք ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր Յովհաննէս Հինտլեանի որպէս տնօրէն պաշտօնավարած դպրոցի աշակերտութիւնը հրաւիրել այս միջոցառման, սակայն նոյնպէս չիրականացաւ: Մտածեցինք մէկ ձեռնարկ գոնէ իրականացնել, հետեւաբար Պոլսոյ Պատրիարքութեան դիմեցինք՝ պաշտօնական արտօնութիւն ստանալու համար: Պատրիարքը խորհուրդ տուաւ նման միջոցառումներէ հեռու մնալ եւ հոգեհանգստեան պաշտօնով մը բաւարարուիլ՝ նկատի առած Թուրքիոյ կառավարութեան տրամադրութիւնները: Հետեւաբար 2 ՀՄԸՄ-ական երկու նախկին խմբապետներ՝ Գեղամ Մանուկեան եւ Դաւիթ Յակոբեան, որպէս թղթակից մտան Թուրքիա, այցելեցին Հինտլեանի գերեզմանը, ուր յատուկ արարողակարգով մը ՀՄԸՄ-ի ջահը վառեցին հոնկէ, բուռ մըն ալ հող հետերնին առած եկան Հայաստան՝ մասնակցելու 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն: Ընթերցողները տեղեակ են արդէն, որ երեք վայրերէ՝ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն գերեզմաններէն, ջահեր վառեցինք եւ բերինք Հայաստան. առաջինը Պոլիսէն, երկրորդը Լիբանանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու մատուռէն, ուր տեղադրուած են Տէր Զօրի մեր նահատակներուն աճիւններէն, ուրկէ մասունքներ ալ բերուեցան Հայաստան՝ ի յիշատակ Շաւարշ Քրիսեանի, որ ցեղասպանութեան զոհերէն էր: Երրորդը բերուեցաւ Փարիզէն՝ Գրիգոր Յակոբեանի շիրիմէն: Չորրորդ ջահ մըն ալ վառեցին 26 ՀՄԸՄ-ական խմբապետներ, որոնք Վրաստանի ճամբով բարձրացան Արարատ լեռ, ուր զետեղեցին եռագոյնն ու ՀՄԸՄ-ի դրօշը եւ հոն վառեցին ջահն ու բուռ մը հող բերին իրենց հետ: Նշեալ վայրերէն բերուած ջահերը միացան Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին, իսկ ափ մը հողերը միախառնուեցան Պուրակին մէջ, եւ հոն տնկուեցաւ եղեւնի մը:

Հ.- Եղբա՛յր Գառնիկ, անցնող չորս տասնամեակներուն Սփիւռքի ժողովրդագրական պատկերը արմատական փոփոխութիւններու ենթարկուած է, ուր Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական տագնապներու պատճառով հայութիւնը տեղաշարժի ենթարկուած է։ Այս մէկը վստահաբար իր անմիջական ազդեցութիւնը ունեցաւ մեր հայկական կառոյցներուն վրայ. հետեւաբար, որքանո՞վ ազդուեցան ՀՄԸՄ-ի մեր կառոյցները այս տեղաշարժէն:

Գ.Մ.- ՀՄԸՄ-ը անշուշտ որ ազդուեցաւ այս բոլորէն: Իրաքի մէջ, օրինակ, պատերազմէն առաջ Պաղտատի մէջ ունէինք 480 անդամ, մինչ այսօր անոնց թիւը 120 է: Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄ-ը հոն մարզական խումբեր ընդհանրապէս չունէր, սակայն ունէր սկաուտական շարքեր, որոնք մեծ ներդրում ունէին ներգաղութային կեանքէն ներս: Կարեւորութեամբ կ’ուզեմ նշել, որ 1964-էն սկսեալ Պաղտատի կապը կտրուեցաւ Պէյրութէն, այսինքն ՀՄԸՄ-ը Պաղտատի մէջ ոչ մէկ կապ կրցաւ ունենալ Կեդրոնականի հետ, սակայն այնտեղի ղեկավարները պահեցին ՀՄԸՄ-ը, որ դարձաւ գաղութի երիտասարդութեան ինքնութեան պահապանը: Վրայ հասաւ Սուրիական պատերազմը, որ մեր գաղութի զաւակներուն համար չափազանց տագնապալի օրեր բերաւ, բայց ՀՄԸՄ-ը չցնցուեցաւ, այն իմաստով որ չնոսրացան մեր շարքերը. Եւրոպայի մէջ օրինակ մենք ունէինք 4 մասնաճիւղ, սակաւաթիւ անդամներով, որոնցմէ մէկն էր Շուէտի մասնաճիւղը իր 50 անդամով, որուն թիւը մօտաւորապէս 20 տարիէ ի վեր անփոփոխ էր, այսօր ան ունի երեք մասնաճիւղ՝ 600 անդամով: Նոյնը կարելի է ըսել Հոլանտայի մեր մասնաճիւղին մասին, որուն անդամներուն թիւը տարիներէ ի վեր 100-110 էր, այսօր հոն ունինք 3 մասնաճիւղ՝ նոյնպէս 600 անդամով:

Հետեւաբար, ճիշդ է, որ Սուրիոյ մէջ մեր անդամներուն թիւը նուազած է, սակայն այդ անդամները միացան Եւրոպայի, Գանատայի, Աւստրալիոյ եւ Ամերիկայի մեր շարքերուն: Այսինքն մենք թիւի խախտում կամ նոսրացում չունեցանք, այլ պարզապէս՝ տեղաշարժ: Նոյնիսկ այն երիտասարդները, որոնք ՀՄԸՄ-ական չեն եղած, երբ հասան այս ափերը, անմիջապէս անդամակցեցան ՀՄԸՄ-ին, այս մէկը կը պարտինք այն հաւատքին ու վստահութեան, զոր ՀՄԸՄ-ը 100 տարիէ ի վեր ներշնչած է Սփիւռքի մեր ժողովուրդին, որպէս հայութիւնը համախմբող իր դրօշին ներքոյ:

Նշեմ նաեւ, որ հակառակ Սուրիոյ տագնապին, տակաւին մեր հինգ մասնաճիւղերը կը գործեն հոն, եւ մօտ մէկ ամիս առաջ, երբ Հալէպ էի, ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակին նուիրուած յաջող ձեռնարկ տեղի ունեցաւ:

Ուրեմն կրնամ յայտնել, որ 1918-ին Պոլսոյ մէջ ստեղծուած ՀՄԸՄ-ը այդ օրերուն առաւելաբար զբաղեցաւ որբահաւաքի եւ որբախնամ աշխատանքներով, սակայն այսօր հայր ու մայրէ զուրկ որբեր չունինք, այլ ունինք որբացած գաղութներ, եւ զանոնք համախմբելը, կազմակերպելն ու զօրացնելը ՀՄԸՄ-ի պարտականութիւնն է:

Հ.- ՀՄԸՄ-ը իր գոյութեան 100 տարուան ընթացքին առաւելապէս գործած է Սփիւռքի մէջ, մինչ վերջին քառորդ դարուն վերադարձած է հայրենիք: Համապարփակ ձեւով ներկայացուցէք, խնդրեմ, ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ։

Գ.Մ.- Անկեղծօրէն՝ այս հարցումը ցաւ կը պատճառէ ինծի, այն իմաստով որ մեր հարազատ հայրենիքի՛ն մէջ մենք դժուար սկզբնաւորութիւն ունեցանք, բոլորիս ծանօթ պայմաններուն բերումով. սակայն յայտնեմ, որ այսօր մենք բաւական լաւ իրավիճակ կը պարզենք Հայաստանի մէջ: Այսօր ունինք 12 մասնաճիւղ՝ 1500 անդամով, ուր կը գործէին իրաքահայ եւ սուրիահայ տղաք. բաւական դժուարութեամբ կրցանք յաղթահարել այն կարծրատիպերը հայաստանցի երիտասարդներուն մօտ եւ իրենց իրազեկել, թէ ՀՄԸՄ-ը սոսկ սկաուտութիւն չէ, այլ հոն կը թրծուին հայեցի գաղափարախօսութեամբ հա՛յ երիտասարդներ: Առ այդ, աննախընթաց երեւոյթ է, որ այսօր մենք կրցանք երկու հայաստանցի տղաք ներառել Հայաստանի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան մէջ, այսպիսով նաեւ մեր շարքերը համալրուեցան հայաստանցի անդամներով:

Ինչ կը վերաբերի Ջաւախքին, ունինք հոն մասնաճիւղեր, սակայն պետութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուելու իմաստով ունինք դժուարութիւններ, հետեւաբար անոնց գործունէութիւնը բաւական դանդաղ կ’ընթանայ:

Արցախի պարագային, երկար ատենէ ի վեր Արցախի մէջ զանազան բջիջներով սկսած ենք գործել, որոնք սակայն չեն կրցած յանգիլ կազմակերպուած մասնաճիւղերու: Նախապէս Լիբանանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպման մը ընթացքին անդրադարձանք այս հարցին եւ յառաջիկայ տարուան Փետրուար-Մարտ ամիսներուն նոյնպէս հանդիպում մը պիտի ունենանք նախագահին հետ եւ փորձենք մինչեւ մեր յաջորդ պատգամաւորական ժողովը Ստեփանակերտի մէջ գոնէ ունենալ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ մը: Մենք փորձեցինք Արցախի նախագահին փոխանցել, թէ մեր նպատակը ոչ թէ արտերկրէն կարավարուող կազմակերպութիւն մը ըլլալ է Արցախի մէջ, այլ կերտել առողջ միտքով ու առողջ մարմնով օժտուած երիտասարդութիւն, որ կրնայ հեռու մնալ աղանդաւորական շարժումներէ եւ ախտավարակ երեւոյթներէ:

Հ.- Գիտարուեստի ամէնօրեայ զաrգացման հետ ինչպէ՞ս քայլ կը պահէ ՀՄԸՄ-ը։

Գ.Մ.- ՀՄԸՄ-ը չի կրնար անմասն մնալ գիտարուեստի նորօրեայ զարգացումներէն, հետեւաբար կը փորձենք նորութիւններուն հետեւիլ: Այսօրուան երիտասարդները կ’օգտուին հաղորդակցութեան միջոցներուն ընծայած դիւրութիւններէն, սակայն այս բոլորով հանդերձ մենք կը շեշտենք նաեւ ժողովական կեանքին անհրաժեշտութիւնը, քով-քովի գալուն, դէմ առ դէմ հաղորդակցելուն, զրուցելուն, քննարկելուն կարեւորութիւնը: Մենք չենք ուզեր մեքենացած միութեան մը վերածուիլ, որքան ալ դժուար ըլլայ այս մէկը հասկցնելը այսօրուան երիտասարդներուն, տակաւին կը քաջալերենք ընկերային կապերու հաստատումը ընկերային առողջ մթնոլորտի մէջ եւ ոչ միայն պաստառներու ետեւէ: Հակառակ ելեկտրոնային տարբերակներուն, տակաւին կը հաւատանք տպագրականին եւ երբեմն նոյնիսկ թղթատարական միջոցներուն կարեւորութեան: Մենք որպէս Կեդրոնական վարչութիւն նոյնիսկ երեք ամիսը անգամ մը կը հանդիպինք եւ քով քովի, դէմ առ դէմ կը կատարենք մեր քննարկումներն ու զրոյցները:

Հ.- Եզրափակելու համար, եղբայ՛ր Գառնիկ, ձեր շրջագայութեան ծիրէն ներս այցելեցիք նաեւ Գանատայի գաղութները. ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք այս այցելութիւնը եւ ընդհանրապէս Գանատայի շրջանը:

Գ.Մ.- Չափազանց տպաւորիչ էր այս անգամուան այցելութիւնս, նախապէս այցելած եմ Գանատա 15 տարի առաջ, ապա՝ 7 տարի առաջ, նկատառելին այն է, որ գաղութը տակաւին կը պահպանէ իր հայկական դիմագիծը, իր աշխուժութեամբ, կենսունակութեամբ եւ մանաւանդ՝ հայախօսութեամբ, որովհետեւ այս ցամաքամասին վրայ դժբախտաբար ունինք գաղութներ, որոնց հայախօսութիւնը տեղի տուած է… Ես ներկայ եղայ Թորոնթոյի տօնակատարութեան, Օթթաուայի մէջ նշումը ունէր քաղաքական բնոյթ, որ չափազանց գնահատելի էր Հայ Դատի հետապնդման եւ գաղութի կազմակերպուածութեան իմաստով: Մոնթրէալի մէջ եւս տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընդառաջ այցելեցի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը, ուր կազմակերպուած էր ցուցահանդէս եւ տնօրէնութեան արտօնութեամբ ՀՄԸՄ-ական աշակերտները դպրոց ժամանած էին ՀՄԸՄ-ի իրենց տարազներով, այս բոլորը կ’արտացոլացնեն գաղութին հայեցի դիմագիծը: Հետեւաբար կը գնահատեմ Գանատայի շրջանին մէջ տարուած աշխատանքները, գաղութին կազմակերպուածութիւնը, Շրջանային վարչութեան տարած անխոնջ աշխատանքը եւ բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն նուիրուածութիւնը:

Գանատայի շրջանը միշտ եղած է ՀՄԸՄ-ի ծրագիրներուն քաջալերող տարր, իսկ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն ծիրէն ներս, Գանատայի շրջանին նուիրատուութեամբ Վահան Չերազի արձանը տեղադրուեցաւ Կիւմրիի հրապարակին մէջ, առ ի հպարտութիւն Գաղութին եւ Գանատայի ՀՄԸՄ-ականներուն:

Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ «Հորիզոն»ին, որ այս առթիւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած թիւ մը հրատարակեց եւ միշտ արձագանգող եղած է ՀՄԸՄ-ի ձեռնարկներուն:

Հարցազրոյցը վարեց Վահագն Գարագաշեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.