Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութիւնը Գեղարքունիքի մարզի Գեղամավան գիւղին մէջ
Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, կէսօրուան ժամը 12-ին, Գեղարքունիքի մարզի Գեղամավան գիւղին մէջ, տեղի ունեցաւ բացումը՝ գիւղի համայնքի կեդրոնի հաւաքավայրին, հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ մեկենասութեամբ Գանատահայ ՏԷր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններու։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պաշտօնական բացումն ու օրհնութիւն կատարեց հաւաքավայրին, որ կը միացնէ գիւղի ժողովուրդը՝ երեխայէն մինչեւ երիտասարդ ու տարեց եւ խթան կը հանդիսանայ, որ բնակիչները շարունակեն իրենց գոյատեւումը մարզէն ներս ու իրենց ներկայութեամբ պահպանեն հայրենիքի սահմաները։
Գեղամավան գիւղը հիմնադրուած է 1828 թուականին: Բնակավայրը կը գտնուի Գեղարքունիքի մարզի Սեւանի տարածաշրջանին մէջ, Հրազդան գետի ձախակողմեան ափին։ Գեղամավան գիւղը կը գտնուի ծովի մակերեւոյթէն 1850-մեթր բարձրութեան վրայ:
Հանդիսութեան ներկայ էր Գեղարքունիքի նախկին մարզպետ եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի Ներկայացուցիչ՝ Պրն. Իշխան Սաղաթէլեան եւ տիկինը՝ Լիանան։ Սոյն ծրագիրը արդէն իսկ սկիզբ առած էր Պրն. Սաղաթէլեանի մարզպետութեան ժամանակահատուածէն։
ԴԻՒԱՆ ԱԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ