Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու Պատմութիան Ժամի նիւթը Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու կատուն» էր
- (0)

Ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու Պատմութիան Ժամի այս տարեշրջանի երրորդ հանդիպումը, «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» կեդրոնէն ներս:
Այս ամիս Ասօ Մախուլեանի եւ Թամար Փանոսեանի ընկերակցութեամբ, ներկայացուցինք մեր յայտնի գրագէտներէն Յովհաննէս Թումանեանի «Շունն ու կատուն» չափածոյ հեքիաթը՝ երեխաներուն ծանօթացնելով հայ գրականութեան սիրուած երկերէն մէկուն: Ներկայացնողները իրենց ստեղծագործ մօտեցումով եւ տարած աշխատանքին շնորհիւ, անմիջապէս յաջողեցան փոքրիկներուն ուշադրութիւնը գրաւել։ Անոնք պուպրիկներու (marionnette) եւ սահիկներու միջոցաւ՝ պատմութեան ժամը կենդանացուցին:
Պատմութեան ընթերցումէն ետք, երեխաները բախտաւորութիւնը ունեցան ունկնդրելու Կոմիտասի «Քելէ-քելէ» եւ «Լօրիկ» երգերը։ Ասօն եւ Թամարը, երգելով եւ կիթառ նուագելով, հիացուցին փոքրիկները իրենց երաժշտական տաղանդով։
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ ձեռային աշխատանքով։ «Շունն ու կատուն» պատմութեան նիւթը ներշնչման աղբիւր ունենալով, իւրաքանչիւր փոքրիկ պատրաստեց եւ իր ճաշակով զարդարեց թուղթէ գդակ մը։
Այս ամսական հաւաքոյթները բացառիկ առիթներ են մեր գաղութի երեխաներուն համար, ծանօթանալու հայկական մշակոյթին եւ հարստութեան:
Այսպիսով, Փոքրերու Պատմութեան Ժամի յանձնախումբը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք ամիսէ ամիս իրենց աջակցութեամբ կը քաջալերեն մեր նախաձեռնութիւնը։ Կը յուսանք, որ յառաջիկայ ձեռնարկին դարձեալ ներկայ կը գտնուիք՝ միասին շարունակելու այս հաճելի հանդիպումները։
Միացէք մեզի մեր յաջորդ հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ 18 դեկտեմբերին, ժամը 6:00ին։
ՆԷՕՄԻ ՄԱՆՈՒԿ
ՓՊԺ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ