ԱԶԱՏ ԽՈՀԵՐ՝ ՀԱՅՈՒ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յ. Պալեան  

            Ազգ,  Հայ, Հայրենիք, Հայաստան, Պետութիւն, Սփիւռք, լեզու, մշակոյթ, իրաւունք եւ ինքնուրոյնութեան գոյութենական բազմաբնոյթ խնդիրներու դիմաց կանգնած ենք, բայց կը խօսինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք անոնք մեզի չեն վերաբերիր: Դեռ չես գիտեր ինչո՞ւ, մտահոգուիլ չարաբանութիւն կը համարուի, կարծէք Վոլթէրի «Քանտիտ»-ին պէս ենք, եւ ներսը ու դուրսը կը գտնուինք «աշխարհներու լաւագոյնին մէջ» եւ գոհ չըլլալ մեղանչում  է կամ թշնամութիւն:

            Կը խօսինք, կը գրենք, կը վիճինք, ուղղութիւններ կը ճշդենք, միշտ խորհելով, որ օր աւուր աճող աղմուկներու առարկան եւ առարկաները, ըստ ժամանակի  եւ բնակավայրերու  նոյն են, անոնք ձեւ, գոյն, բովանդակութիւն, իմաստ եւ նպատակ չեն փոխած, չեն փոխեր, մինչ իւրաքանչիւր հայու հետ, անոնք  տարբերակուած են, աճած են եւ կ’աճին ըստ աշխարհագրութեան, քաղաքակրթութիւններու եւ անոնց մէջ իրականացող տնտեսական կացութիւններու, քաղաքական-գաղափարախօսական ըմբռնումներու եւ կենցաղի: Հետեւանքը այն է, որ խորագրով նշուած ՀԱՐՑի մասին ըսուածներէն անկարելի դարձած է  նոյն բաները հասկնալ:

            Այնքան խօսուած է, կը խօսուի Հայկական «Սփիւռքներ»-ի մասին, մոռնալով, որ անբնական ընկերաքաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ լինելիական յարափոփոխ եւ անտարազելի ինքզինք վերարտադրող եւ տեւաբար տարբերակուող  կացութիւն մըն է ան: Եթէ սովորական լրագրական-դասական «խօսքերով չառաջնորդուինք, ի՞նչ նմանութիւն եւ նոյնութիւն կրնանք գտնել 1940-ի եւ այսօրուան լիբանանեան «սփիւռք» հաւաքականութիւններուն միջեւ: Ի՞նչ նոյնութիւն ունին Գորտոպայի եւ Մանչեսթըրի հայկական համայնքները: Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու համայնքները ներքին ի՞նչ նոյնութիւն ունին: Հարցումը կարելի է կրկնել փոխելով երկիրներու եւ քաղաքներու անունները: Ծագման նոյնութիւնը, որպէս զգացողութիւն, քանի ամեակները կը գումարուին, կը դառնայ փոքրամասնութեան մը զգացական տեսութիւն, որ կ’արտայայտուի եկեղեցիով որպէս աւանդութիւն եւ յիշատակ դարձող ինքնութեան հասցէ, պարախումբով, խոհանոցով, հայերէնի այլ լեզուներով փոխարինումով: Խորքի նուազում, լեզուի եւ ինքնուրոյն մշակոյթի բազմադէմ դիմափոխութիւններու հետեւանքով,  իրաւ շարունակութիւն ինչպէ՞ս ըլլալ: Ինքնախաբէութեամբ կը կարծենք ըլլալ ազգ, երբ, ոչ միայն իրարմէ հեռու ենք եւ կը հեռանանք աշխարհագրականօրէն, այլ նաեւ լայն առումով մշակութապէս եւ ընկերաքաղաքական ըմբռնումներով:

            Հայաստանէն արտագաղթածներու սփիւռքացումը ո՛չ պատմաքաղաքական եւ ո՛չ մշակութային-արժէքային հասարակ յայտարար ունի հայրենահանուածներու սփիւռք(ներ)ին հետ: Եկեղեցական, քաղաքական, կամ ջոջական ընտրանի(ներ) միշտ փորձած են բազմապատիկ տարբերութիւններէն անդին «մէկութիւն» եւ «նոյնութիւն» տեսնել, աւելի ճիշդ՝ քարոզել: Սփիւռքի «Մէկութիւն»-ը ընտրանիներու (élite) մտածական  ենթահողի  վրայ զարգացած տեսութիւն է, աւելի ճիշդ՝ ճառ: Իսկ այդ ընտրանին ալ բազմադէմ եւ յոգնակի է, տարբեր աշխարհագրութիւններով, տարբեր ուղղութիւններով նայող տարբեր զիրար մերժող եւ յաճախ դատափետող մարդիկ:

            Կա՞յ դասական ջոջականութեան  հետ չշփոթուող հայկական ընտրանի,  ո՞ւր է այդ հայկական «ընտրանի»-ն, ան ինչպէ՞ս կը սահմանուի: Ան ընթացիկէն եւ ցուցադրականէն անջատուող հեղինակութի՞ւն է, տարբեր՝ դասակարգային, թաղային, ընտանեկան, նիւթական, ժառանգական շահախնդրութիւններէ, սովորութիւններէ եւ ինքնաշնորհուած իրաւունքներէ: Ընտրանիի ըմբռնումը ընդհանրապէս, հայկական իրականութեան մէջ, մանաւանդ յարաճուն սփիւռքացման հետեւանքով, խանգարուած է, չի հպատակիր ազգային, քաղաքական, գաղափարական եւ արժէքային չափանիշներու, խմբակային, տնտեսական, ընտանեկան-ժառանգական է: Երբեմն պէտք է իմանալ խորքը կարգ մը յայտարարութիւններու, ինչպէս՝ «հիմա ժամանակ եւ դրամ ունիմ, եւ աթոռ կ’ուզեմ», աթոռ ունեցողը յաւակնութիւն կը յագեցնէ ուրիշի գրածով բեմ կը բարձրանայ «կողմ»ի, «դասակարգ»ի կամ «ընտանիք»ի իրաւունքով: Այս կարգի նեղմտութիւններու մէջ ինկած ենք եւ հիմնականը մոռացութեան տրուած էՄիշտ քիչ մը աւելի:

            Եթէ «ազգային» հիմնաւորումներով ընտրանի ունեցած ըլլայինք,- ոչ սոսկ ծնունդով քաղքենիացած դիրքապաշտ հայերու, հիմնահարցեր լուծելու օրակարգ կ’ունենայինք եւ ըստ այնմ կը գործէինք, ներսը եւ դուրսը չէինք բաւարարուէր զգացական, հայրենասիրական եւ փառասիրութիւններու աղմուկով, Գամառ Քաթիպայի սահմանած «իմ  կեդրոնը իմ փորն է»ի դիպուկ խօսքի վանդակէն դուրս եկած կ’ըլլայինք, հայրենալքում-արտագաղթ տեղի չէր ունենար, կը կազմակերպէինք հայրենադարձութիւն-բնակեցում, հայրենիք կը պաշտպանէինք, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» քաղաքական-գաղափարական ազգային իմաստութիւնը լուցկիի բոց չէր դառնար:

                        Ամառ է, արձակուրդային մեկուսացում: Եթէ չտարուինք սովորական ընդհանրացած զբօսներով, խառնիխուռն միտքեր զիրար կը հրմշտկեն: Ներկայ ժամանակի մէջ հայու միտքերը կրնա՞ն այդպէս չըլլալ:

            Կը հարցնե՞նք, թէ  ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱԶԳ, ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԷ՞Կ ԵՆ: Հայութիւնը, իր Հանրապետութեամբ եւ տեւաբար գերաճող Սփիւռքներով ՄԷ՞Կ է, թէ՝ բազմաթիւ, անոնք մէկ պատմութեան եւ մէկ ու նոյն հայրենիքի ժողովո՞ւրդ են:

            Այսօր ի՞նչ կը նշանակէ «հայութիւն» յղացքը. ա՞զգ, պետութի՞ւն, ցրուած հաւաքականութիւններու ենթադրական մէկութեան գումա՞ր :

            Ո՞ւր գտնել «հայութիւն»-ը, Քամչաթքա՞, Շանկհա՞յ, Ժընե՞ւ, Վլատիվոսթո՞կ, Թոկօ՞, Քուէ՞յթ, Պրըթանեը՞, Մոսկուա՞, Լո՞ս, Իրլանտա՞, Հիւսիսային Պողոտայի զբօսաշրջիկնե՞ր: «Ամէն տեղ հայ կայ», դեռ իրենք զիրենք որպէս այդ դաւանող գաղթականնե՞ր, բազմանուն «հայութիւն»-նե՞ր,  «որոնք պչրանքով, կը խուսափին իրենք զիրենք «գաղթածներ եւ գաթղողներ, կամ  «միկրանտ», պարզապէս  գաղթականութիւն» կոչելէ:

            Անոնք «հայրենիք» ունի՞ն, թէ, ինչպէս ըսուեցաւ բան չնշնակող «համաշխարհային ազգ» են:  Ի՞նչ է անոր հասցէն: «Հայութիւն» ըլլալու համար ծագման մը յիշողութիւնը բաւարա՞ր է՝ միացնելու եւ գաղթականները ազգ դարձնելու: «Ամէն տեղի հայեր»-ը հասարակաց ի՞նչ ունին: Զանազան երկիրներու բազմալեզու  եւ այդպէս ըլլալու դատապարտուած «հայեր»ը, ո՞ր պետութեան կը ծառայեն, որ ան ըլլայ իրենց ապահովութեան երաշխաւորը, որո՞ւ կը քուէարկեն զիրենք ներկայացնելու եւ զիրենք աառաջնորդելու համար: Գաղթականը կրնայ իր պարտականութիւնը լաւ կատարող բնակիչ-քաղաքացի ըլլալ, գնահատուիլ, դիրքեր գրաւել բայց, իրատես պէտք է ըլլալ եւ ընդունիլ, որ այդ բոլորը կը կատարուին ի հեճուկս ծագման եւ իրաւ պատկանելիութեան գիտակցութեան, եւ ակէ բխած յանձնառութեան:

            Բազում բնակութեան  հասցէներով «հայեր»-ու ՀԱՅՐԵՆԻՔը ո՞ւր է: Ի՞նչ է անոր անունը:

            Բնակութեան վայրը կը շփոթուի՞Հայրենիքի հետ, ե՞րբ այդ շփոթը վերջ կը գտնէ:

            Անշրջանցելի իրականութիւն է պատմութեան խառնարանէն պրծած «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը», որ, արձանագրութիւններու վկայութեամբ, հայոց հայրենիք Հայաստանի մէկ բեկորն է միայն: Ըսուեցաւ՝ՀՈՂԱԿՏՈՐ:  Ան կը շփոթուի՞ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի բնավայր ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ՀԱՅԱՍՏԱՆի հետ: Մասը եւ մասնիկը ամբողջը կը փոխարինե՞ն: Ի՞նչ բարոյական, հոգեբանական, իրաւական, պարտքի, կենսականի եւ կենցաղի, ազգ ըլլալու  ինքնահաստատման խարիսխներ կան բիրտ ուժով հայրենազրկուած եւ կամաւոր «գաղթականութիւններ»ուն համար:          

            Ազգ,  Հայ, Հայրենիք, Հայաստան, Պետութիւն, Սփիւռք, լեզու, մշակոյթ, իրաւունք եւ ինքնուրոյնութեան, գոյութենական բազմաբնոյթ խդիրներ, որոնց մասին կը խօսինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք անոնք մեզի չեն վերաբերիր:

            Կը գրենք, կը վիճինք, ուղղութիւններ կը ճշդենք, միշտ խորհելով, որ տարբեր հորիզոնականներու եւ զուգահեռականներու, տակ տեւաբար տարտղնուող, տարբեր  քաղաքական-գաղափարախօսական ըմբռնումներու եւ կենցաղներու «հայութիւններ»ը ՄԷ՞Կ են, ինչպէ՞ս ՆՈՅՆ ԱԶԳ Են, ՄԷԿ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՆ:  

            Կ’ունենա՞նք հոսանքին դէմ գացող ՄԷԿՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԵՂԾՈՂ ԸՆՏՐԱՆԻ: Խորագրով նշուած ՀԱՐՑի մասին ըսուածներէն անկարելի դարձած է  նոյն բաները հասկնալ: Եւ արդէն նոյն ձեւով եւ նոյն հիմնական ըմբռնումներով չենք գործեր:

            Ընտրանիները այսքան ճշմարտութիւն պարտք են ըսել ԱՄԷՆ ՏԵՂԻ ՀԱՅԵՐՈՒ եւ զանոնք հայրենատէր դարձնել:

            Ազգ եւ հայրենիք եզակիներու անկապ մէկտեղում չէ: Երբ չկայ գաղափարական զօդող կապը, կը մնան  բացառութիւնները, որոնք վաղ թէ ուշ կը հարթուին: Ազգը, հայրենիքը որպէս  տարածք եւ ժողովուրդը մէկութիւն կ’ենթադրեն :Առանց մէկութեան եւ անոր տեւաբար եւ ամենուրեք կաոռւցման, ազգ, հայրենիք, ժողովուրդ, ինքնութիւն, կ’ըլլան գրական դատարկաբանութիւն, հէքիաթ եւ յուշ, «կազէթ»ի մրոտուած էջ:

            Շաւարշ Նարդունի յաճախ կրկնած է ֆրանսական այն ողջմտութիւնը, որ անվարա՛ն,  «կատուին կատու պէտք է ըսել»: Ի՞նչ կը կորսնցնենք, եթէ մենք ալ այդպէս ընենք եւ զիրար լսենք: Լսենք, ճշմարտութիւնը առանց սեփական կալուած համարելու:  Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը, ի մտի ունենալով այն պարզ իմաստութիւնը, որ «վաղը միշտ ուշ է» եւ չհրաժարիլ առաքինի քննադատութենէ, խորհելով եւ առաջնորդուելով այն ողջախոհութեամբ, որ խօսակից եւ ընդդիմախօս նաեւ կրնան ճիշդ ըլլալ:

 

Comments are closed.