Ազգային Ժողովին Մէջ Քաշքշուք Եւ Ուժի Կիրարկում

24 օգոստոս 2021-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման նիստը, որուն ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց կառավարութեան 2021-2026 թուականի գործունէութեան ծրագիրը: Ներկայ էին նաեւ կառավարութեան անդամները:

Ազգային ժողովին մէջ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ կառավարութեան այս ծրագիրը ոչ այլ ինչ է, քան կանխամտածուած գործողութիւն` քողարկելու յառաջիկային մեզ պատուհասող ամբողջական յանձնուողականութեան:

«Մօտալուտ պարտուողական համաձայնագիրին բուն իմաստը հետեւեալն է. վերջնականապէս հրաժարիլ Հայաստանի անկախութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման մասին հռչակագիրներու կենսագործման առաքելութենէն: Մեր ձախողութիւններու պատճառներուն պատճառը այս հռչակագիրներէն, ըսել է թէ` ազգային պետական ուղեգիծէն շեղումները եղած են միշտ: Հայաստանի անկախութիւնը ձեռք բերուած է արցախեան ազատամարտի պայմաններուն մէջ, եւ հիմա այս պատերազմէն ետք դժուար չէ պատկերացնել, թէ ի՛նչ պիտի մնար Հայաստանի անկախութենէն, եթէ չըլլար արցախեան ազատամարտի մեր յաղթանակը: Հիմա այդ յաղթանակը ձեր կառավարութիւնը մսխած է եւ հարց յառաջացած` ի՞նչ պիտի մնայ Հայաստանի անկախութենէն: Ձեր կառավարութիւնը Արցախի անկախութեան եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան կապը չէ տեսած, աւելի՛ն` դուք ձեր յեղափոխութեան փառաբանման եւ ձեր առաջնորդի մեծարման նպատակով` նսեմացուցած էք արցախեան ազատամարտի յաղթանակը: Հիմա ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք վերականգնել ժողովուրդին կողմէ ձեզ փոխանցուած ժառանգութիւնը, կառավարութեան ա՞յս ծրագիրով, կառավարութեան այս ծրագիրը ոչ այլ ինչ է, քան նոր պարտուողական համաձայնագիրի նախերգանք, եւ ընդդիմութեան խնդիրն է` քողազերծել այս հերթական դաւադրութիւնը, որ կը պատրաստուի իրականացնել այս նոյն կառավարութիւնը` ժողովուրդի թիկունքին», նշեց Արմէն Ռուստամեան:

Ընդդիմադիր պատգամաւորը այդ մասին վկայող քանի մը փաստ ներկայացուց:

Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, թէ կառավարութեան ծրագիրը ոչ թէ խաղաղութիւն պարտադրելու, այլ խաղաղութիւն մուրալու ծրագիր է. «Որովհետեւ այս կառավարութիւնը կը պատրաստուի նոր զիջումներու, նոր պարտուողական համաձայնագիրի, իսկ այս ծրագիրը անոր ծածկոյթն է` թանձրացուած, սովորական ականջահաճոյ ձեւակերպումներով»:

Նշենք, որ հարցուպատասխան բաժինի ժամանակ, հարց ծագած է «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Մկրտչեանի կողմէ վարչապետին ուղղուած հարցումի եւ նկատողութեան մը պատճառով, որմէ ետք հարցը զարգացած է եւ վերածուած քաշքշուքի Պարեկապահակային ծառայութեան աշխատակիցներուն միջամտութեամբ, որոնք ուժ կիրարկած են` փորձելով դահլիճէն դուրս հանել պատգամաւոր Աննա Մկրտչեանը եւ հարուածած  «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը:

Աւելի ուշ, «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները յայտարարութեամբ մը դատապարտեցին Ազգային ժողովին մէջ պատգամաւորներուն նկատմամբ բանեցուած բռնութիւնը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.