Աղուան Վարդանեան կ՚առաջարկէ ԱԺ պատուիրակութեամբ մեկնիլ Պաքու՝ հայ գերիներուն այցելելու
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի նիստին առաջարկած է խորհրդարանական պատուիրակութիւն կազմել եւ մեկնիլ Պաքու՝ այնտեղ պահուող հայ գերիներուն եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն այցելելու նպատակով։
Վարդանեան շեշտած է, որ արդէն երեք տարի Արցախի ղեկավարութեան անդամները, ինչպէս նաեւ առնուազն 11 Հայաստանի քաղաքացիներ, կը պահուին Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ՝ պատանդի կարգավիճակով։ Ան նշած է, որ դատավարութիւնները կ՚ընթանան միջազգային նորմերու խախտումներով, իսկ գերիներէն ոմանք նոյնիսկ զրկուած են իրենց դատավճիռներուն ծանօթանալու կարելիութենէն։
Պատգամաւորը նաեւ յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճան փակած է Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի գրասենեակը, մինչ կը շարունակեն շրջանառուիլ գերիներու նկատմամբ խոշտանգումներու եւ ճնշումներու մասին տեղեկութիւններ։
Վարդանեան առաջարկած է պատուիրակութիւնը կազմել «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներէն։ Ըստ անոր՝ պատուիրակութեան նպատակը պէտք է ըլլայ հանդիպիլ բոլոր հայ գերիներուն, ծանօթանալ անոնց պայմաններուն եւ առողջական վիճակին, ստանալ դատավճիռները եւ հանդիպումներ ունենալ Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դեսպաններուն հետ։
«Մենք կատարենք մեր պարտքը, ընենք այն, ինչ ճիշդ է ու պատասխանատու։ Մնացածին մասին յետոյ կը խօսինք», եզրափակած է Վարդանեան։