Ազգութեան Բաղադրիչները
- (0)
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Մարդկային հաւաքականութիւն մը ի՞նչ ստորոգելիներ ունենալու է, որ կարենայ ազգ համարուիլ։ Այս մասին գրուած է, գրուած է շատերու կողմէ, որոնցմէ կրնանք վերյիշել գէթ Յովհաննէս Քաջազնունին, Լեւոն Շանթը, Գարեգին Խաժակը եւ դեռ ուրիշներ, որոնց հատորները քովի գրադարանէս սուր աչքերով ինծի կը նային, երբ սոյն յօդուածը գրել կը սկսիմ։ Բայց նպատակ չունիմ զիրենք անհանգստացնելու։ Այս անգամ քեպէգցի մտածողի մը գրքին է, որ կ՚ուզեմ անդրադառնալ, աւելի ճիշտ՝ այդ գրքին 2023-ին Պորէալ (Boréal) հրատարակչականէն լոյս ընծայուած ու 396 էջերէ բաղկացած հաստափոր «Յաղաքս ազգային պատմութեան» («Pour l’histoire nationale») հատորի գրախօսականին, զոր Լուի Գորնըլիէի (Louis Cornelier) ստորագրած է Լը Տվուար (Le Devoir) օրաթերթի 20-21 մայիս 2023-ի իր շաբաթական սիւնակին մէջ՝ վերնագրելով զայն «Պուշար յաղաքս ազգին» («Bouchard pour la nation»)։
– Ժեռար Պուշար (Gérard Bouchard)՝ գրեթէ ութսունամեայ շատ յարգուած պատմաբանը, այնտեղ կ՚արտայայտէ իր «հիմնական համոզումները»,- կ՚ըսէ գրախօսողը։ Ու թէեւ հատորը գրուած է՝ նկատի առնելով Քեպէգի պատմութիւնն ու իրավիճակը, սակայն հոն տեղ գտած մտքերը կ՚անդրանցեն Գանատայի ինքնուրոյն այս նահանգի սահմանները ու կը վերաբերին բոլորին, նաե՛ւ մեզի։ Գրքի մուտքին, կը նշէ յօդուածագիրը, Պուշար կ՚ընէ քաղաքակրթական հաստատում մը. «Մեր դարը կորսնցուցած է պատմութեան զգացողութիւնը»՝ այդպիսով զրկելով մեզ ոչ միայն անցեալի, այլեւ ապագայի ալ յստակ պատկերացումէ մը։ Կրնանք խօսիլ «խորհրդանշական պարապութեան մը» մասին, նոյնիսկ «հոգեկան կորուստի» մը։ Մեծամասնութեան համար (անչակերտ այս մէջբերումները Գորնըլիէի գրչին կը պատկանին, սակայն պատմաբանին միտքերն են) կրօնը չէ կեանքին իմաստ մը մատակարարողը, իսկ քաղաքական հաստատութիւնը կը տառապի հաւաստիութեան պակասէ։ Ազգային շրջանակը, որքան ալ ինք եւս ցնցուած ըլլայ, կը վերապրի որպէս իրաւունքի, ժողովրդավարութեան ու պատկանելիութեան տարածք, սակայն կը կաղայ մշակութային փոխանցումը, որ պէ՛տք է «հաւաքական ամեն կեանքի բարօր ընթացքին անհրաժեշտ արժէքներու» աւանդումին համար։ Այս իրավիճակը փոխելու կոչուած հաստատութիւններէն դպրոցը գրեթէ միակն է, որ այդ առաքելութիւնը կրնայ կատարել, իսկ ազգային պատմութիւնը՝ գերազանց դասանիւթը։ Հարցը, կը ճշգրտէ Պուշար, այն չէ, որ վերադառնանք այն ժամանակաշրջանին, երբ ազգին մեծութիւնը կ՚երգուէր առանց քննադատական ոգիի, այլ վերագտնենք «յուզելու եւ կրթելու կարողութիւնը շնորհիւ վեր լուծ ման ու պատմումին, տրամաբանութեան եւ զգացականութեան կրկնակ ուժին»՝ «անցեալի խօսոյթին համարկելով բազմակարծական ու քննադատական պատկերացում մը», յարգելով (քեպէգեան) ընկերութեան խորհրդանշական հիմքերը» (փակագիծի մէջ կը դնեմ տեղային ստորոգումը, որովհետեւ զայն կարելի է փոխարինել հայկական, թէ որեւէ այլ ազգութեան ստորոգումով. Վ-Ա.)։ Հակադրուելով բոլոր անոնց, որոնք թունաւոր ազգայնականութիւն մը կը տեսնեն ազգային պատմութեան մէջ՝ Պուշար կը բացատրէ, թէ իր ազատական տարբերակին մէջ «ազգը կը հիմնուի ազատութեան, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրա ւանց, բազմակարծութեան, անվայրագութեան, հասարակական հաւասարութեան որոնման եւ եկեղեցի ներու չարաշահող բացարձակ հեղինակութեան մեր ժումին վրայ»։
Այլեւ իւրաքանչիւր բնակչութիւն ընկերութեան մը վերածուելու համար պէտք է իւրացնէ «մշակութային հէնք մը, որ պայման է պատկանելիութեան, համերաշխութեան ու փոխադարձ վստահութեան, որոնք կարելի կը դարձնեն պետութեան կառավարումը, իսկական քաղաքացիութեան հաստատումը եւ ժողովրդավարութեան գործադրումը»։ Իրենց հասարակութեան մէջ յանձնառու քաղաքացիներ դառնալու համար աշակերտները պէտք է յուզական կապ մը զգան այդ վերջինին հետ։ Այդ առաքելութեան մէջ ազգային պատմութիւնն է գերազանց դասանիւթը, ինչպէս ըսուեցաւ։ Համոզուած, որ «յուզական կողմը ընկերային կեանքի եւ հաւաքական յիշողութեան սիրտն իսկ կը հանդիսանայ»՝ Պուշար չի վարանիր արժեւորելու անցեալի հերոսները եւ ջատագովելու անցեալի պատմումը՝ չոր ու փաստական վերլուծումներու փոխարէն իր մարդկայնականութիւնը վերադարձնելու համար գիտութեան մը, որ ազգային պատմութիւնն է։ Այստեղ վերջ կը գտնեն վերոնշեալ գիրքէն ու գրախօսականէն կատարուած մէջբերումները։ Ուշիմ ընթերցողը կ՚անդրադառնայ, անշուշտ, թէ այնտեղ արտայայտուած մտքերը, որոշ վերապահութիւններով, կը համընկնին մեր ալ պայմաններուն, մանաւանդ ներկայ վհատեցուցիչ ժամանակաշրջանին մէջ, երբ ամեն ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք մեր ինքնավստահութեան վերահաստատման։ Այո՛, ի հակադրութիւն Պուշարի նկատի առած հասարակութեան՝ մեր եկեղեցին տակաւին կարեւոր դերակատարութիւն ունի ու պիտի ունենայ մեր կեանքին մէջ, մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները՝ նոյնպէս, որքան ալ մութ ուժեր աշխատին վարկազրկել զանոնք՝ ա՛լ աւելի սաստկացնելով մեր վհատութիւնը, որքան ալ մեր անցեալի դէմքերուն ու դէպքերուն դէմ, մեր ազգային խորհրդանշաններուն ու տեսլականներուն դէմ անողոք պայքար մղուի, այսպէս կոչուած, ինքզինք «ազատական» համարող ոլորտներու կողմէ։ Այո՛, սակայն, ամենէն առաջ մշակութային հէնքն է, խարիսխն է, այդ խարիսխին ճանաչումն է, որ պիտի փոխանցուի նոր սերունդին՝ ստեղծելու համար ազգին պատկանելու զգացումը։ Եւ այդ՝ առաջին հերթին հայոց պատմութեա՛ն իսկ ճամբով։ Մշակութայինը պիտի հասկնանք իր լայն, համապարփակ իմաստով՝ ներառելով ոչ միայն արուեստները, երգն ու պարը, գրականութիւնը, լեզուն, ճարտարապետութիւնն ու կերպարուեստը, այլեւ մեր պատմութիւնը, մեր երկի՛րը՝ պատմական բնակավայրը, անկէ մեր հեռացուած ըլլալը, վերադարձի տեսլականն ու մեր Դատը։ Կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ կը կոչուին դասանիւթերը, կարեւոր չէ նաեւ, թէ այդ փոխանցումը դասապահերո՞ւն, դադար-զբօսանքներուն, թէ՞ դպրոցէն դուրս հայ կեդրոններուն ու եկեղեցիներուն մէջ կ՚իրականանայ։ Ու մանաւանդ տուներուն։ Կարեւորը զայն փոխանցելն է, եւ Պուշարի նոր գիրքը անգամ մը եւս այդ կը յիշեցնէ մեզի։