Ամբոխահաճութիւն, Մենատիրական Շլացում Եւ… Սահմանադրական Դատարան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Ինչպէ՞ս սուտը փորձութիւն պիտի չըլլար, երբ տկար եւ
մանկամիտ մարդը այնքա՜ն շուտ կը շլանայ»:

ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԺԱՆՔԵԼԵՒԻՉ (1903-1985),
գրող, իմաստասէր

Չէր պատահած, որ այսքան գերին ըլլամ հեռատեսիլին, ոչ ընդհանրապէս, այլ Հայաստանի, որուն երեք կայանները, զորս կրնամ դիտել, օրնիբուն լուրեր կու տան երկրի կացութեան, ռազմագերիներու, զոհերու եւ ցոյցերու մասին, զիս կը հրաւիրեն թափառելու անտէր մնացած պատմական աւերակներու մէջ, կամ դիտելու ապաշնորհ պատումներ, զորս կը կոչեն սերիալներ:

Երկուքուկէս տարի առաջ, Երեւան, հեռատեսիլէն կամ փողոցը, հանդիսատես եղայ դժգոհութեան, կիրքի, վրէժխնդրութեան ալեկոծութիւն ստեղծած ամբոխահաճութեան (populisme) դրօշին տակ խմբուած աւելի լաւ օրերու ակնկալութեամբ ոտքի ելած մարդոց երթին, զոր կոչեցին «թաւշեայ յեղափոխութիւն»:

Մարդիկ, երբ կը խմբուին, անմիջականով կը տրամաբանեն, դարձդարձիկ մտածումներով չեն յառաջանար, հասկնալին կ’ըլլայ թերը կամ դէմը: Խորաթափանց վերլուծումներու չեն յանձնուիր: Այս է ենթահողը ամբոխահաճութեան, Հայաստան կ’ըսեն` պոպուլիզմ, որ կ’առաջնորդուի պարզացուած միտքերով, կ’ըսենք` կարգախօսներով, որոնք կացութիւն կը բացատրեն կամ ծրագիր կը ներկայացնեն քանի մը բառով, առանց դանդաղելու պատճառի եւ արդիւնքի որոնման ճամբաներու վրայ:

Աւելի պարզ. երբ այլապէս տրամաբանող եւ ողջախոհ մարդիկ կը մերուին ամբոխին մէջ, կը դադրին (գրեթէ) տրամաբանելէ: Անհատաբար անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ կամ կ’ուզէ քարկոծելով կատու մը անգամ սատկեցնել, բայց երբ ամբոխ է, հարիւրով կամ հազարով, քարկոծելով մարդ անգամ կրնայ սպաննել: Ամբոխը դիւրաւ կրնայ ատել այն, ինչը կը պաշտէր մէկ օր առաջ: Ամբոխը, ոչ` բնական կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդը,  դիւրութեամբ կրնայ երթալ ծայրայեղութիւններու, ուրացումներու, քանդումի: Ամբոխի ուժը հակամէտ է քանդումի, ոչ` ստեղծման, կառուցման: Եւ ամբոխավարներ պատմութեան տուեալ պահուն միշտ օգտագործած են այդ ուժը, զայն ծառայեցուցած` իրենց նպատակներուն, շահերուն, փառասիրութեան:

Ամբոխավարը կը շահագործէ ամբոխի դիւրագրգռութիւնը:

Ամբոխը հակամէտ է անմիջապէս հակազդելու եւ քանդելու:

Այս ըմբռնումով պէտք է դիտել Հայաստանի մէջ ամբոխահաճութեան ալիքին վրայ ստեղծուած կացութիւնը` իր քաղաքականութեամբ եւ ղեկավարներով:

Ամբոխահաճութեան դէմ երթալու համար պէտք է հրաժարիլ թեր կամ դէմ ըլլալու նախնականութենէ եւ մեկնիլ հանրային բարիքի, ծառայութեան, բարոյականութեան, իրաւունքի ըմբռնումներէ` կառուցողական ըլլալու համար:

Ամբոխային հոգեբանութիւնը ուսումնասիրած ֆրանսացի ընկերաբան Կիւսթաւ լը Պոնի եզրակացութիւնը զգուշութիւն պէտք է թելադրէ ամէն տեսակի առաջնորդներու, որոնք անմիջական շահերու եւ յաջողութեան համար կը բթացնեն ժողովուրդը: Կիւսթաւ լը Պոնի եզրակացութիւնը այն է, որ ամբոխի ուժը կը ծառայէ միայն քանդելու: Ղեկավարը, ան ըլլայ իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, այս պէտք է գիտնայ, քանի որ իրեն հետեւող նոյն ամբոխը անմիջապէս կրնայ դիմաշրջում ունենալ եւ լսել այլ կարգախօս: Եւ ի հարկէ պէտք է գիտնալ,  որ ամբոխը խարդախումն է ժողովուրդին:

Ամբոխահաճական ալիքի վրայ իշխանութեան տիրացողները վաղ թէ ուշ պիտի գտնուին իրենց փառասիրութիւնները եւ տեսակէտները ժողովուրդին համար բարիք համարելու անհեթեթ կացութեան մէջ, երբ արդէն ժողովուրդը, կամ անոր զգալի մէկ մասը կը մերժէ զիրենք:

Մեր ժողովուրդի ներկայի պարագային, այդ ժողովուրդը կը կազմուի իր կաթողիկոսներէն, երկրի նախագահէն, տասնեակներով մտաւորականներէն եւ արուեստագէտներէն, այսինքն` ժողովուրդի ոգեկանութենէն, նաեւ` երիտասարդութենէն, ուսանողներէն: Չկայ 2018-ի յոյսի ալիքը, որ ծնունդ տուաւ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան: Այսօր ժողովուրդէն ստացուած «մանդատ»-ի մասին խօսիլ եւ անոր ետին թաքնուիլը ամբոխահաճական (պոպուլիստական) կրկներեւոյթը (միրաժ) իրականութեան հետ շփոթել է: Ո՛չ վարչապետի հրապարակախօսական ճապկումները եւ ո՛չ ալ իր պալատականներու փաստարկները ո՛չ ոքի համար համոզիչ են:

Գիտակից քաղաքացին, հայ թէ օտար, չի հասկնար, թէ ինչպէ՛ս, օրուան իշխանաւորը, այս պարագային` վարչապետը, առանց նախագահ, արտաքին գործոց նախարար, սպայակոյտի պետ, Ազգային ժողով տեղեակ պահելու, զանոնք լսելու, դեռ չեմ խօսիր երկրի այդ պայմաններու մէջ անկարելի հանրաքուէի կազմակերպման մասին մտածելու, անձնատուական (կապիտուլացիա) թուղթ կը ստորագրէ` ամբողջ ժողովուրդ մը իրաւազրկելով: Քաղաքական իշխանութիւնը հայրենիքի տարածքին եւ ժողովուրդին տէրը չէ, այլ` աւանդապահը, պահակը: Մեր այս յատուկ պարագային, երբ վարչապետ-գերագոյն հրամանատարը Հռոմի կայսեր պէս ամպագոռգոռ կը յայտարարէր, որ ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Է ԵՒ ՎԵՐՋ, կ’ընդունի Արցախի ընծայաբերումը թշնամիին:

Եւ ամբոխահաճական յաղթանակի երազը վառ պահելով եւ իշխանութեան գինովութեամբ ապրելով, Հայաստանի իշխանութիւնները եւ անոնց գլխաւորը խաբեցին ժողովուրդը` հոգիներու մէջ դաջելով  «ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ»-ի հպարտութիւնը, շունչ տալով ՀՊԱՐՏ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Ի՞նչ էր պատկերը ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐին որպէս աւանդ ստացած Արցախին եւ այսօրուան պատկերը մանրակերտ դարձած Արցախին: Դեռ չեմ խօսիր հազարաւոր գարուն կեանքերու կորուստին եւ անոնց ետին մնացած որբերու, այրիներու, սգաւոր մայրերու եւ հայրերու մասին:

Անվարան պէտք է խօսիլ նաեւ կառավարման եւ ժողովրդավարական բարոյականի մասին:

Պետական յանցագործութիւն է երկրին եւ ժողովուրդին վերաբերող ճակատագրական թուղթ ստորագրել` առանց տեղեակ պահելու նախագահ, կառավարութիւն, Ազգային ժողով, առանց անոնց հետ խորհրդակցելու, անոնց համաձայնութիւնը ունենալու:

Իր կոչման արժանի Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը պարտք պէտք է համարէ այս յանցագործութեան քննութիւնը, ԴԱՏԸ, անկախաբար ժողովրդական ընդվզումի ալիքէն:

Ամբոխի քէնի ու քինախնդրութեան արդար կամ անարդար սպասումը բաւարարելու կոչուած նախկինները դատարան ղրկելու քաղաքականութիւնը ընդարմացուցա՞ծ է հանրային կարծիքը, որ երբ հայրենիք յանձնելու անձնատուական համաձայնագիր կը ստորագրուի, ղեկավարութիւնը կրնայ ինքզինք արդարացնել ժողովուրդէն ստացուած մանտադով եւ քնացնել այդ ժողովուրդը:

Երկրի պատասխանատուներէն գաղտնի ստորագրուած անձնատուական համաձայնութիւնը անուն ունի, որ այսօր Հայաստանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան շէնքերուն առջեւ, հեռատեսիլէն, կը լսուի եւ կը տարածուի Հայաստան աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, սփիւռքի համամոլորակային տարածութիւններուն վրայ:

Ի՞նչ պիտի արձանագրէ պատմութիւնը:

Բայց այսօր կարեւոր է, թէ ի՛նչ կ’ըսէ ժողովուրդը, եւ մանաւանդ, ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԳՈՒՆ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ԻՐ ԿՈՉՄԱՆ ԱՐԺԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ:

Սուտով, արուեստակեալ թափահարումներով եւ ճապկումներով կարելի չէ ժողովուրդը միշտ խաբել, փառք հիւսել եւ պատմութիւն գրել: Ուսանողութեան օրերուս շատ կը սիրէի Վլատիմիր Ժանքելելեւիչի «Առաքինութիւններու գիրքը» կարդալ (Traité des vertus, Vladimir Jankélévitch): Այս ցաւցնող մտորումներս պիտի եզրակացնեմ իր վերոնշեալ խօսքով, զոր եթէ լսենք, ներսը եւ դուրսը, մեծեր եւ նուազ մեծեր, շատ բաներ կրնան փոխուիլ հայ կեանքին մէջ. «Ինչպէ՞ս սուտը փորձութիւն պիտի չըլլար, երբ տկար եւ մանկամիտ մարդը այնքա՜ն շուտ կը շլանայ»:

Տկար եւ մանկամիտ մարդիկ ընկերային եւ քաղաքական չարիք կը դառնան, երբ ամբոխահաճութիւնը զիրենք կը նստեցնէ էսթեպլիշմընթի դիրքի վրայ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.