ՀՕՄ-ի «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրով բնակարաններ կը յատկացուին Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու
Յունիս 14, 2024ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը կը նպատակադրէ օգնութեան եւ օժանդակութեան ձեռք երկարել մասնաւորաբար Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու՝ անոնց բնակարաններ յատկացնելով, Հայաստանի գիւղական շրջաններու մէջ։ «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը շարունակական է։ Անոր առաջին հանգրուանին ընթացքին հինգ երկյարկանի բնակարաններ պիտի նորոգուին եւ տրամադրուին արցախահայ ...