Սիրուշոն Միջազգային Մրցանակի Արժանացած է (տեսանիւթ
February 11, 2019Հայկական էսդրատայի ինքնատիպ երգչուհիներէն Սիրուշոն, արժանացած է մրցանակի՝ Տուպայի մէջ կայացած DIAFA միջազգային մրցանակաբաշխութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ Երգչուհին, Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Միջին Արեւելքի հեղինակաւոր DIAFA մրցանակը կը յանձնուի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ տարբեր ոլորտներու մէջ ձեռքբերումներու հասած մասնագէտներու՝ սկսեալ բժշկութենէն ...