Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Յատուկ Նիստեր Կը Տրամադրէ Քրիսոտնէական Դաստիարակութիւն Եւ Հայեցի Դաստիարակութիւն Թեմաներուն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին Վեհարանին Դահլիճին մէջ Ազգային ընդհանուր ժողովը իր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն տեղեկագիրներուն ներկայացումէն եւ քննարկումէն ետք, նիստերը տրամադրեց զեկոյցներու միջոցով քննելու եւ քննարկելու հայկական սփիւռքեան իրականութիւնը ընդհանրապէս եւ կաթողիկոսութիւնը յատկապէս յուզող հարցերը: Այս ծիրին մէջ, Ժողովը կարեւոր տեղ տուած էր քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան։
«Քրիստոնէական դաստիարակութիւն» թեմայով նիստին զեկոյցներ ունեցան Լիբանանի թեմէն Լիբանանի թեմէն տիկին Ժանին Դանիէլեան, Թեհրանի թեմէն Բարշ. Անի Քրիսթի սարկաւագուհի Մանուէլեան եւ Բերիոյ թեմէն Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միաքյէլեան:
Այս նիւթին առնչութեամբ զեկուցաբերներուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներն ու առաջարկները նոյնանման էին։ Տիկին Ժանին Դանիէլեան Լիբանանի թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան պատկերն ու մարտահրաւէրները ներկայացուց 4 մակարդակներու վրայ՝ կիրակնօրեայ վարժարաններու, ամենօրեայ վարժարաններու կրօնի դասապահերու, երիտասարդական միութիւններու եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան հաւաքներու։ Տիկին Դանիէլեան հիմնականօրէն ընդգծեց կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ ամենօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու քրիստոնէական դաստիարակութեան արդի մանկավարժական պատրաստութենէ զուրկ ըլլալու հարցը։ Ապա Բերիոյ թեմէն Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան խօսեցաւ 21-րդ դարու ընտանիքներուն փոխուած արժէքներուն ու առաջնահերթութիւններուն մասին, որոնց հետեւանքով քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ջամբելը նախկին ձեւերու օգտագործումով կը մնայ ապարդիւն: Արժանապատիւ քահանան նկատել տուաւ, որ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնները մէկ ամբողջութիւն են եւ հայկական իրականութեան բոլոր հաստատութիւններն ու միութիւնները դերակատարութիւն ունին այս առնչութեամբ: Յետոյ, Բարշ. Անի Քրիսթի Մանուէլեան Ժողովին ներկայացուց Թեհրանի պատկերը: Ան յայտնեց, որ ծնողը քրիստոնէական դաստիարակութեան առաջին դաստիարակն է, ուրեմն այդ մեկնակէտով աշխատիլը կրնայ քրիստոնէական ամբողջական կրթութեան հասցնել անձը: Ան եւս շեշտեց դպրոցներուն քրիստոնէական դաստիարակութեան մատուցման ձեւին վերանորոգման ու արդիականացման կարեւորութեան ու նշեց Կաթողիկոսարանէն իրենց ակնկալութիւնները։
Յաջորդ նիստը յատկացուած էր Հայեցի դաստիարակութեան նիւթին եւ զեկուցեցին Քանատայի թեմէն տիար Մհեր Գարագաշեան, Կիպրոսի թեմէն տիար Վարդան Թաշճեան, Ատրպատականի թեմէն տիկին Անահիտ Յակոբեան եւ Քուէյթի թեմէն տիար Ճորճ Արապաթլեան։
Տիար Գարագաշեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հայեցի դաստիարակութիւնը սփիւռքի հայկական դիմագիծի պահպանման գերխնդիրներուն ու անոր կրթական ոլորտի մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Ան սփիւռքի զանազան գաղութներու վարժարաններուն, հայ աշակերտութեան թիւին եւ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտութեան թիւին պատկերը տուաւ ու համեմատութիւններ ըրաւ։ Տիար Թաշճեան Ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ Կիպրոսի հայկական գաղութի ներկայ իրավիճակը, ուր կան խառն ամուսնութիւններ, հայերէնի նահանջ, օտարամոլութիւններ։ Տիկին Յակոբեան, խօսելով հայեցի դաստիարակութեան մասին, շեշտեց երեք առանցքներ վրայ՝ ընտանիք, դպրոց, համայնք, ու յայտնեց, որ դպրոցի ոլորտին մէջ կ՚իյնայ եկեղեցին, որ հայոց պատմութեան մէջ միշտ ալ ունեցած է կրթական հաստատութիւն մը ըլլալու հրամայականը։ Վերջապէս, տիար Արապաթլեան նշեց, որ Քուէյթի դրոյթը առիթ կու տայ հայ գաղութին մնալու հայկական շրջանակին մէջ, սակայն հոն ալ գոյութիւն ունին մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ կրթական մարզի վերանորոգումը, ուսուցիչներու արդար գնահատանքը։
Այս նիստերու աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը տուաւ իր նշումները եւ Ժողովը կատարեց քննարկումներ։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը հիմնուած է Քրիսոտնէական արժէքներու հիման վրայ, հետեւաբար անկարելի է անջատել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կրթական ոլորտներէն, աւելցնելով, թէ եթէ նախորդ տարիներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հիմնուած էր տեղեկութեան փոխանցման վրայ, ներկայիս այդ հիմնուած է հոգիի կրթութեան վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը ապա բարձր գնահատեց Կաթողիկոսարանիս թեմերուն տարած աշխատանքը կրթական մարզին մէջ ու ընդգծեց վարժարաններու կրթական ծրագիրներու վերանորոգման, հայեցի դաստիարակութիւնը գործելադաշտ տանելու եւ «cyber space»-ի» (համացանցի տարածքի) մէջ մնալու եւ գործելու կարեւորութիւնը։