Ազգային ժողովը Յունիս 25-ին երկրորդ ընթերցմամբ ընդունեց Հարկային օրէնսգիրքի փաթեթը: Նախագիծին կողմ քուէարկեց միայն «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը, իսկ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը ու «Լուսաւոր Հայաստանը» դէմ քուէարկեցին: Նախագիծը ընդունուած է 73 կողմ, 32 դէմ ձայներով:
Հարկային օրէնսգիրքի այս փաթէով կը նախատեսուի նուազեցնել եկամտային հարկը` սահմանել համահարթ 23 տոկոս, յետագային ան պիտի իջենէ մինչեւ 20 տոկոս: Այսօր կը գործէ տարբերակուած եկամտային հարկ` 23, 28 եւ 36 տոկոս:
Այս օրինագիծին դէմ ամիսներ շարունակ բողոքի տարաբնոյթ ցոյցեր կ՛իրականացնէին ՀՅԴ ՀԵՄ «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները:
Ազգային Ժողովի դարպասներուն մօտ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան` նշելով. «Քիչ առաջ Ազգային ժողովը ընդունեց նախագիծ մը, որ ուղղակի կը հարուածէ երկրի բնակչութեան մեծամասնութեան: Այս նախագիծով պետական պիւտճէին տարեկան` շուրջ 45 միլիառ դրամի կորուստները կը նախատեսուի փոխհատուցել թանկացնելով շարք մը ապրանքատեսակներ, որոնք մենք ամէն օր կ՛օգտագործենք մեր կեանքին մէջ: Այս նախագիծը որեւէ կերպ պիտի չլաւացնէ երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող` ցած եկամուտ ունեցող, այսինքն` 150.000 դրամէն ցածր ստացող, աղքատութեան մէջ գտնուող գործազուրկներու, թոշակառուներու, դեռ աշխատաշուկայ չմտած երիտասարդներու կենսամակարդակը: Փոխարէնը` ան էականօրէն պիտի աւելցնէ քանի մը հազար մարդու եկամուտները` ամսական դրութեամբ:
Անոնք նշեցին, որ այսօր ցոյցը վերջացաւ այստեղ, բայց իրենք պիտի ըլլան այստեղ, երբ այս նախագիծին հետեւանքները զգայ հասարակութեան մեծամասնութիւնը, եւ այդ ընկերային ընդվզումը, որուն մասին այդքան կը զգուշացնէին, եւ որմէ այդքան կ՛ուզէին խուսափիլ, պիտի ըլլան այդ պայքարի առաջամարտիկը»:
Ան յայտնեց, որ նախաձեռնութեան յետագայ քայլերուն ու ծրագիրներուն մասին պիտի տեղեկացնեն վաղը` այլ ձեւաչափով: