ԱՄՆ կը դադրեցնէ Հորմուզի վերաբացման գործողութիւնը. Իրան զայն կը ներկայացնէ իբրեւ յաջողութիւն
- (0)

Միացեալ Նահանգները ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է Հորմուզի նեղուցի վերաբացման ուղղուած գործողութիւնը՝ փորձելով պարզել, թէ հնարաւոր է արդեօք համաձայնութեան հասնիլ Իրանի հետ։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ, զգուշացնելով, որ Թեհրանի մերժման պարագային ռազմական գործողութիւնները կրնան վերսկսիլ աւելի լայն ծաւալով։
Թրամփ նաեւ ընդգծած է, որ իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը կը շարունակուի, մինչ բանակցութիւններու հեռանկարները կը մնան անորոշ։ Իրանի կողմէ, արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էսմայիլ Բաղային նշած է, թէ Թեհրան կը քննարկէ ամերիկեան առաջարկները եւ իր պատասխանը պիտի փոխանցէ միջնորդ Փաքիստանին։
Միաժամանակ, Իրանի իշխանութիւնները կը շարունակեն պնդել, որ Հորմուզով անցնող նաւերը պէտք է նախապէս համաձայնեցնեն իրենց երթեւեկը իրանական կողմին հետ։ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատը յայտարարած է, թէ անվտանգ անցումը կ՚երաշխաւորուի միայն այս պայմաններու պահպանումով։
Մինչ միջազգային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ կողմերը մօտ են որոշակի համաձայնութեան՝ ներառեալ պատժամիջոցներու վերացում եւ Հորմուզի շրջափակման դադրեցում, իրանցի պաշտօնեաներ այդ տեղեկութիւնները կը բնութագրեն իբրեւ «ամերիկեան ցանկութիւններու ցուցակ»։
Թեհրան, իր հերթին, Ուաշինկթընի քայլը կը ներկայացնէ իբրեւ նահանջ։ Իրանական պետական լրատուամիջոցները կը պնդեն, որ ԱՄՆ-ը ձախողած է իր գործողութիւններուն մէջ, մինչ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարած է, թէ Իրան կ՚ընդունի միայն «արդար եւ համապարփակ» համաձայնագիր։
ՄԱԿ-ի մէջ մինչ այդ քննարկման փուլ մտած է նոր բանաձեւ մը, նպատակ ունենալով ապահովել Հորմուզի նեղուցով անվտանգ նաւագնացութիւնը։ ԱՄՆ պետքարտուղար Մարքո Ռուպիո կոչ ուղղած է անդամ պետութիւններուն՝ չմերժել նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով, թէ այս հարցը կը հանդիսանայ ՄԱԿ-ի արդիւնաւէտութեան կարեւոր փորձութիւն մը։