Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ հանդիպման ընթացքին երեսփոխան Մարք Տալթոն դատապարտեց ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը
September 29, 202029 Սեպտեմբերի Առաւօտեան ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի անդամ Վահէ Անտոնեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Մարք Տալթոնի հետ, որուն հետ արծարծեց Արցախի Վրայ թուրք-ատրպէտճանական յարձակումը։ Մէյփըլ Ռիճ ընտրատարածքի Պահպանողական երեսփոխան Մարք Տալթոն դատապարտեց ատրպէյճանական յարձակողապաշտ վարքագիծը եւ խոստացաւ ...