Ալեն Սիմոնեանը Ներողութիւն Խնդրած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Բոլոր Քաղաքացիներէն

«Կ՛ուզեմ ներողութիւն խնդրել Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներէն», արձագանգելով օրերս տեղի ունեցած միջադէպին վերաբերեալ քննարկումներուն` իր Դիմատետրի էջին մէջ գրած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան:

Միջադէպին մասին խօսած ՀՅԴ-ի անդամ Կարէն Մկրտիչեան կիրակի օր Դիմատետրի ուղիղ եթերով ըսած էր, որ «դաւաճան» ըսելուն համար Ազգային ժողովի նախագահի թիկնապահները սկիզբը իր ձեռքերը բռնած են, ապա Ալեն Սիմոնեան մօտեցած ու թքնած է դէմքին: Շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ, դատապարտելով Ազգային ժողովի նախագահի պահուածքը, իշխող մեծամասնութենէն պահանջած էին Սիմոնեանի վարքը քննել Ազգային ժողովի բարոյագիտութեան յանձնախումբին մէջ, նաեւ դիտարկել զայն պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցը:

«Ես կը ցաւիմ, որ ինծի ուղղուած անձնական վիրաւորանքէն հունէ դուրս եկայ», նշած է Սիմոնեան` շարունակելով. «Վստահ եմ, որ արժանապատուութիւն ունեցող որեւէ հայ մարդ պիտի չհանդուրժէր նման վիրաւորանք, սակայն ընտրուած պաշտօնեայի վրայ դրուած բարձր պատասխանատուութիւնը զսպող դեր պէտք է ունենայ: Սա նաեւ դաս է ինծի համար, որովհետեւ, ամենայն հաւանականութեամբ, ես եւ մեր խումբի այլ ներկայացուցիչներ ապագային ալ պիտի բախինք նման իրավիճակներու հետ»:

Comments are closed.