Այսօր Գետաշէնի Գրաւման Եւ Հերոսներու Յիշատակի Օրն է

1991-ի Ապրիլ 30-ին Գանձակի (Կիրովապատ) մէջ տեղակայուած խորհրդային 4-րդ բանակի 2-րդ զօրաբաժինը, հրասայլերու, հրետանիի եւ ռազմական օդուժի աջակցութեամբ, շրջափակման մէջ առաւ Հիւսիսային Արցախի Գետաշէն եւ Մարտունաշէն գիւղերը: Այս գործողութեան՝ ժամեր անց հետեւեցաւ Ատրպէյճանի ՆԳՆ զօրքերու յատուկ նշանակութեան ջոկատներու (ՕՄՕՆ) եւ ատրպէյճանցի «կամաւորներ»ու մուտքը նշուած գիւղերու տարածք:

Շահումեանի շրջանէն հայկական բնակչութեան գաղթին ուղղուած այս գործողութիւնը ստացաւ «Օղակ» («Կոլցօ») անուանումը: Հայաբնակ գիւղերու բնակիչներն ուղղաթիռներով բռնի կերպով տեղահանուեցան:

Թաթուլ Կրպէյեան, Սիմոն Աչիկկէօզեան (Դեդ), Արթուր Կարապետեանը, Վալերի Նազարեան, Զարզանդ Դանիէլեան նահատակուեցան Գէտաշէնի ինքնապաշտպանութեան անհաւասար մարտի ժամանակ:

***

Գետաշէն 1991-ի ապրիլի սկիզբը ամբողջական պաշարման մէջ առնուեցաւ եւ խորհրդային բանակն ու ազերի ՕՄՈՆականները մեծ ուժեր կեդրոնացուցին գիւղին շուրջ: Բանակային ուժեր կեդրոնացան նաեւ Սարիսու – Մարտունաշէն ճամբուն վրայ:

Երկուշաբթի, 22 ապրիլի գիշերը Գետաշէնի ենթաշրջանին ելեկտրական հոսանքը խզուեցաւ: Խորհրդային զօրքեր իրենց զրահամեքենաներուն զօրաւոր լոյսերը դարձուցին գիւղին ուղղութեամբ եւ սաստկօրէն ռմբակոծեցին զայն:

Խորհրդային բանակն ու ներքին գործոց նախարարութեան ուժերը, բացայայտ գործակցութեամբ Պաքուի պաշտօնական ուժերուն, եւ իրենց կողքին ունենալով ազերի խուժանը, «պատժական» լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկեցին Գետաշէնի դէմ:

Խորհրդային բանակին եւ ազերի ՕՄՈՆականներու համակարգուած ճնշումներուն տակ, ապրիլ 30-ին Մարտունաշէն ինկաւ: Մինչ Գետաշէն սաստկօրէն կը ռմբակոծուէր, իսկ գիւղացիք ուժեղ դիմադրութիւն կը ցուցաբերէին:

Ուշ գիշերին բանակն ու ՕՄՈՆականներ մուտք գործեցին Գետաշէն. անոնց ընկերացաւ ազերի խուժանը: Կռիւը կը շարունակուէր տուն առ տուն: Այդ օր ինկան 36 զոհեր, աւելի քան հարիւր վիրաւորներ, իսկ բազմատասնեակ հայեր գերի բռնուեցան: Երեխաներ, կիներ եւ ծերունիներ պատանդ վերցուեցան եւ խոշտանգուեցան: Գետաշէնի պաշտպանութեան ընթացքին նահատակուեցան Թաթուլ Կրպէեան, Սիմոն Աչըգկէօզեան, Արթիւր Կարապետեան, Վալերի Նազարեան եւ Զարզանդ Դանիէլեան:

Յաջորդող օրերուն ազերիներ սկսան գործադրութեան դնել Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի բնակչութեան բռնագաղթը: Անոնց պարտադրուեցաւ իրենց պապենական տունն ու գիւղը «կամովին» լքելու բովանդակութեամբ թղթիկներ ստորագրել: Ապա անոնք քանի մը  օթոպիւսներով փոխադրուեցան սահման եւ հոնկէ ուղղուեցան Իջեւան եւ Տաւուշ: Ժողովուրդին մէկ մասն ալ Ստեփանակերտի վրայով, օդանաւով Երեւան փոխադրուեցաւ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.