Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը սիրով կ‘ընդունի փոխ տնօրէնութեան պաշտօնի դիմումնագրեր:
Փոխ Տնօրէնին Պարտականութիւնները.
– Կը հսկէ եւ կ՚օժանդակէ ուսուցիչներուն առօրեայ աշխատանքներուն (գործադրել կարգապահական օրէնքները եւ կանոնները, ճշդել ներկայ-բացակայութիւնը, արտադասարանային աշխատանքները) եւ կը թելադրէ անհրաժեշտ բարելաւումներ:
– Կը պատրաստէ եւ կը գործադրէ ուսուցիչներու դադարի եւ ճաշապահերուն հսկողութեան ժամանակացոյցը:
– Գործակցաբար Տնօրէնին՝ կը կազմակերպէ եւ կը վարէ ուսուցիչներու հետ պարբերական ժողովներ՝ ճշդելու եւ լուծելու կարգապահական հարցեր՝ անհատական փոխ-յարաբերութիւններ եւ այլ աշակերտական հարցեր:
– Կը կազմակերպէ եւ կը հսկէ արտադասարանային աշխատանքներուն կամ մասնաւոր ձեռնարկներուն, որոնք ծրագրուած կամ արտօնուած են Տնօրէնին կողմէ, աշխատակցութեամբ ուսուցիչներուն եւ այլ մասնագէտներուն:
– Փոխ Տնօրէնը կը ստուգէ աշակերտներուն եւ անձնակազմին բացակայութեան պատճառները եւ կը ճշդէ անհրաժեշտ լուծումներ:
Թեկնածուն պէտք է՝
Հաճեցէք ձեր ինքնակենսագրականները (Resume) ուղարկել՝ jobs@arsdayschool.ca հասցէին մինչեւ 31 յուլիս 2017:
Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ փառատօն
Ելոյթ կ՛ունենան Արմենչիկ, Գօգօ Ասայեան, Անթիք, Ժոէլ, Համազգայինի Անի Պարախումբ…
Յունիս 23-24-25
2865 Boulevard Souvenir
Laval
www.festivalarmeniendelaval.com
Ուրբաթ 7, Շաբաթ 8 եւ Կիրակի 9 Յուլիս 2017
Մասնակցութեամբ՝
Ուբաթ՝ Արմէնչիկի եւ Յարութ Պետրոսեանի
Շաբաթ՝ Մարթին Մկրտչեանի, Ժոզէֆ Գրիգորեանի եւ Liquid Trio Band
Կիրակի՝ Սիրուշոյի, Ատիս Հարմանտեանի, Liquid Trio Band եւ Joelle- ի
Վայր՝ Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ
Մանրամասնութիւններ յաջորդիւ
Գանատայի աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման պետական բաժանմունքին կողմէ տրամադրուծ յատուկ ֆոնտով, «Հորիզոն» շաբաթաթերթը այս տարի կը նախաձեռնէ ուսանողական վարժողական ծրագիր։
Աշխատանքի մանրամասնութիւններ
– «Հորիզոն»ի ամէնօրեայ խմբագրական աշխատանքներու ծիրէն ներս թարգմանութիւններ կատարել, անգլերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
– Գաղութային ձեռնարկներու թղթակցութիւններ կատարել։
– Հարցախոյզներ կազմակերպել։
– «Հորիզոն»ի վարչական աշխատանքներուն օգնել ։
– Բաժանորդագրութիւններու գործընթացը հետապնդել։
– Արխիւներ դասաւորել ։
Պայմաններ
– Թեկնածուն 15-30 տարեկան երկրորդական վարժարանի, Cegep-ի կամ համալսարանի ուսանող պէտք է ըլլայ։
– Պէտք է լիաժամ ուսանող ըլլայ, որ վարժողական ծրագրէն ետք վերստին իր ուսումը պիտի շարունակէ։
– Պէտք է Գանատայի քաղաքացի, մնայուն բնակիչ, կամ Immigration and Refugee Protection Act-ի օրէնքներով սահմանուած ապաստանեալ (Refugee) ըլլայ։
– Պէտք է աշխատելու իրաւունք ունենայ։
Աշխատանքի տեւողութիւն եւ վարձատրութիւն
– Վարժողական այս ծրագրի դիմումները կը սկսին Ապրիլ 25-ին։ Ծրագիրը կը սկսի Յունիս 19-ին եւ կ՚աւարտի Յուլիս 28-ին։
– Ծրագրի տեւողութիւնն է 6 շաբաթ, շաբաթական 30 ժամ աշխատանքային ժամով եւ 11.25 տոլար ժամական վարձատրութեամբ։
Ձեր դիմումնագրերը ուղարկեցէք «Հորիզոն»ի հասցէին մինչեւ Յունիս 8
3401 Olivar-Asselin, Montreal, Quebec, Canada H4J 1L5
Կամ ե–նամակով ուղարկել «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեանի հասցէին՝ sylva@horizonweekly.ca
ՀՅԴ ԳԵՄ «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը կը կազմակերպէ Պարահանդէս
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 99րդ ամեակին առթիւ
Շաբաթ, 27 Մայիս 2017
Երեկոյեան ժամը 7։30-ին
Հայ կեդրոնէն ներս
Երեկոն կը խանդավառէ Թորոնթոյէն՝ DJ Քրիս Արապեան
Աղանդերներ ներառեալ
Մուտքի նուէր՝ $25
Հասոյթէն 5% շահը պիտի յատկացուի Արցախի Ազատամարտիկներու ֆոնտին
Հեռաձայնել Փալիկ Քէօշկերեանին 778 898-0476
Մէրի Էստեփանեանին 778 552-4650
ԼԱՒԱԼ
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ 5րդ GOLF-ի մրցաշարք
Հինգշաբթի, 15 Յունիս 2017
CLUB DE GOLF STE-ROSE
1400 Boulevard Mattawa, Laval, QC H7P 4M2
Այս ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի
Fondation Centre de Cancerologie Charles Bruneau
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ
Services et activités communautaires Mantagouni
Հեռաձայնել Մոսիկ Թոփուզեանին 450 688-6795 թիւին կամ գրել՝
mosig@sourpkevork.ca
Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնի կազմակերպութեամբ
Տեղի կ՚ունենայ
Ուրբաթ 21 Ապրիլ 21-ին
Երեկոյեան ժամը 7։30-ին
Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Լաւալի յուշարձանին առջեւ
՚corner of Autorout 440E & Boul Daniel Johnson
Օրուան Պատգամաբեր
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ
Մուրատ Փափազեան
Subscribe to our newsletter