Ամերիկան Կողմնակալ Համարելով՝ Պաքու Պիտի Չմասնակցի Ուաշինկթընի Մէջ Նախատեսուած Հայաստան-Ատրպէյճան Հանդիպումին
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հռապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ Միացեալ Նահանգները կորսնցուցած է միջնորդի իր դերը՝ «իր միակողմանի մօտեցման պատճառով»:
Ըստ նոյն նախարարութեան՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ, «Լեռնային Ղարաբաղի ապագան» նիւթով լսումներուն ընթացքին, Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գրասենեակի վարիչ Ճէյմզ Օ՛Պրայըն հանդէս եկաւ «անհիմն յայտարարութիւններով»:
«Կարեւոր է նշել, որ այս պայմաններուն մէջ մենք, կը կարծենք, թէ կարելի չէ 20 Նոյեմբեր 2023ին Ուաշինկթընի մէջ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում ունենալ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը նաեւ կը պնդէ, որ «Ատրպէյճան միշտ յարգած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Նկատի ունենալով Օ՛Պրայընի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ ելոյթներուն եւ քաղաքական ճնշումի պայմաններուն մէջ, ամերիկեան կողմը ջնջած է շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ պատուիրակութիւններու այցելութիւններ Պաքու, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ «նման պայմաններու մէջ Ատրպէյճան Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու այցելութիւններու հնարաւորութիւնը անտեղի կը նկատէ»:
«Ինչ կը վերաբերի այն յայտարարութեան, որ ամերիկեան կողմը իր նախաձեռնութեամբ յետաձգած է Ատրպէյճանի հետ երկկողմ հանդիպումները եւ բարձր մակարդակի կապերը, եւ որ մեր երկկողմ յարաբերութիւնները չեն կրնար նոյնը ըլլալ, մենք կ՛ուզենք նշել, որ յարաբերութիւնները չեն կրնար միակողմանի ըլլալ: Այսպիսով, նոյն մօտեցումը հաւասարապէս կը կիրարկուի նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ: Այսպիսի պայմաններու մէջ մենք աննպատակայարմար կը նկատենք նաեւ Ատրպէյճան Միացեալ Նահանգներու բարձր մակարդակի ներկայացուցիչներու այցելութիւնները», կ՛ըսուի յայտառառութեան մէջ:
Օ՛Պրայըն նաեւ յայտարարեց, թէ ներկայիս նախարարութիւնը չի նախատեսեր «Ազատութեան աջակցութեան օրէնք»ի թիւ 907րդ յօդուածի շրջանցում, այսինքն Պաքուին ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները կրնան կասեցուիլ, նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի բռնարարքները:
«Ինչ կը վերաբերի 907րդ յօդուածի կասեցման հարցին վերաբերեալ Ճէյմզ Օ՛Պրայընի մեկնաբանութեան, ըստ երեւոյթին, ամերիկեան կողմը կը կրկնէ նոյն սխալը, զոր կատարեց Ատրպէյճանի նկատմամբ, որ պատժամիջոցներու ենթարկուած էր այդ լրամշակումով, հակառակ անոր որ 1992ին եղաւ յարձակման ու բռնագրաւման ենթարկուած պետութիւն», կ՛ըսէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Պաքու նաեւ կշտամբեց Ուաշինկթընը՝ ահաբեկչութեան հարցով Ատրպէյճանի մօտեցումը անտեսելուն եւ անշնորհակալ ըլլալուն համար:
«11 Սեպտեմբեր 2001ի ահաբեկչութենէն ետք, երբ Ատրպէյճան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ աջակցեցաւ ամերիկեան ջանքերու, ինքնին ամերիկեան կողմը որոշեց նոյն թուականին ժամանակաւորապէս կասեցնել 907րդ յօդուածը: Ատրպէյճանն էր, որ օգնութեան ձեռք երկարեց ամերիկեան կողմին՝ Միացեալ Նահանգներուն համար բանալով իր օդային տարածքը եւ այլ կառոյցներ: Ատրպէյճան Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու կողքին կռուած առաջին երկիրներէն էր, որ նաեւ եղաի վերջին հեռացողը Աֆղանիստանէն: Սակայն, կը պարզուի, որ ամերիկեան կողմը միշտ ժամանակաւոր նկատած է Ատրպէյճանի աջակցութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Ըստ նոյն նախարարութեան՝ Միացեալ Նահանգները պէտք չէ մոռնայ, որ պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ՝ աւելցնելով. «907րդ յօդուածի կիրարկումը ժամանակաւորապէս կասեցնելու հարցին մէջ ամերիկեան կողմի այդ արհամարհական պահուածքը չարամիտ քայլ է Ատրպէյճանի դէմ»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ «Ատրպէյճան ոչ միայն 2020ի 44օրեայ պատերազմէն ետք, այլ նաեւ իր տարածքի գրեթէ 30 տարուան բռնագրաւումին ընթացքին հաւատարիմ մնաց միջազգային իրաւունքի ուխտերուն եւ սկզբունքներուն, ներառեալ՝ խաղաղ գործընթացին: Մինչդեռ, ամերիկեան կողմը, որ միջնորդներէն է, պատասխանատու է նաեւ անոր համար, որ յարձակող հանդիսացող եւ տարածաշրջանը ապակայունացման տանող Հայաստանին երբեւէ կոչ չէ ուղղած գործելու միջազգային իրաւունքին համապատասխան»:
«Բացի այդ, Միացեալ Նահանգները միակ երկիրն է, որ պաշտօնապէս ֆինանսաւորած է նշուած վարչակարգը եւ պարբերաբար կազմակերպած անոր ներկայացուցիչներուն այցելութիւնները Միացեալ Նահանգներ եւ հանդիպումները ամերիկացի պաշտօնեաներու հետ, ուստի, Միացեալ Նահանգները պատասխանատուութիւն կը կրէ երկակի չափանիշներու կիրարկումը չկանխելուն համար», կ՛ըսուի վեռոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Comments are closed.