Ամերիկացի Օրէնսդիրներ Ամերիկեան Վարչակազմը Կը Յորդորեն «Իբրեւ Հակառակորդ Վարուող Դաշնակիցին»` Թուրքիոյ «Էֆ-16» Հալածիչներ Չծախել

Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններու անդամ ամերիկացի օրէնսդիրները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը յորդորեցին Թուրքիոյ «ԷՖ-16» հալածիչներ չծախել, եւ վստահութիւն յայտնեցին, որ Քոնկրեսը այդպիսի գործարք մը պիտի խոչընդոտէ:

Ներկայացուցիչներու տան 11 անդամներ նախագահ Պայտընին եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած իրենց նամակին մէջ իրենց «խոր մտահոգութիւն»-ը յայտնեցին Թուրքիոյ «Լոքհիտ Մարթին»-ի արտադրութեամբ նոր 40 «ԷՖ-16» օդանաւեր եւ նոյն տիպի օդանաւի արդիականացման 80 սարքեր ծախելու հաւանականութեան մասին վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկատուութեան նկատմամբ:

25 հոկտեմբեր թուակիր նամակին մէջ, որուն օրինակին ծանօթացած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, օրէնսդիրները գրած են. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի սեպտեմբերին կատարած յայտարարութենէն ետք, թէ Թուրքիան «Էս-400» հրթիռային համակարգերու նոր քանակ մը պիտի գնէ, չենք կրնար մեր ազգային անվտանգութիւնը վտանգել` ամերիկեան արտադրութիւն եղող օդանաւեր ուղարկելով դաշնակիցի մը, որ կը շարունակէ իբրեւ հակառակորդ վարուիլ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.